ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Գեղամ Տէր Կարապետեան. Գաղափարի մարտիկի երախտաշատ օրինակը

28 Դեկտեմբեր 2011

Եթէ 19րդ դարավերջին թափ առած հայ յեղափոխական շարժումը կը շարունակէ, մինչեւ մեր օրերը, գաղափարական ներշնչման անսպառ աղբիւր հանդիսանալ հայոց սերունդներուն համար, բացատրութիւնը պէտք է փնտռել Հայկական Ազատամարտի խարոյկը վառած անզուգական սերունդին մօտ։

Եթէ հայ ժողովուրդը կրցաւ ամբողջական ազատագրումի իր պայքարին առջեւ ուղի հարթել եւ յառաջ շարժիլ՝ հակառակ իրեն պարտադրուած անհաւասար ուժերով կռիւներուն, դիմագրաւելով օրհասական վտանգները եւ վերականգնելով իր ստացած մահացու հարուածներէն, պատճառը ըստ ամենայնի պէտք է փնտռել նոյն այդ յեղափոխական սերունդին շղթայազերծած ու սեփական օրինակով նուիրագործած ազգային մարտունակութեան ու բարոյական ներուժին մէջ։

Անուանի եւ անանուն, մեծահռչակ ու խոնարհ հերոսներու ամբողջ փաղանգ մը ազատութեան ճանապարհին նուիրաբերած անկրկնելի այդ սերունդին արժանաւոր նախակարապետներէն էր Մշոյ Գեղամը, որուն վախճանման 93րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր՝ Նոյեմբեր 28ին։

Ուսուցիչ եւ առաջնորդարանի քարտուղար, բանահաւաք եւ շնորհալի գրող, անվեհեր յեղափոխական եւ դաշնակցական ղեկավար գործիչ՝ Մշոյ Գեղամ աւելի քան քառորդ դար իր դրոշմը դրաւ Տարօն Աշխարհի լեռներուն եւ դաշտերուն վրայ թեւածած Ազատամարտին վրայ։ Հայ ազգային շունչով մարտունակ սերունդ դաստիարակեց, օսմանեան բռնութեանց դէմ անվեհեր ծառացումի օրինակը վարակիչ դարձնող անկեղծ զինուորը եղաւ, ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման ու մարտական եւ քաղաքական հզօրացման նուիրաբերեց իր բոլոր ուժերը, իսկ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն մինչեւ անողոք հիւանդութեամբ 28 Նոյեմբեր 1918ի իր վախճանը՝ արժանաւորապէս ներկայացուց Տարօնի հայութիւնը եւ ընդհանրապէս արեւմտահայութիւնը, իբրեւ Օսմանեան Խորհրդարանի դաշնակցական պատգամաւոր։

Տատրակ եւ Ասողիկ ծածկանուններով ծանօթ՝ Գեղամ ՏէրԿարապետեան հարազատ զաւակն էր Տարօնի Աշխարհի։ Ծնած էր 1865ին, Մշոյ Դաշտի Խէյպան գիւղը. որդին էր ամբողջ շրջանէն ներս հաւատացեալ եւ ուսումնասէր հայու համբաւ վայելող Կարապետ Քահանայ Տէր-Կարապետեանի, որ եղաւ ազգային ոգի եւ գրականութեան սէր ջամբող առաջին ուսուցիչը մանուկ Գեղամին՝ ծննդավայրի ազգային վարժարանին մէջ նախակրթական ուսման շրջանին։ 1876ին Գեղամ արդէն սան էր Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանին, որ այդ տարիներուն, Խրիմեան Հայրիկի շունչին տակ, կը բոլորէր ազգային-յեղափոխական դաստիարակութեան հնոցի իր ամէնէն բուռն շրջանը։ Ժառանգաւորացը աւարտելով 1883ին, Գեղամ երկու տարի ուսանեցաւ Մուշի Միացեալ Ընկերութեան վարժարանին մէջ, ապա մեկնեցաւ Ս. Էջմիածին, ուր 1885էն 1887 հետեւեցաւ Գէորգեան Ճեմարանի ջամբած հայոց պատմութեան եւ գրականութեան բարձրորակ ուսման դասընթացքներուն։

