ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Ելույթներ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը Արցախի ներկայ ճգնաժամային իրավիճակին մասին

16 Օգոստոս 2023

«Արցախի փրկութիւնը՝ համահայկական առաջնահերթութիւն» *
— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —

Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան։ Շրջափակումի են­թարկուած Արցախէն ներս մեր ազգին զաւակները սովամահ ըլլալու անմիջական վտանգին ենթակայ են։ Մեր ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեան, կ՚ուզենք բարձ­րագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ անդրադառնալ համայն մեր ազգը յուզող ու տագնապեցնող Արցախի հարցին, Հայրապետական Մեր պատգամը ուղղելով հինգ հասցէներու.-

Մեր Առաջին պատգամը ուղղուած է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ։ Կʼանդրադառնա՞յ արդեօք, թէ իր որդեգրած մօտեցումները Արցախը կրնան ջնջել հայ կեանքի քարտէսէն, ցեղասպանութեան մատնել 120 հազար հայորդիները, միաժամանակ վտան­գելով նաեւ Հայաստանի ապագան։ Ինչպէ՞ս կարելի է Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու խոստումներ կատարել, առանց ապահովելու իր անվտանգութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը երաշխաւորող Արցախի ինքնորոշման արդար իրաւունքը։ Ինչպէ՞ս կարելի է շրջանէն ներս, այսպէս կոչուած, ամբողջական խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր պատրաստ ըլլալ յանձնառութիւններ կատարելու, երբ նման մօտեցում կրնայ վտանգել ո՛չ միայն Արցախին, այլ նաեւ Հայաստանի ամբողջականութիւնը, եւ նոյնիսկ՝ գոյու­թիւնը։ Հայաստանն ու Արցախը շրջապատող ներկայ վտան­գալից պայմաններուն մէջ, եւ աշխարհաքաղաքական նոր զարգա­ցումներու լոյսին տակ, առաջին, անհրաժեշտ է, որ Հայաս­տանը բարեկամութեան ու ենթակայութեան, իր շահե­րուն եւ ուրիշներու շահերուն սահմանները յստակօրէն զատորոշող դիրքորոշումներ որդեգրէ եւ աչալուրջ ըլլայ Հա­յաս­տանը վերածելու Արեւելքի եւ Արեւմուտքի լարուածու­թեան հարթա­կի, որուն հետեւանքները կրնան ծանր ըլլալ Հայաստանի համար։ Երկրորդ, Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին հարկ է, որ Հայաստանը դուրս գայ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակէն եւ սոսկ զիջումներ կա­տարելու կացու­թենէն։ Եւ աւելին, Հայաստանը պէտք է առ­կախէ բոլոր բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ, մինչեւ որ վերջ գտնէ Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ։ Հարկ է շարունակ յիշեցնել բոլորին, որ մար­դասիրական աղէտ ստեղծելով քաղաքական շահեր հետա­պնդելը համա­մարդկային ոճիր է, եւ՝ հակառակ՝ միջազգային օրէնքին։ Երրորդ, ճիշդ է, որ հարկ է խուսափիլ նոր պատե­րազմէն. սակայն, այս չի նշանակեր տեղի տալ Ազրպէյճանի տակաւ բազմացող պահանջներուն։ Անհրաժեշտ է որդեգրել ճկուն, բայց մարտունակ գործելաոճ, միշտ մեկնելով պատմականօ­րէն հաստատուած եւ միջազգային ճանաչում ստա­ցած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար կարգավիճակէն։ Այլ խօս­քով, պէտք է մերժել որեւէ մօտեցում, որ Արցախը կը նկատէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան անբաժան մասը։ Հետեւաբար, կ՚ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, թէ շրջափա­կումին կարելի փութով վերջ տալը եւ Արցախի ինքնորոշման կարգավիճակը առաւել շեշտաւորումով միջազ­գային հարթակ բերելը, պէտք է կիզակէտը դառնան Հայաս­տանի իշխանու­թեան արտաքին քաղաքականութեան։ Այս համահայկական հրամայականին լոյսին տակ եւ ներկայ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, որպէսզի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Մեր առաջարկն է, որ իշխանութեան, ընդդիմութեան ու Սփիւռքի ներկայացու­ցիչներէ բաղկացած քաղաքական ու դիւանագիտական հարուստ փորձառութիւն ունեցող մարմին մը, իր ետին ունենալով մեր ողջ ժողովուր­դին նեցուկն ու վստահութիւնը, ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնէ, մեր պատմութեան այս ճակատագրական շրջանին, վարելու Ազրպէյճանի հետ տարուող բանակցութիւնները, բնականա­բար՝ նոր ոճով ու նոր մօտեցումով։

