ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ո՞վ Է Դաշնակցականը. Դաշնակցականը Եւ Հայրենիքի Տարածքը

13 Օգոստոս 2018

Նախ, պատմական արագ ակնարկ մը։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան ու հայ ժողովուրդի քաղաքական-ռազմագիտական միտքի հսկաներէն Ռուբէն Տէր Մինասեան տեղ մը կը հաստատէ. «Դաշնակցականին երբ Հայաստան ըսես, ան կը տկարանայ»։
Ապացոյցի պէտք չկայ հաստատելու համար, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հիմնուեցաւ հայրենիքին, Հայաստանի համար։ Այդ օրերուն (1890), հայրենիք հասկացութիւնը պետական-քաղաքական սահմանում չունէր, այլ՝ զուտ աշխարհագրական-պատմական։ Դեռ աւելի՛ն, սկզբնական տարիներուն (մինչեւ 1907), դաշնակցականին համար «հայրենիքը», «երկիրը» Հայաստան աշխարհի այն մասն էր, որ կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, օսմանեան բռնատիրութեան տակ։ Եւ ուրեմն, օրակարգի հիմնական խնդիրը «թուրքաց Հայաստանը», կամ «Տաճկահայաստանը» զինեալ յեղափոխութեամբ ազատագրելու առաջադրանքն էր, «ապագայ ազատ Հայաստան»ը ստեղծելու համար։

ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ

1894ին լոյս տեսած մեր առաջին Ծրագիրը եւ անոր նախորդող Մանիֆեստը այս քաղաքական առաջադրանքը ունէին՝ նշեալ բառապաշարով։ Հոն, բնականաբար, քաղաքական բանաձեւումի իմաստով, աղօտ էին «թուրքաց Հայաստան», «Տաճկահայաստան» եւ «ապագայ ազատ Հայաստան» բնորոշումները։ Այս բառապաշարային պատկերացումները բնականաբար չունէին միջազգային օրէնսդրութեան յատկանիշները, սակայն Դաշնակցութեան ու դաշնակցականին համար մէկ բան շատ յստակ էր, որ Հայաստանը (ինչ որ են անոր քաղաքական սահմանները) կը գտնուի օտար լուծի տակ, հայութիւնը կը հալածուի, կը հարստահարուի նոյն այդ օսմանեան լուծին տակ եւ անհրաժեշտ է զէնքի ուժով ազատագրել հայն ու իր հայրենիքը ու ստեղծել «ապագայ ազատ Հայաստանը»։ Ա՛յս էր նորակազմ Դաշնակցութեան յարած հայ մարդուն մտակառոյցը. Կռուիլ եւ եթէ հարկ է՝ մեռնիլ ի խնդիր Երկիրի ազատագրումին։ Իսկ «Երկիր»ը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ միայն ու միայն «թուրքաց Հայաստանը» (Մանիֆեստին եւ առաջին Ծրագիրի բնորոշումով)։

Իսկ այս ազատագրական պայքարին գաղափարական հիմքը ընկերվարութիւնն էր, որ կ՛առաջադրէր ստեղծել ազատ, անկախ ու գերիշխան պետութիւններու խաղաղ գոյակցութիւն մը, ձգտիլ ստեղծելու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու՝ համահաւասարութեամբ յատկանշուող հասարակարգ մը, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի սկզբունքին վրայ։ Կացութաձեւ մը, ուր թէ՛ միջ-պետական եւ թէ՛ ներազգային հարթութիւններու վրայ գոյութիւն չունենան իշխողներ եւ իշխուողներ, շահագործողներ եւ շահագործուողներ։ Տարբեր խօսքով, ընկերային այնպիսի համակարգ մը, որ յատկանշուի ընկերային ու տնտեսական ազատութիւններով, ուր քաղաքացին վայելէ այն ազատութիւնը, որ թթուածինի նման անհրաժեշտ է ստեղծագործելու, աշխատելու իր բնական ձգտումին համար. ազատ համակարգ մը, որ երաշխաւորէ նոյն այդ ազատ քաղաքացիին՝ վայելելու իր արդար քրտինքին վաստակը, արդիւնքը։