Գեղամ Տէր-Կարապետեան ազգային-յեղափոխական կազմաւորումով եւ գրական-իմացական լայն պաշարով զինուած 22ամեայ երիտասարդ էր 1887ին, երբ ուսումը աւարտած Էջմիածնէն վերադարձաւ ծննդավայր։ Թէեւ քահանայ հօր ջերմ փափաքն էր, որ որդին յաջորդէ իրեն եւ ստանձնէ իր ծուխին քահանայութիւնը, բայց Գեղամ արդէն կատարած էր ազգային ծառայութեան իր ասպարէզին ընտրութիւնը՝ նուիրուելով կրթական եւ հասարակական եռուն գործունէութեան, ի սպաս հայոց նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր լուսաւորութեան եւ յեղափոխական ինքնակազմակերպման։

1888ին հաստատուեցաւ Մուշ, որ Առաջնորդանիստ քաղաք էր։ Գեղամ Տէր-Կարապետեանի վստահուեցաւ Առաջնորդարանի քարտուղարութիւնը, որ երիտասարդ յեղափոխականին առջեւ լայն ասպարէզ բացաւ թէ՛ սեփական ժողովուրդի տարբեր շերտերուն, թէ՛ թուրք եւ օտար պաշտօնական շրջանակներու հետ մօտէն շփուելու եւ ազգային-հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու։ Հազիւ տարի մը ետք, 1889ին, պատահեցաւ Կիւլիզարի առեւանգման աղմկայարոյց գայթակղութիւնը, որ ոյ միայն ցնցեց ողջ հայութիւնը՝ լայն արձագանգ գտնելով նաեւ եւրոպական մամուլին մէջ, այլեւ դարձակէտ մը եղաւ նոյնինքն երիտասարդ Գեղամի կեանքին մէջ։

Կիւլիզար դեռատի դուստրն էր Մշոյ Դաշտի Ղարս գիւղի բնակիչներէն Մերոյի։ Աւազակաբարոյ քիւրտ աշիրաթապետ Մուսա բէկ առեւանգած էր դեռահաս հայուհին։ Նախ Տարօն Աշխարհի ողջ հայութիւնը, ապա մինչեւ Պոլիս եւ Կովկաս տարածուած մեր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ծառացաւ Կիւլիզարի առեւանգման յանցագործունէութեան դէմ՝ պահանջելով հայուհիին վերադարձը իր հարազատներուն եւ յանցագործ Մուսա բէկի դատապարտումն ու պատժումը։ Գայթակղութիւնը լայն արձագանգ գտաւ եւրոպական մամուլի էջերուն եւ ամէն կողմէ ճնշումը սաստկացաւ Համիտեան բռնատիրութեան վրայ, որպէսզի վերջ դրուի համատարած օրինախախտումներուն եւ անպատժելիութեան։ Ճնշումին տակ, Սուլթանը ձերբակալել տուաւ յանցագործ Մուսա բէկը, որ նախ Կիւլիզարը վերադարձուց իր հարազատներուն, ապա՝ տարուեցաւ Պոլիս եւ արժանացաւ այդ ժամանակաշրջանին համար աննախադէպ խիստ դատավարութեան։ Մշոյ Առաջնորդարանին կողմէ Պոլիս ղրկուեցան Մշոյ Դաշտի յիսուն գիւղապետեր՝ Առաջնորդարանի քարտուղար Գեղամ Տէր-Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, որպէսզի իրենց վկայութիւններով եւ մեղադրականներով սատարեն արդար դատավարութեան մը կայացումին։ Դատավարութիւնը արդիւնաւոր եղաւ։ Մուսա բէկ մեղադրուեցաւ եւ դատապար-տուեցաւ բանտարկութեան՝ գոհունակութեան ալիք մը բարձրացնելով հայ ժողովուրդին մէջ։

