ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Համազգային
  • Լուրեր

Մոնթրէալի մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ նշուեցաւ Համազգայինի պաշտօնաթերթ «Բագին»ի 60-ամեակը

18 Մարտ 2024

Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Համազգայինի պաշտօնաթերթ «Բագին»ի 60-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը, բարձր հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, գործակցութեամբ «Բագին» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի, եւ ատենադպիր Լորիկ Սապունճեանի, Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեանի եւ անդամներու, Վերապատուելի Մհեր Խաչիկեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կիմիտէի անդամ Յարութ Դաւիթեանի, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, գրասէրներու ու «Բագին» ընթերցողներու հոծ բազմութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Բագին»ի Խմբագրական խորհուրդի անդամ Անոյշ Ակներեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա ըսաւ. «Բագինի անդրանիկ թիւի խմբագրականը կը խօսի այդ օրերու «կեդրոնական ու կեդրոնաձիգ բեմի մը” բացակայութեան մասին, այսինքն՝ Սփիւռքի «գրողները քով քովի բերելու, աշխատանքի մղելու, աշխատութիւնները արժանաւորապէս ներկայացնելու խանդավառ միջոցի» պակասին մասին, եւ հետեւեալ հաստատում-խոստումը կ՚ընէ մանիֆեստի նման. «Բագին կոչուած է այդ կեդրոնական ու խանդավառ բեմը ըլլալու»: Ուրեմն՝ Բագին ինքզինք կը սահմանէ որպէս խորան, ուր հին ու մանաւանդ նոր սերունդներու գրողները իրենց լաւագոյնը պիտի բերեն բարձր գրականութեան սեղանին։ Եւ այդպէս ալ եղաւ աւելի քան 60 տարիներ», ապա նշեց, թէ «Բագին»ի 60-ամեակը կը զուգադիպէր համաճարակի տարիներուն, որուն յաջորդեց նաեւ Արցախ հայրենիքի ճակատագրական դէպքերն ու շատ մը տօնակատարութիւններու առկախումը, հետեւաբար այս տարի առիթը ընծայուեցաւ զայն նշելու:

Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչական եւ Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նանոր-Աշնա Սնապեան ընթերցեց «Բագին»ի առաջին թիւի խմբագրականը, որ կ’անդրադառնար «Բագին»ի ծնունդ տուող պայմաններուն՝ այսպիսով. «Հայութեան արեւմտեան հատուածը, որ պայմաններու բերումով Սփիւռքի հայութիւն կը կոչուի այսօր, ժառանգորդն է զանգուածեղ գրականութեան մը: Այդ ժառանգութեան աւանդապահը դառնալու եւ անոր վրայ յաւելում մը բերելու նուիրական պարտականութիւնը առաւելագոյն չափով մը կը պատկանի գրական կենսունակ ուժերուն: Մեծ իրագործումներու հասած այդ զանգուածին ստեղծագործ կարողութիւններուն հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը կը մղէ մեզ, որ հիմը դնենք այս նոր հանդէսին»:

Հանդիսութեան առաջին բանախօսն էր բանաստեղծ մտաւորական, «Բագին»ի նախկին խմբագիր Յարութիւն Պէրպէրեան: «Բագին»ի առնչուած իր յուշերով սկսաւ ան իր բանախօսութիւնը, երբ մաս կազմած էր անոր խմբագիր Պօղոս Սնապեանի շուրջ հաւաքուած երիտասարդ գրողներու խմբակին ու անկէ ետք երկար տարիներ աշխատակցած է «Բագին»ին իր յօդուածներով, ապա որպէս խմբագիր եւ խմբագրակազմի անդամ: Ան յիշեց, թէ տարբեր սերունդներու գրողներ «Բագին»ի մէջ հանդէս եկած են, սկսելով Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած մեր մեծ գրողներէն, հասնելով մինչեւ Սփիւռքի զանազան մեր գրագէտներուն. օրինակ՝ Համաստեղ, Նշան Պէշիկթաշլեան, Լեւոն Գարմէն, Կարօ Սասունի, Բաբգէն Փափազեան, Յարութիւն Գազանճեան, Գեղարդ, Ոսկունի, Վահէ Օշական, Պօղոս Սնապեան, Ներսէս Վիրապեան, Յակոբ Մանուկեան եւ ուրիշներ, ապա հասնելով նաեւ այսօրուան երիտասարդ ու նոր յայտնաբերուած գրողներուն:

Պէրպէրեան իր վկայութիւններով ու «Բագին»ի անցած ճանապարհը նկարագրելով հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անոր կազմաւորման, զարգացման, ունեցած կարեւոր ու կենարար դերակատարութեան Սփիւռքեան գրականութեան ու արեւմտահայերէնի պահպանման ու ծաղկումին: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ «Բագին»ի «Նշմարներ» բաժինին ստեղծած խանդավառութեան, ապա իր խօսքը փակեց ըսելով. «Հարկ է նշել, որ «Բագին»ը իրապէս կրցաւ ըլլալ այն հարթակը, ուր արեւմտահայ գրականութիւնը ծաղկեցաւ շատ դժուար պայմաններու մէջ. այսօր ան կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ նոյնպէս դժուար պայմաններու մէջ, երբ դժբախտաբար միւս գրական հանդէսները դադրեցան գործելէ. ինչպէս՝ «Նայիրի»ն, «Շիրակ»ը, «Երիտասարդ հայը» եւայլն, համահայկական միակ գրական հանդէսը կը մնայ «Բագին»ը, այս պատճառով ալ համասփիւռքեան իմաստով շատ կարեւոր է «Բագին»ի ներկայութիւնը, թէկուզ ի գին լուրջ զոհողութիւններու»:

Ցուցադրուեցաւ «Բագինի մասին վկայութիւններ» տեսանիւթը, պատրաստութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ապա Սեւակ Աֆարեան ընթերցեց Բագինի 60-ամեակի թիւին խմբագրականը, որուն մէջ նշուած էր հետեւեալը. «Բագինի վաթսունամեակին նուիրուած այս յոբելենական հատորը չի յաւակնիր ամսագրի ամբողջական դիմագիծը տալու, ոչ ալ կազմուած է ծաղկաքաղի սկզբունքներու հիմամբ։ Ընտրութիւնը կատարած ենք «60 տարի, 60 անուն» բնաբանով, եւ ի մի բերած ենք գրութիւններ, որոնք իրենց արծարծած նիւթերով, հարցադրումներով, մտահոգութիւններով եւ լեզուամտածողութեամբ կը ներկայացնեն թէ՛ սփիւռքեան ինքնութեան զանազան երեսները եւ թէ՛ անոր զարգացումը»:

Երեկոյին երկրորդ բանախօսն էր «Բագին»ի խմբագիր Սոնիա-Սանան Քիլէճեան, որ իր խօսքը սկսաւ ըսելով. «Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ որբերու ու ցնցոտիներու սերունդէն, պապանձումի մատնուած ամբողջ ամբոխ մը, արհաւիրքի պատկերը սառած դէմքին, աղէտը ապրելով հանդերձ, պիտի վերածնէր նոր հայութիւն մը, եւ նոր ծնող երեխաներու շրթներուն պիտի ծաղկէր ու զարգանար նոր հայերէն մը՝ շարունակութիւնը հազիւ 50 տարի առաջ ինքզինք ազատագրած աշխարհաբարին, ու այս անգամ պիտի զարգանար երկրէ երկիր տարածուող մամուլի ցանցով մը, շուտով ինքզինք գտնելու համար իբր կատարելապէս կանոնակարգուած գրական լեզու մը», ապա անդրադառնալով Բագինի առ այսօր գոյատեւման, հակառակ սփիւռքեան այլ հանդէսներու փակման տխուր իրողութեան՝ Քիլէճեան ըսաւ. «Բագինը կայ, որովհետեւ 100 տարի առաջ վերածնած հայութիւնը այս լեզուին մէջ դրաւ իր հաւատքն ու ապագայի տեսիլքը։ Այդ տեսիլքն է, որ Պէյրութի հրաշքէն ետք կը շարունակուի ահա այսքան տարի։ Դիւրին է լոզունգներով խանդավառել ու խանդավառուիլ. բոլորս դէպի հայրենիք։ Անշուշտ հայրենիքը իբրեւ ֆիզիքական իրողութիւն անփոխարինելի է։ Ինչ որ սակայն այս ժողովուրդը սորվեցաւ անհաւատալի զոհողութեամբ այն է, որ լեզուն ալ հայրենիք մըն է։ Այդ հայրենիքին մէջ է, որ ահա հասակ առինք սերունդներով իբրեւ խիտ հայութիւն, եւ այդ լեզուով է, որ ծնաւ ամբողջ գրականութիւն մը, առանց որուն մենք ալ այսօր պիտի չկարենայինք ըսել՝ «մենք ալ կա՛նք։ Կա՛նք, որովհետեւ գրականութիւն մը կայ»:

Խմբագիրը իր խօսքը փակեց ըսելով. «Մերը սակայն՝ իբրեւ վերածնեալ հայութիւն, իսկական վերջաւորութեան մը փորձառութենէն ծնաւ։ Մենք մեր վերջաւորութիւնը տեսանք գրեթէ մահուան աւազներուն վրայ։ Ահա այսօր այս տողերը կը գրենք իբրեւ վերջաւորութենէն եկած հայեր։ Այս լեզուն կը գրենք ու կը խօսինք իբրեւ վերջաւորութենէն ծնած լեզու, որ ծնաւ կրկին որբանոցներէն ու դարձաւ հայութեան լեզուն աշխարհով մէկ։ Ասիկա է մեր փորձառութիւնը։
Իւրայատուկ փորձառութիւն մը, գրեթէ առանց զուգահեռի, որ ունեցած է, ունի ու տակաւին միշտ կը ստեղծէ իր գրողն ու գրականութիւնը։ Ահա այդ գիտակցութեամբ է, որ Համազգայինն ու ընթերցողներու ամբողջ համայնք մը կը շարունակենք հրատարակել ու տարածել այս պարբերականը, որուն անունը մեր պատանութեան օրերէն սիրելի էր, եւ որուն հրատարակութիւնը կը շարունակենք ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն»:

«Բագին»ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տեղի ունեցաւ «Բագին»ի յուշանուէրի տուչութիւն, «Բագին»ի եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին անդամ Գէորգ Գափարիկեանին, որ տարիներ շարունակ, սիրայօժարաբար կերպով «Բագին»ի թիւերը կը հասցնէր բաժանորդներուն, նախքան պարբերաթերթին ուղղակի բաժանորդներու հասցէներուն առաքուելուն սկսիլը։ Ան նաեւ եղած է Համազգայինի վարչական Հալէպի եւ Մոնթրէալի մէջ, որոնց ընթացքին խղճմտօրէն ծառայած է եւ օրինակ հանդիսացած իր գործակիցներուն:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Լիբանանէն ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի գնահատական խօսքով, որ նախ իր վկայութիւնը փոխանցեց երիտասարդութեան տարիներէն ի վեր «Բագին»ի առնչութեամբ, ապա շնորհաւորեց անոր 60-ամեակն ու նորանոր նուաճումներու մաղթանքներով փակեց իր խօսքը: Քէշիշեան իր խօսքը աւարտելէ ետք սրինգով նուագեց «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ» կտորը եւ զայն նուիրեց օտար ու ամայի ճամբէքի վրայ յամառօրէն իր երթը շարունակող «Բագին»ին:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Սահմանները կբացվեն այն ժամանակ, երբ Հա

Հայ-թուրքական սահմանի բացման համար Թուրքիայի ներկայացրած բոլոր նախապայմաններն

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company