Կասկած չկայ, որ «Հայաստան» հասկացութիւնը դաշնակցական քաղաքական միտքին համար ամբողջակա՛ն Հայաստանն էր, նոյնիսկ երբ այդ «ամբողջական»ին աշխարհագրական սահմանները տակաւին չէին յստակացուած մեր առաջին Ծրագիրով։ Ապացոյցը այն է, որ երբ Քրիստափոր Միքայէլեան կ՛առաջադրէր պատռել այն բոլոր քարտէսները որոնք գծուած էին այս կամ այն բռնատէրին կողմէ, իր մտքին մէջ չկար միայն Համիտ Բ.ը՝ բնականաբար։ Քրիստափորի գրիչով բանաձեւուած դաշնակցական քաղաքական միտքին համար, կայ մէկ Հայաստան, որ պիտի ծնի բռնապետերու կողմէ մեզի պարտադրուած իրավիճակին դէմ ըմբոստացումով, յեղափոխութեամբ։

1905ին Կովկասի մէջ ծայր առած ծանրակշիռ դէպքերը նոր իրադրութիւն ստեղծեցին Դաշնակցութեան համար, թէ՛գաղափարական եւ թէ՛ քաղաքական իմաստներով։ Արդարեւ հայ-թաթարական կռիւները, ինչպէս նաեւ հայ աշխատաւորութեան իրաւունքներու հետապնդումի խնդիրները օրակարգի նոր կէտեր աւելցուցին մեզի համար։

Դաշնակցութիւնը, մեկնելով կեանքի այս նոր պարտադրանքներէն, թէ՛ լծուեցաւ հայութիւնը ֆիզիքապէս պաշտպանելու գործին եւ թէ՛ Կովկասի ճարտարուեստական կեդրոններուն մէջ հայ աշխատաւորութեան շահերու պաշտպանութեան։

1907ին գումարուած Հ.Յ.Դ. չորրորդ Ընդհանուր ժողովը, գաղափարական իմաստով (վերամշակուած Ծրագիրին ընդմէջէն), արձանագրեց ու բանաձեւեց երկու կարեւոր նուաճումներ։ Առաջինը այն էր, որ Դաշնակցութիւնը ԲՈՎԱՆԴԱԿ հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանն է, եւ ոչ թէ միայն Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս հալածուող հատուածին։ Երկրորդ, ընկերվարութիւնը կը մնայ մարդկութեան բարօր ու համերաշխ ապագան երաշխաւորող միակ գաղափարախօսութիւնը։ Ծրագիրը կը հաստատէր, թէ ընկերվարութեան իրագործումը չի պահանջեր «ազգերու ի սպառ ձուլումը», այլ՝ կ՛առաջադրէ պահպանել իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւնները եւ ազգերու համերաշխ գոյակցութեամբ ապահովել մարդկութեան բարօր ապագան։

Հետեւաբար, դաշնակցական մարդուն հոգեկերտուածքին մէջ ստեղծուեցաւ նոր շերտաւորում մը, որ իրականութեան մէջ հարստացուց նոյն այդ կերպարը։ Այսինքն, դաշնակցականը այն մարդն է, որ կը պաշտպանէ հայութեան շահերը, ինչ բնոյթ որ ունենան ատոնք (ընկերային-տնտեսական, թէ ֆիզիքական-ապահովական ու քաղաքական) եւ աշխարհագրականօրէն ուր որ ալ ըլլան հայն ու հայութիւնը։ Առաւել, դաշնակցականին համար այլեւս չկայ կովկասահայ, կամ թրքահայ։ Կայ միայն ու միայն հայը։

Սա պատմական նուաճում պէտք է համարել ոչ միայն դաշնակցական մարդուն, այլեւ 20րդ դարասկիզբի ամբողջ կոտորակուած հայութեան համար։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ

Ցարդ, ուրեմն, դաշնակցականի մտապատկերին մէջ զարգացում-անցում եղաւ՝ միայն «թուրքաց Հայաստան»աբնակ հայէն դէպի համայն հայութիւն։ Սակայն տակաւին կը պակսէր շատ կարեւոր բաղադրիչ մը՝ սեփական պետականութիւնը։

Այդ պետականութիւնը ստեղծուեցաւ ինչպէս գիտենք (ու գիտենք նաեւ ինչ պայմաններու տակ) 1918ին։