Գեղամ Տէր-Կարապետեան յաղթական վերադարձաւ Մուշ։ երիտասարդ գործիչին հեղինակութիւնը բարձրացած էր մեր ժողովուրդի աչքին։ Առաջնորդարանի քարտուղարը դարձաւ պահապանն ու պաշտպանը այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք թրքական եւ քրտական հարստահարումներու կամ օրինազանցութեանց դէմ բողոքելու համար՝ կը դիմէին Առաջնորդարան, յատկապէս քարտուղար Գեղամ Տէր-Կարապետեանին վստահելով իրենց ոտնկոխուած իրաւունքներուն վերականգնումը։ Միաժամանակ՝ սիրոյ կապ մը ստեղ- ծուած էր Գեղամի եւ Կիւլիզարի միջեւ, ինչ որ 1892ին պսակուեցաւ երիտասարդ զոյգին ամուսնութեամբ։

1890ականներու սկզբնաւորութեան, յեղափոխական շարժումը վարակած էր ողջ հայութեան նորահաս սերունդները, որոնք Արաբոյի նման առաջին հայ ֆետայիներու հերոսական ըմբոստացումը ներշնչման աղբիւր եւ օրինակելի վարքագիծ դարձուցած էին։ Քրտական եւ թրքական շահատակութիւններն ու խժդժութիւնները սեփական ուժերով սանձելու ոգեւորութիւնը վարակած էր բոլորը։ Գեղամ Տէր-Կարապետեան դարձաւ յառաջամարտիկներէն մէկը Խրիմեան Հայրիկի շունչով թրծուած յեղափոխական հայորդիներուն, ինչպիսին էին Մարգար Վարժապետն ու Ներսէս Վարդապետ Ղարախանեանը, որոնք իրարու ձեռք երկարեցին եւ միասնաբար լծուեցան ապստամբական շարժումը միաւորելու աշխատանքին։ Հայ ազգային-յեղափոխական երեք կուսակցութիւններն ալ կազմուած էին արդէն։ Գեղամ Տէր-Կարապտեան, Մարգար Վարժապետ եւ Ներսէս Ղարախանեան Վարդապետ մօտեցան Դաշնակցութեան եւ անոր դրօշին տակ թափ տուին իրենց յեղափոխական-կազմակերպչական աշխատանքներուն։

1894ին, սակայն, Համիտեան կոտորածները սկսան եւ Սուլթանը բանտերէն ազատ արձակեց թուրք թէ քիւրտ յանցագործ պատասխանատուները՝ անոնց հակահայ մոլուցքը առաւելագոյն չափով հրահրելու եւ սուլթանական գահին ծառայեցնելու համար։ Այդօրինակ ազատ արձակուած չարագործներէն մէկը Մուսա բէկն էր, որ հակահայ «վրէժխնդրութեան» իր թոյնը թափելու ազատ ասպարէզ գտաւ՝ Համիտեան կոտորածներուն գլխաւոր գործակատարներէն մէկը դառնալով։ Մուսա բէկ փորձեց նաեւ առիթէն օգտուիլ եւ անձնական «հաշուեյարդար» կատարել Գեղամ Տէր-Կարապետեանի հետ… Այդ նկատառումով ու ընկերներուն յորդորներուն անսալով՝ Գեղամ առժամապէս հեռացաւ Մուշէն եւ երկու տարի մնաց Տիգրանակերտ, ուր նոյնպէս ստանձնեց քարտուղարութիւնը տեղւոյն Առաջնորդարանին։

Մուշէղն հեռու մնալը արգելք չեղաւ, որպէսզի Գեղամ աւելի աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալէ՝ թէ՛ Համիտեան կոտորածներուն մասին իրազեկի թղթակցութիւններ ուղարկելով Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին, թէ՛ իր հաւաքած տուեալներով մասնակից դառնալով եւրոպական տէրութեանց ուղղուած պաշտօնական տեղեկագիրներու պատրաստութեան, հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած սուլթանական խժդժութեանց մասին։