Մեր երկրորդ պատգամը ուղղուած է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ։ Մեզի համար տարօրինակ է, Արցախի ժողովուրդին պարզած ներկայ ողբերգական կացութեան դիմաց Հայաստանի ժողովուրդին լռութիւնը, աւելի ճիշդ՝ անտարբերութիւնը։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ մեր երեխաները, սովամահ ըլլալու վիճակին մէջ կը գտնուին. դուք ի՞նչ կʼընէք. փողոց իջէք, ինչի՞ կը սպասէք. աշխարհը մեզ կը դիտէ. ժողովուրդին ձայնը գերիվեր է բոլոր տեսակի ձայներէն ու տեսակէտներէն։ Ձեր ժամանակը մի՛ վատնէք ապառողջ քննադատութիւններով, փոխադարձ մեղադրանք­ներով, բաց­ուած ճեղքերը աւելի խորացնելով։ Ոտքի ելէ՛ք, արդարութիւն պահանջեցէ՛ք աշխարհէն։ Հայաստանի մէջ կեանքը չի կրնար բնական ըլլալ, երբ անդին ծայրայեղօրէն անբնական է կեանքը Արցախի մէջ։ Մեր ազգին միասնա­կանութիւնը ու հաւաքա­կան վճռակամութիւնը ցոյց տուէք գործնապէս՝ ձեր դիմաց կանգնած արիւնարբու ազերիին։

Մեր երրորդ պատգամը ուղղուած է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ։
Երբ 1915-ին ծրագրուած կերպով Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս Ցեղասպանութիւն կը կատարուէր հայ ժողովուրդին դէմ, ըսինք ու միշտ պիտի ըսենք՝ ո՞ւր էր միջազգային համայնքը։ Ցեղասպանութեան վտանգին ենթակայ Արցախին դիմաց նո՛յնը կը կրկնենք այսօր. ո՞ւր է միջազ­գային համայնքը։ Ազրպէյճանը կը շարունակէ խախտել իր ստորագրած համաձայնագրին պայմանները, ու նոյնիսկ ազատօրէն մուտք կը գործէ Հայաստանի սահմաններէն ներս. ո՞ւր է միջազգային համայնքը։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, Եւրոպական Խորհուրդը, միջազգային իրաւական կառոյցները կը պահանջեն անյապաղ կերպով Արցախի շուտափոյթ ապաշրջա­փակումը. սակայն, Ազրպէյճան կը մնայ խուլ՝ անտեսելով միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքները։ Ազրպէյճանի անպատժելիութեան գինը փաստօրէն կը վճարեն Արցախն ու Հայաստանը։ Ճիշդ է, կարգ մը բարեկամ երկիրներ իրենց հա­մակրանքը ու զօրակցութիւնը յայտնեցին, ոմանք նոյնիսկ մարդասիրական օժանդակութիւն կատարեցին Արցախին։ Ջերմ շնորհակալութիւն բոլորին։ Սակայն հաց եւ դեղ ղրկելով Արցախ, ստեղծուած տագնապը չի լուծուիր. մարդասիրական ճիգերէն անդին, հրամայական է Արցախին անվտանգութիւնը ապահովել՝ ինքնորոշման իրա­ւունքը ճանչնալով։ Հետեւաբար, Մեր սպասումն է, որ յատ­կապէս մեծ պետութիւններ դիմեն գործնական քայլերու, առաջին հերթին ստիպելով Ազրպէյճանին, որ վերջ տայ Արցախի շրջափակումին եւ ապա քաղաքական բանակցու­թիւններու ճամբով ճանչնան Արցախի ինքնորոշումը՝ միջազ­գային հովանաւորութեան ներքեւ։

