ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

ՀՅԴ 128-ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ

14 Հունվար 2019

Շաբաթ, 12 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի հայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեակը` ժողովրդային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:

Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան Վարուժան արք. Հերկելեան, Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, գիւղին հոգեւոր հովիւները, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ազգային-կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ:

Տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղէն Սեւատայ Անտոնեան: Ան նախ ներկաները հրաւիրեց վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակ եւ մահացած ընկերներուն: Ապա, կարճ եւ կուռ խօսքով մը ան անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեայ գործին ու վաստակին, իբրեւ հայկական յեղափոխութիւնը դարբնող, պետականութիւն կերտող, սփիւռք կազմակերպող, Հայ դատ հետապնդող եւ արցախեան պայքարի մասնակից կուսակցութիւն: Իր խօսքին մէջ, Անտոնեան շեշտեց դաշնակցական երիտասարդութեան դերը` կուսակցութեան աշխատանքներուն մէջ, նշելով, որ գաղափարական եւ մարտունակ երիտասարդութիւնը կը հանդիսանայ առողջ եւ ամուր ապաւէնը ՀՅ Դաշնակցութեան ներկային եւ ապագային:

Իր խօսքի աւարտին, Անտոնեան նշեց, որ ժողովրդային տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլար եւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Սակայն, կամքէ անկախ պատճառներով, ան կը բացակայի եւ օրուան պատգամը կը փոխանցէ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան:

Բացման խօսքէն ետք, ժողովրդային եւ ազգային-յեղափոխական երգերու նուագներով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Հնչեցին «Կաքաւիկ»-ը, «Նուպար-նուպար»-ը, «Քելէ-քելէ»-ն եւ «Արիւնոտ դրօշ»-ը, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ Վիգէն Աւագեան` փոխանցելու օրուան պատգամը:

Օրուան պատգամախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ աշխարհի չորս կողմը սովորութիւն է, որ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին ներկայանայ տարեկան զեկուցումով, հաշուետուութեամբ: Գործէն ծնած` գործի կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան տարեդարձին կը խոնարհի այն ժողովուրդին առջեւ, որ կը հաւատայ իր գործին ու կը մնայ իր կողքին` բաժնեկիցը դառնալով իր դժուարութիւններուն եւ իրագործումներուն:

Դաշնակցութեան 128-ամեայ երթին մասին խօսելով` Աւագեան նշեց, որ իր ժողովուրդին հետ մեծ ցնցումներէ անցաւ Դաշնակցութիւնը: Ան ճաշակեց 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան, հայրենազրկումի եւ տարագրութեան դառն բաժակը, նաեւ` ազգովին յարութիւն առնելու, հայրենիք անկախացնելու եւ պետականութիւն կերտելու յաղթանակի արբեցնող բաժակը: Դաշնակցութիւնը կրնկակոխ հետեւեցաւ իր ժողովուրդի քայլերուն եւ դաշնակցական բջիջ ու միաւոր ստեղծեց հո՛ն, ուր հայութիւնը համախումբ եւ ազգային կազմակերպ կեանքի հրամայականը զգաց: Դաշնակցութեան քաղաքական առաջնորդութեամբ հայ ժողովուրդը իր քրտինքն ու վաստակը խառնեց իր նոր հայրենիքներու ժողովուրդներու ճիգին, շաղուեցաւ անոնց հետ, ու վայելեց բոլորին համակրանքն ու վստահութիւնը: Դաշնակցութիւնը գործեց, ընթացք եւ ուղղութիւն տուաւ հայ կեանքին, դեր ու ղեկավարութիւն ստանձնեց մեր ճակատագիրին սպառնացող ամէնէն վճռական պահերուն: Յոգնեցաւ ան, բայց չհանգչեցաւ: Ինկաւ, բայց միշտ վերականգնեցաւ:

Շարունակելով, Աւագեան հաստատեց, որ բնական պայմաններու մէջ չգործեց Դաշնակցութիւնը: Այսօր ալ ան կը գործէ միջազգային ու շրջանային անբնական պայմաններու մէջ: Թեւակոխած ենք նոր փուլ մը, ուր մեծապետական ուժերու մրցակցութիւնները ստեղծած են զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական բախումի անվերջանալի դաշտեր: Ճակատողը մեծերն են, տուժողը` փոքրերը: Ընդհանուր թոհուբոհին մէջ, Հայաստանն ու հայութիւնը անվնաս չեն մնար, ընդհակառակն` իւրաքանչիւր քայլափոխի անոնք դէմ յանդիման կու գան իրենց սեփական ինքնութիւնը պահպանելու, կազմակերպուելու եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու անյաղթահարելի դժուարութիւններու:

Այնուհետեւ, Դաշնակցութեան աշխարհատարած գործունէութեան ընդհանուր ակնարկ մը նետելով` Աւագեան յայտնեց, որ սփիւռքեան ճակատի վրայ, այսօր, ի գին մեծ զոհողութիւններու, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ազգապահպանման իր առաքելութիւնը, սփիւռքը հայրենիքին շուրջ համախմբելու կենսական դերակատարութիւնը` հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները դիտելով իբրեւ հաւասար կողմերու յարաբերութիւն:

Հայաստանի մասին խօսելով` Աւագեան ընդգծեց, որ մեծ աշխատանք կայ տարուելիք` յատկապէս ժողովրդային շարժումով իշխանափոխութիւն ապրած մեր հայրենիքին մէջ, ուր այսօր ականատեսը կ’ըլլանք քաղաքական նոր դաշտի եւ պետական նոր համակարգի մը ծննդեան երկունքին: Նորանկախ մեր հայրենիքը, ՀՀՇ-ական եւ Հանրապետական վարչակարգերէն ետք, դեկտեմբեր 9-ի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններով թեւակոխած է փաշինեանական իշխանութեան փուլը, յուսալից, որ ժողովրդային արդար սպասումները կ’իրականանան շուտով եւ Հայաստանի մէջ կը հաստատուի իրաւունքի, բարոյականութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ժողովրդավար համակարգ:

«Փաշինեանական իշխանափոխութիւնը, անկասկած, կարեւոր քայլ մըն է մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար,- շարունակեց Աւագեան,- բայց նաեւ` անբաւարար, եթէ երբեք ան պիտի մնայ անցեալի ստուերներու դէմ կատարուած պայքարի ծիրին մէջ: Նախկին վարչակարգի ու անոր ներկայացուցիչներուն դէմ շղթայազերծուած արշաւները չեն կրնար լուծել առկայ հարցերն ու դժուարութիւնները, եթէ երբեք նախկինը քանդելէ ետք` աւելի լաւը կառուցելու, նոր ծրագիրներով երկիրը յառաջ տանելու ծրագիրներ չմշակուին ու չներկայացուին մեր ժողովուրդին: Իսկ նման ծրագիրներ մշակելու համար անհրաժեշտ են պետական իմաստութեամբ լուրջ աշխատանք, սկզբունքային, բանիմաց մարդիկ, նոր որակի քատրեր, որոնք պիտի կարենան իրականութեան վերածել այն, ինչ որ Դաշնակցութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կը պահանջէ Հայաստանի մէջ`

«- Հայրենի ժողովուրդի ընկերային վիճակի բարելաւում եւ հայ մարդու արժանապատիւ կեանքի ապահովում:
«- Տնտեսական արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն, պայքար` անօրինականութեան, փտածութեան եւ ստուերային տնտեսութեան դէմ:
«- Երկրի կայունութեան հաստատում, հանդուրժողութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծում:
«- Քաղաքակիրթ աշխարհին յատուկ արժէքներու որդեգրում. ժողովրդավարութեան ամրապնդում, օրէնքի գերակայութիւն, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորում:
«- Ազգային արժեհամակարգի կարեւորում եւ աւանդական-բարոյական հասկացողութիւններու պահպանում:
«- Հայկական գործօնի հզօրացման ռազմավարական յստակ ծրագիրներով 21-րդ դարու չափանիշներով զարգացող պետութիւն»:

Աւագեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Արցախին եւ ըսաւ, որ Արցախին տիրութիւն ընելը եւ միջազգային ատեաններուն մէջ զայն պաշտպանելը հայրենի իշխանութիւններուն պարտքն է: Արիւնով շահուած հայրենիքի այդ մասը մե՛րն է եւ սակարկութեան չի կրնար դրուիլ: Սահմանին ամբողջ երկայնքին, թշնամին օրական կը խօսի ուժի լեզուով, կը գործէ բարոյական եւ քաղաքակրթական տարբեր արժեչափերով, որոնք լրջօրէն կը վտանգեն արցախեան յաղթանակով նուաճուած խաղաղութիւնը:

Լիբանանեան կեանքի ընդհանուր իրավիճակին մասին խօսելով` Աւագեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանը եղած է ու կը մնայ համաձայնական ժողովրդավարութեան, հանդուրժողութեան եւ համակեցութեան երկիր, որ ցարդ կարողացած է տոկալ ու ապրիլ շնորհիւ իր զաւակներուն համերաշխութեան: Լիբանան կը կորսնցնէ իր քաղաքական միութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը, եթէ զայն բաղկացնող ուժերէն մէկը կամ միւսը դադրի ընդհանրական արժէքներով եւ նպատակներով առաջնորդուելէ: Ան աւելցուց, որ ամէն երկրի մէջ ներքին անհամաձայնութիւններ եւ տարակարծութիւններ կրնան գոյութիւն ունենալ, սակայն երկիրները կ’ապրին ու կը զարգանան ո՛չ թէ ժողովուրդին ներքին հակասութիւնները շեշտելով, այլ` ազգային միասնականութեան ենթահողը ամրապնդելով:

Աւարտին, Աւագեան շեշտեց, որ «առաջին անգամը չէ, որ Լիբանան կը գտնուի քաղաքական բարդ կացութեան մէջ: Լիբանանահայութիւնը ճակատէ՛ն դիմագրաւած է այս երկիրը հարուածած բոլոր փոթորիկները եւ ամէն անգամ ալ պատուով դուրս եկած է անոնցմէ, շնորհիւ իր աչալրջութեան, կազմակերպ կեանքին եւ ազգային-միութենական աշխուժ կառոյցներուն: Ձեռնածալ կարելի չէ նստիլ, պէտք է կրկնապատկել ու բազմապատկել աշխատանքի մեր ճիգերը եւ քայլ առ քայլ ամրացնել մեր ներքին դիմադրականութեան համակարգը այնպէս մը, որ ան կարենայ յաղթահարել երկրին ու գաղութին սպառնացող քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային այլազան դժուարութիւնները: Հարկ է իւրաքանչիւրը ստանձնէ իր պատասխանատուութեան բաժինը եւ ամուր մնայ պատնէշի վրայ: Ազգային-միութենական մեր միաւորներէն իւրաքանչիւրը կոչուած է առաւելագոյն ուժականութիւնը ցուցաբերել ընդհանրական մեր ճիգին, այլապէս չենք կրնար դիմադրել պայմաններու պարտադրած չարիքին: Տոկունութիւնը, յարատեւութիւնը եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը կը հանդիսանան փրկութեան մեր միակ ուղին այս անորոշ ներկայէն դուրս գալու համար»:

Վիգէն Աւագեանի պատգամէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ հայրենի արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան-Մըրրօ, որ ազգային-յեղափոխական երգերու շարքով մը պանծացուց ՀՅ Դաշնակցութեան անուանի ֆետայիներուն յիշատակը: Անդրանիկին, Կարնեցի Գարեգինին, Քեռիին, Դրոյին ու անոնց զինակից ու գաղափարակից դէմքերուն նուիրուած իր երգերով ան գովքը հիւսեց հայկական յեղափոխութեան: Արսէն Գրիգորեան չմոռցաւ յիշելու նաեւ հայկական բանակը եւ դիրքերու վրայ հսկող հայ զինուորներուն նուիրեց «Մարտիկի երգը»: Ապա, ժողովրդային-ազգագրական երգերու շարանով մը, աւելի քան մէկ ժամ ան խանդավառեց ներկաները եւ իսկական տօնախմբութեան տեսք մը տուաւ ձեռնարկին: Ներկաները երգիչին ընկերացան դրօշներու ծածանումով, երգերով ու պարերով:

128-ամեակի տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ Դաշնակցութեան «Թեւ-թիկունք» կանգնելու հաստատ համոզումով եւ յանձնառութեամբ:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանի անիմաստ ելույթը Համաշխարհայի

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը ելույթ է ունեցել նոյեմբերի 6-ին Երևանում անցկացված Հա

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարար

Հայաստանում կալանքը վաղուց վերածվել է իշխանության քաղաքական հակառակորդներին լռ

10 Նոյեմբեր 2026
Ազգային օրակարգի շուրջ համախմբված կուս

Կալանավայրում մահացել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության՝ ՏԻՄ ընտրություններում

10 Նոյեմբեր 2026
Արցախի ի նպաստ հաւաք, լուռ քայլարշաւ ե

Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէ

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ

10 Նոյեմբեր 2026
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ

Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջ

09 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ից Պրահա․ ինչպես փոխվեց Ար

44-օրյա պատերազմը դադարեցվեց 2020 թվականի նոյեմբերի 9-ին՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի

09 Նոյեմբեր 2026
Մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրո

09 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներն

2020 թվականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ հայտարարության 6-րդ տարելիցի կապակցությամբ

09 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

09 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմ

Նոյեմբեր 9 - Ազգային յիշողութեան վրայի վէրքը եւ Հայաստանին ապագային հանդէպ յան

09 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ա

09 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողով

Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի «Քոնկրես» հիւրանոցին մէջ ի

07 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի հայտարարո

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը ՄԱԿ-ի Անվտանգության խորհրդի անդամներին և ՄԱԿ-ի

06 Նոյեմբեր 2026
Համազգային Համախմբում

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերի վաղ առաւօտուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութ

06 Նոյեմբեր 2026
Արտահերթ ընտրությունների գնալու միակ տ

Երեկ տեղի ունեցած հավաքում քննարկվել է ընդհանուր ստեղծված իրավիճակը, բռնաճնշու

05 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄի Միջդիւանական 12րդ Խորհրդաժողովը

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 5ի առաւօտեան, Երեւանի «

05 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախմբի աջակցութ

2026 թ. Կոնգրեսի միջանկյալ ընտրություններում ամերիկահայ ընտրողները նկատելի ազդ

05 Նոյեմբեր 2026
Ընդդիմադիր ուժերը հայտարարում են համազ

Մենք՝ ներքոստորագրյալ հայաստանյան քաղաքական ուժերս, գիտակցելով հայ ժողովրդի և

05 Նոյեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգայ

26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)

04 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company