Անկախութեան հռչակման առաջին տարեդարձին, կառավարութիւնը Հայաստանը հռչակեց, Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ։ Սա թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ գաղափարական նուաճում մըն էր, որ ոչ միայն համահունչ էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքներուն, այլեւ կարելի է ըսել, բխած էր նոյն այդ ակունքներէն։ Այն հիմնաւորումով, որ 1918ի հանրապետութեան մէջ, առանցքային դերակատարութիւն ունէր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ու բնական պիտի ըլլար ակնկալել, որ ան իր գաղափարական եւ միաժամանակ քաղաքական մտածողութեան կնիքը դնէր նորաստեղծ իրականութեան մէջ, առանց սակայն նեղ-կուսակցական պրիսմակի։

Նոյն տարին գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր ժողովը կուսակցութեան Ծրագիրին մէջ որդեգրեց Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի գաղափարը, իբրեւ քաղաքական առաջադրանք, բան մը, որ ցարդ կը մնայ անփոփոխ մինչեւ այսօր։

Այս եւս պատմական զարգացում մըն էր ոչ միայն Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծրագիրի հոլովոյթին, այլեւ դաշնակցական մարդու մտածելակերպին ու հոգեբանութեան մէջ։ Դաշնակցական մարդը Հայաստանը կ՛ընկալէր միացեալ. այլեւս չկայ Արեւելահայաստան-Արեւմտահայաստան, կայ մէկ ու միակ Հայաստան՝ աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերումով բաժան-բաժան եղած Հայաստանի միացումով։ Իրականութիւն դարձած էր Քրիստափորի դիտարկումը եւ հայութիւնը, անոր իսկ բնորոշումով, «պատռած էր» բռնապետերու կողմէ գծուած արուեստական սահմանները ու գծած ի՛րը։ Արդարութիւնը վերականգնած էր։

Ստեղծուած էր նոր իրականութիւն մը, ուր այլեւս դաշնակցական մարդուն յանձնառութիւնը ունէր աւելի՛ յստակ ու շօշափելի թիրախ եւ ուղղութիւն, որ այլեւս միացեալ հռչակուած հայրենիքն էր։
Յաջորդ տարի, 1920ի Օգոստոս 10ին, Սեւրը, ապա Ուիլսընի իրաւարար վճիռը միջազգային օրէնքի ուժ տուին Միացեալ Հայաստանի գաղափարին, որ մաս կազմեց հանրապետութեան հիմնադրութեամբ հարստացած հայկական արժէքային համակարգին։

ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ

Հայաստանի խորհրդայնացումը, որուն ընկերացաւ Հայաստանի սահմաններու կտրատումը, դաշնակցական մարդու միտքին մէջ ոչ միայն չտկարացուց Միացեալի գաղափարը, այլեւ տասնամեակնեով հանդիսացաւ այն հիմնական մղիչ ուժը, իտէալը, որուն վրայ խարսխուեցաւ Սփիւռքի կազմակերպումը Հ.Յ.Դ. 10րդ Ընդհանուր ժողովէն վերջ։

«Սփիւռքահայ» դարձած էին թէ՛ Դաշնակցութիւնը եւ թէ՛ դաշնակցական մարդը ընդհանրապէս (*)։ Ու այս պայմաններուն մէջ, տասնամեակներով, դաշնակցական մարդը դաստիարակուեցաւ վերոնշեալ արժէքային համակարգին տիրութիւն ընելու յանձնառութեամբ։ Ան տիրութիւն ըրաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական արժէքներուն, պատմութեան, սխրանքներուն, ու մեկնելով ասոնցմէ՝ տիրութիւն ըրաւ Հանրապետութեան հիմնադրութեամբ հաստատուած արժէքներուն՝ եռագոյն դրօշ, զինանշան, օրհներգ, ու մանաւանդ՝ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի գաղափար։

Այս արժէքային համակարգը մաս կազմեց դաշնակցական մարդու հոգեբանութեան, մտածելակերպին ու աշխարհահայեացքին ու այդ ձեւով ալ՝ մղիչ ուժը հանդիսացաւ սփիւռք դարձած հայ մարդու տոկունութեան, ուծացումի նկատմամբ անոր ցուցաբերած դիմադրական կարողութեան։