Մեր չորրորդ պատգամը ուղղուած է ՍՓԻՒՌՔԻՆ։
Սփիւռքը միշտ գործնապէս եղած է Արցախի կողքին՝ տնտեսական, բարեսիրական, քաղաքական ու քարոզչական հսկայ ներդրում կատարելով ի խնդիր Արցախի հզօրացման ու զարգացման։ Սփիւռքին կողմէ ցարդ կատարուած զօրակ­ցութիւնը անհրաժեշտ է, որ աւելի լայն ծաւալ ստանայ։ Արցախը կ՚ուղղուի դէպի կործանում։ Արցախը առանձին պէտք չէ ձգել։ Իւրաքանչիւր հայ եւ ողջ հայութիւնը նուիրական պարտաւորութիւն ունի Արցախին նկատմամբ։ Արցախի փրկութիւնը համահայկական առաջնահերթութիւն է։ Սփիւռքը, իր աշխատանքը ներդաշնակելով Արցախի իշխանութեան հետ, կոչուած է դիմելու այնպիսի ազդու միջոցներու, որոնք կարենան Արցախի ներքին ուժականութիւնը ամրապնդել եւ արտաքին աշխարհէն ներս Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման անյետաձգելի հրամայականը շեշտել։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, առաջին հերթին, Սփիւռքի մարդուժը ու ներուժը համախմբել. երկրորդ, աշխա­տանքային յստակ օրակարգ կազմել ու թիրախներ ճշդել. եւ երրորդ, տեղեկատուական մարզէն ներս ծրագրուած լայնա­ծաւալ քարոզչութիւն կատարել՝ արաբական, իսլամական, եւրոպական, ամերիկեան, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական շրջանակներէն ներս, համապատասխան մօտեցումներով եւ շեշտաւորումներով։

Հայրապետական մեր վերջին պատգամը ուղղուած է ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ։ Սիրելի Արցախի հայութիւն, Արցախը պարտուած չէ, յաղթական է Արցախը ու պիտի մնայ յաղթական՝ այնքան ատեն, որ ձեր կեանքը շաղախուած է ամուր հաւատքով, կռանուած՝ անխորտակելի կամքով ու թրծուած՝ պայծառ ապագայի տեսլականով։ Դուք առանձին չէք, Արցախի հայութիւն. ողջ հայութիւնը ձեզի հետ է. իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի, արցախցի է, բառին ամբողջական իմաստով։ Իր պատմութեան դաժան պայմաններուն մէջ գոյատեւած եւ իր հայրենի հողը նահատակներու արիւնով, սուրբերու աղօթքով, հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ եւ հայկական աւանդու­թիւն­ներով, ապրումներով ու արժէքներով սրբագործած Արցախը պիտի մնայ հայկական, ինչ ալ ըլլան զինք շրջա­պատող տագնապները։ Ժողովուրդ մը կը կորսուի պատմու­թեան փոշիին տակ, երբ կը նահանջէ տագնապներուն դիմաց, երբ կը կորսնցնէ իր վճռականութիւնը իր իրաւունքներուն նկատմամբ։ Արցախը, իր ժողովուրդով, իր իշխանութեամբ ու իր բանակով, փաստած է, թէ կը մնայ ամրօրէն կառչած իր արդար իրաւունքներուն։

Արցախի ժողովուրդը Խորհրդարանին ճամբով արտա­յայտած է իր հաւաքական կամքը՝ «ճանաչում յանուն փրկութեան»։ Արդար պահանջք մը, որ իրաւական հիմք ունի եւ կը համապատասխանէ պատմական իրողութեան ու միջազգային օրէնքին։ Սա պահուն, Մենք եւս Մեր ձայնը միացնելով Արցախի Խորհրդարանին, կը յայտարարենք, թէ «խորապէս համոզուած ենք, որ վերահաս ողբերգութիւնը կանխելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է՝ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՅԱՆՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ սկզբունքի հիման վրայ»։ Արցախին դիմաց այլ ճանապարհ չկայ։ Եկէ՛ք, ժողովուրդ հայոց, միասնաբար եւ արիաբար քալենք այս ճամբէն։

