Մահ` Տոքթ․ Վազգէն Տէր Գալուստեանի
08 Սեպտեմբեր 2024
Սեպտեմբեր 4-ին, Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ազգային-հասարակական գործիչ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանը:
1937-ին Մուսա Լեռ ծնած տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, մաս կազմած Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիոսութեան Կեդրոնական վարչութեան, ատենապետած կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներուն: Ան երկար տարիներ անդամակցած է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ նախագահած Մուսա լերան հերոսամարտի յոբելենական իրերայաջորդ յանձնախումբերուն:
Վազգէն Տէր Գալուստեան հանրածանօթ էր նաեւ իբրեւ միջազգային համբաւի արժանացած բժիշկ եւ հեղինակութիւն էր բժշկական հետազօտութիւններու մարզին մէջ:
Գոյժ
Ազգային թաղում
Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի
Հանգուցեալը եղած է անդամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, որպէս պատգամաւոր ու Ատենապետ Ազգային Ընդհանուր Ժողովին. կարեւոր ներդրում ունեցած է Սուրբ Աթոռի բազմածաւալ առաքելութեան մէջ:
Հանգուցեալ Բժիշկ Տէր Գալուստեանի թաղումը տեղի պիտի ունենայ՝ Երկուշաբթի,16 Սեպտեմբեր 2024-ին, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Մոնթրէալ:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր Տիկնոջ, զաւակներուն, Տէր Գալուստեան եւ Սեթեան ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն:
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։
Գոյժ
Մահազդ
Ցաւակցագիր
Համազգայինի Գանատայի կառոյցը` Շրջանային Վարչութեամբ եւ չորս մասնաճիւղերով կը գուժէ մահը Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամ՝ Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի, որ պատահեցաւ 4 Սեպտեմբեր 2024-ին, Մոնթրէալի մէջ։ Տոքթ. Տէր Գալուստեան ծնած է Անտիոք 1937-ին, զաւակն էր Մուսա Լերան հերոսամարտի գլխաւոր հերոս, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ եւ Այնճար հայաւանի հիմնադիր Մովսէս Տէր Գալուստեանի։ Համազգայինի հետ իր կապն ու սէրը կու գայ մօրենական մեծ հօրմէ, Եգիպտոսի մէջ Համազգայինի հիմնադիր անդամներէն՝ Մինաս Խաչատուրեանէն։
Ան աւարտած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկութեան բաժինը։ Ուսումը շարունակած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուրկէ ստացած է մագիստրոսի եւ բժշկական դոկտորականի իր կոչումները։ Տոքթ. Տէր Գալուստեան երկարամեայ աշխոյժ գործունէութիւն եւ մեծ վաստակ ունեցած է Համազգայինի շարքերէն ներս։ Եղած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, եւ ատենապետ, ինչպէս նաեւ հիմնադիր անդամ` Հայաստանի մէջ Համազգայինի գրասենեակին։ Մանկաբոյժ եւ ծինաբանական հիւանդութիւններու մասնագէտ, Տոքթ. Տէր Գալուստեան մեծ վաստակ ունեցած է նաեւ Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու առողջապահական ոլորտէն ներս, եւ հեղինակած բազմաթիւ ուսումնասիրական հրատարակութիւններ։ 2009 թուականին ան արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանին, հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս՝ Համազգայինի ծիրէն ներս իր նուիրեալ աշխատանքին համար, արժանցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին եւ բազմաթիւ այլ բժշկական մրցանակներու։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր այրիին Տիկ. Լենա Սեթեանին, իր երկու դուստրերուն Սարինին եւ Տարիային ինչպէս նաեւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։ Թէեւ ընկերոջ կորուստը մեծ է, սակայն իր ետին թողած վաստակն ու յիշատակը պիտի շարունակեն մեզի եւ ապագայ սերունդներուն համար մնալ ներշնչման աղբիւր` հետեւելու իր օրինակին, ու կուռ կամքով շարունակելու իր գործը։ Լոյս` մեր աւագ ընկերոջ հոգիին։
Ցաւակցագիր
Խոր ցաւով իմացանք մահը մուսալեռցի ականաւոր եւ վաստակաշատ ազգային գործիչ եւ բժիշկ’ Վազգէն Տէր Գալուստեանի,որ պատահած է Գանատայի մէջ, 4 սեպտեմբերին։
Մեծ կորուստ է բժիշկին մահը յատկապէս Այնճարին համար’ ուր ունեցած է իր կարեւոր ներդրումը։
Յանուն Այնճարի երեք համայնքներուն, քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» Կոմիտէին ու մեր ժողովուրդին’ կը յայտնենք մեր խորհին ցաւակցութիւնները բժիշկին տիկնոջ, երկու դուստրերուն եւ համայն Մուսալեռցիներուն։