Ահաւասիկ ա՛յս կերպարն էր, որ երբ դէմ յանդիման գտնուեցաւ 1988ի Փետրուարին ստեղծուած արցախեան նոր իրականութեան, անմիջապէս տրամաբանեց, որ հայրենիքի հողը ոչ թէ բաղձանքներով կամ «ռուսաց թագաւորին» յղուելիք նամակով կ՛ազատագրուի, այլ՝ անձնազոհութեամբ, ի հարկին՝ արիւնով։

Այս կերպար-մտածողութիւնը պարարտ հող գտաւ հայրենի իրականութենէն ներս, «վարակեց» շատ շատեր, որոնք մեկնեցան ազատագրելու պատմականօրէն Հայաստանին մաս կազմած, սակայն նոյն բռնատէրերուն կողմէ կամայականօրէն ճշդուած սահմաններէն անդին։ Նոյ այդ սերունդը իր բաժինը բերաւ արուեստական սահմանները պատռելու արիւնալի գործընթացին։ Մնացածը գիտենք արդէն։ Արցախի մեծ մասը այսօր ազատագրուած է ու գործնականօրէն մաս կը կազմէ Երկրին։

1920-21 տարիներուն տարածաշրջանին մէջ արձանագրուած եւ հայ ժողովուրդին ի վնաս ընթացած աշխարհաքաղաքական զարգացումները սրբագրելու պահն էր ասիկա, որ իրականութեան մէջ, Սեւրով եւ Ուիլսընի սահմանագծումով Միացեալ Հայաստան կերտելու ճամբուն վրայ հիմնական, շօշափելի, տեսանելի քայլ է։ Այս իրականութիւնը այսօր մաս կը կազմէ դաշնակցական մարդուն ներքի էութեան, անոր գաղափարական ներաշխարհին։ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը, Արցախի ազատագրումով, դաշնակցական մարդուն համար, տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, դուրս եկած է իր զուտ գաղափարական տարածքէն ու վերածուած է ապրող ու շօշափելի իրականութեան։

Հայաստանի տարածքին, անոր հողային ամբողջականութեան նկատմամբ դաշնակցականին «տկարութիւն»ը նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ հարուածներ ստանայ ան, ու ինք ակռաները սեղմած, հանդուրժէ այդ հարուածներուն՝ միայն թէ խնդրոյ առարկայ չդառնայ ՀՈՂԸ։ Այսպէս, Արցախի ազատագրական պայքարի բուռն ժամանակաշրջանին, դաշնակցական մարդը «կուլ տուաւ» ՀՀ օրուան նախագահին կողմէ Ընդհանուր ժողովը խափանելու, Բիւրոյի ներկայացուցիչը Հայաստանէն արտաքսելու այլանդակութիւնը (Յունիս, 1992), միայն թէ չտուժէ հայրենի հողը ազատագրելու այն պայքարը, որ իրեն, դաշնակցական մարդուն համար մտասեւեռում, կեանքի նպատակ դարձած էր։

Տարբեր խօսքով, մեր գաղափարական ներաշխարհին մէջ, Երկիրը թէ՛ մեր ուժի ու կամքի աղբիւրն է, եւ թէ՛ միաժամանակ՝ մեր Աքիլլեսի կրունկը՝ մեր հակառակորդներուն կողմէ դիտուած։
Դաշնակցական մարդը կը մնայ տէրը այն յանձնառութեան, որուն նպատակն է հայրենիքի տարածքը ամբողջական տեսնել։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Լոս Անճելըս,
Օգոստոս 2018

– – – – – – – – –

(*) Քիչերուն յայտնի է, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն եւ Փետրուարեան ապստամբութենէն վերջ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը շարունակեց իր կազմակերպական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ՝ հասկնալիօրէն ընդյատակեայ պայմաններու մէջ։ Մինչեւ որ Բիւրոն, 30 ականներու սկիզբները, լուծեց Հ.Յ.Դ. հայաստանեան կազմակերպութիւնը։

«ԴՐՕՇԱԿ»

-Ո՞վ Է Դաշնակցականը (Վերահարստացման Փորձ)

-Ո՞վ Է Դաշնակցականը-Արտաշէս Շահբազյան

 

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Քննարկում՝ Հայ Սփիւռքի Ազգակերտումի Կա