Բի՜ւր պատիւ ու յարգանք Արցախի մեր սիրելի ժողո­վուրդին։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ս. Աստուածածին Վանք
Պիքֆայայ, Լիբանան

12 Օգոստոս 2023

* Ներկայ գրութիւնը պատճէնն է Ս. Աստուածածին Վանքի «Ուխտի Օր»ուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատ­գա­մին, ուղղուած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ համախմբուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն. Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2023։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Շուշի. հաղթանակի և «պարտության» վկան

Շուշիի ազատագրումը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության հերոսական էջերից է։ Տասնա

09 Մայիս 2026
Խմբագրական. Եռատօնի Վերականգնումին Հեռ

Մայիսեան եռատօնը Արցախի վերջին պատերազմէն ետք վերաիմաստաւորուած է, բացասական ի

09 Մայիս 2026
«Հարատև պայքար» պատկերագրքի շնորհանդես

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

09 Մայիս 2026
Էջմիածնից մեկնարկեց «Հայաստան» դաշինքի

Այսօր՝ մայիսի 8-ին Էջմիածնից՝ հայության հոգևոր կենտրոնից մեկնարկեց «Հայաստան»

08 Մայիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը եւ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատ

08 Մայիս 2026
Ազգային սկզբունքային հարցերու գծով սփի

Տրուած ըլլալով, որ հարցազրոյցը կը զուգադիպէր Լիբանանի մամլոյ եւ մտաւորականներո

08 Մայիս 2026
Ակնարկ. Մրցահարթակի Չվերածուելու Համար

Վարագոյրը իջած է արդէն Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովներու եւ

08 Մայիս 2026
Նախաձեռնողականություն եւ կամք․ այն ամե

-Ռուբեն Վարդանյանի և Դավիթ Իշխանյանի դիմուները ՄԻՊ Ա․ Մանասյանի դաշտում են,

07 Մայիս 2026
Մաքրոնի Մաքառումները

«Ոչ ոք կրնայ բոլորին անունով ինքնագլուխ գործել, եւ ոչ ոք կրնայ ընդունիլ կանոնն

07 Մայիս 2026
Խորհրդաժողովը եկավ ցույց տալու, որ պայ

«Առավոտ»-ի զրուցակիցն է ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախագահ Գասպար Կարապե

06 Մայիս 2026
Չի կարելի ծաղրի առարկա դարձնել մի ամբո

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելույթը

06 Մայիս 2026
Այս դատը բացված է հայ ժողովրդի և հայոց

Դավիթ Իշխանյանը Բաքվի բանտից դիմել է ՀՀ ՄԻՊ-ին՝ միջնորդելու մեղադրական ակտի և

06 Մայիս 2026
ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի հայտա

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակը նկատի է ունենում Երևանում անցկացված ԵՄ-Հայա

06 Մայիս 2026
Ճիշտ չենք համարում, ընտրություններից

Մենք Ֆրանսիայում աշխատանքներ ենք տարել, քաջալերել ենք Ֆրանսիայի բոլոր կառավարո

06 Մայիս 2026
Վեհաժողով, Գագաթնաժողով Եւ Պետական Այց

Եւրոպական քաղաքական համայնքը միջազգային կազմակերպութիւն մը չէ. ան Եւրոպայի եւ

06 Մայիս 2026
Թուրք հետաքննող լրագրողը բացահայտում է

Շվեդիայի Ստոկհոլմ քաղաքում բնակվող այլախոհ թուրք հետաքննող լրագրող Աբդուլլահ Բ

06 Մայիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Եւրոպակա

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտ

05 Մայիս 2026
Հայ-ֆրանսիական ջերմ ու եղբայրական հարա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

04 Մայիս 2026
Բողոքի ցույց Երեւանում. Այո՛ ժողովրդա

Այսօր՝ մայիսի 4-ին տեղի ունեցավ ԱԺ «Հայաստան» դաշինքի կողմից կազմակերպված այո՝

04 Մայիս 2026
Արցախի ժողովրդի իրավունքների պաշտպանու

Ապրիլի 29-ից մայիսի 1-ը Արցախի ժողովրդի հիմնարար իրավունքների պաշտպանության հա

04 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company