Հինգշաբթի, 12 Մարտի երեկոյեան, Կլենտէյլի Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան Երիտաս

17 Մարտ 2026
Ակնարկ. Խարք Կղզիէն Մինչեւ Լիթանի Գետ

Միջինարեւելեան տարածաշրջանային պատերազմի բուն հանգոյցները սկսած են հետզհետէ աւ

17 Մարտ 2026
Հայաստանին անհրաժեշտ է մարտունակ բանակ

ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոբերտ Քոչարյանի ելո

16 Մարտ 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» դաշինքի հանդիս

Այսօր մարտի 16-ին,Կարեն Դեմիրճյանի անվան մարզահամերգային համալիրում տեղի ունեց

16 Մարտ 2026
Թույլ չե՛նք տալու նախընտրական աճուրդի

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Աննա Գրիգորյանի ելույթը «Հայաստան» դաշին

16 Մարտ 2026
«Հայաստան» դաշինքի տնտեսական քաղաքական

Կարեն Դեմիրճյանի անվան մարզահամերգային համալիրում ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակց

16 Մարտ 2026
Միասին կարո՛ղ ենք պատմության ընթացքը բ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Քր

16 Մարտ 2026
Սա գոյաբանական պայքար է և այս պայքարո

«Առաջ» կուսակցության ղեկավար Սևակ Խաչատրյանի ելույթը՝ «Հայաստան» դաշինքի հանդի

16 Մարտ 2026
Այսօր ավելի ամուր ենք ու պատրաստ նոր պ

Անցնող ժամանակը մեզ համար չի եղել պարզապես քաղաքականությամբ զբաղվելու կամ պատգ

16 Մարտ 2026
Լիբանանում իրավիճակը շարունակում է մնա

Լիբանանում շատ ծանր և անորոշ վիճակ է, դեռևս ելքը չի երևում։ Հակառակ նրան, որ Բ

16 Մարտ 2026
Ո՛չ մի իշխանություն չի կարող կասեցնել

«Այս օրերին հստակ չէ, թե որտեղ է ավարտվում Ադրբեջանի իշխող վարչակարգի քաղաքակա

16 Մարտ 2026
Արցախի մշակութային ժառանգության ոչնչաց

Լեռնային Ղարաբաղում մշակութային ժառանգության ոչնչացման վերաբերյալ զեկույցը ներ

16 Մարտ 2026
«Հայաստան» դաշինքը հայտարարում է առաջի

Այսօր՝ մարտի 16-ին, ժամը 19:00-ին, Կարեն Դեմիրճյանի անվան մարզահամերգային համա

16 Մարտ 2026
Հիշատակի միջոցառում՝ նվիրված «Նեմեսիս»

ՀՅԴ ՀԵՄ և ՀՅԴ Աջափնյակի կոմիտեի նախաձեռնությամբ այսօր՝ մարտի 15-ին Աջափնյակ հա

15 Մարտ 2026
Վերյիշելով Սողոմոն Թեհլիրեանը

Անգամ մը եւս շեշտենք, ի լուր բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը փորձեն «Նեմ

15 Մարտ 2026
Փաշինյանի հայտարարությունները վտանգում

Այսօրվա իշխանությունը, վարչապետի գլխավորությամբ, գտնում է, որ Արցախ բառն օգտագ

14 Մարտ 2026
Ադրբեջանն ու Թուրքիան միլիոններ են վճա

Լոնդոնում տեղակայված «Apollo Strategic Communications» կազմակերպությունը 2026թ

14 Մարտ 2026
Ակնարկ. «Մօտալուտ»-ի Տեսութիւնը

«Մօտալուտ»-ի տեսութիւնը որոշ վերլուծումներու կ՛առաջնորդէ: Ուաշինկթընի հաշուարկ

14 Մարտ 2026
Բարդ իրավիճակ է, և հանգուցալուծման որև

Իսրայելը հարված է հասցրել Բեյրութի հյուսիսային ծայրամասում գտնվող Նաբաա շրջանի

13 Մարտ 2026
ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի ավելի քան

Նամակով կոչ է արվում ընդլայնել ԱՄՆ-Հայաստան անվտանգային համագործակցությունը, հ

13 Մարտ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company