Գեղամ Տէր-Կարապետեան 1896ին վերադարձաւ Մուշ, ուր վերստին ստանձնեց Առաջնորդարանի քարտուղարութիւնը, միաժամանակ ուսուցչութիւն ընելով քաղաքի Մխիթարեաններու վարժարանին մէջ։ Սկսաւ Մշոյ Գեղամի յեղափոխական գործունէութեան կարեւորագոյն շրջանը, որ երկարեցաւ մինչեւ 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումը։

Աւելի քան 12 տարի, Մշոյ Գեղամ մնայուն կերպով ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Դուրան-Բարձրաւանդակի Կ. Կոմիտէի անդամ եւ սերտ գործակիցը դարձաւ Հրայր-Դժոխքի ու Գէորգ Չաւուշի, միասնաբար ամուր հիմերու վրայ դնելով կազմակերպումը Տարօնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին։ Իր պատրաստութեամբ եւ ազգային-հասարակական հեղինակութեամբ, Մշոյ Գեղամ գլխաւոր պատասխանատուն դարձաւ մէկ կողմէ Տարօնի հայութեան կրթական-հասարակական կազմակերպումին, իսկ միւս կողմէ՝ Հ.Յ.Դ. քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներուն, Երկրի մէջ տիրող յանցագործութեանց եւ ամենաթողութեան վիճակին դէմ հայութեան բողոքը պաշտօնապէս ղեկավարելով։ Առաջին ուղղութեամբ՝ մեծ եղաւ Մշոյ Գեղամի ներդրումը Տարօնի շրջանի գիւղերը ազգային վարժարաններով օժտելու գործին մէջ։ Իսկ երկրորդ մարզի պարագային, առաւելաբար իր ջանքերուն շնորհիւ եւրոպական տէրութիւնները շարունակական տեղեկագիրներով իրազեկ պահուեցան Համիտեան սանձարձակութեանց մասին՝ համապատասխան ազդու միջամտութեան պահանջը շեշտելով եւ հայանպաստ քարոզչութեան թափ տալով ու Հայկական Հարցի արդար լուծման ի նպաստ օտար հանրային կարծիք պատրաստելով։ Թէ՛ 1904ի եւ թէ 1907ի Սասնոյ ապստամբութեանց ժամանակ, Մշոյ Գեղամի գործունէութիւնը այս վերջին առումով մեծապէս վճռորոշ կարեւորութիւն ունեցաւ։

Իր այս ծառայութեանց վրայ հիմնուելով էր, որ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Գեղամ Տէր-Կարապետեան Օսմանեան Խորհրդարանի պատգամաւոր առաջադրուեցաւ Դաշնակցութեան կողմէ, լայն ժողովրդականութեամբ յաղթեց ընտրութիւններուն եւ Երկրի հայութեան ազգային ու մանաւանդ հողային իրաւունքներուն քաջարի պաշտպանը հանդիսացաւ խորհրդարանէն ներս։ 1911ին նաեւ գրքոյկ մը հրատարակեց հողային հարցի արդար լուծման ի խնդիր։

Յեղափոխական-քաղաքական թէ ազգային-հասարակական եռուն իր գործունէութեան զուգահեռ, Մշոյ Գեղամ շարունակ ստեղծագործեց գրական-գեղարուեստական թէ բանահաւաքման ու բանասիրութեան բնագաւառներէն ներս։ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ աշակերտած էր Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի, նաեւ՝ գրական իր կեանքի ընթացքին հաւատարիմ շարունակողը եղաւ իր ուսուցչին։ Մեր ժողովուրդին բանաւոր ժառանգութիւնը կորուստէ փրկելու օրհնաբեր կիրքը միշտ աշխոյժ պահեց զինք, հաւաքեց եւ գրի առաւ մեր ժողովուրդին բանաւոր պահպանած գրական գանձերը։ Նաեւ անխոնջ ուսումնասիրողը եղաւ մեր մշակութային հարստութեան եւ ատենի հայ մամուլի էջերուն բազում են իր ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուածներն ու աշխատասիրութիւնները հայ ժողովուրդի բազմադարեան ստեղծագործութեանց մասին։

Գեղամ Տէր-Կարապետեան իր ստեղծագործական թէ յեղափոխական կեանքի ամէնէն բեղուն շրջանին կը գտնուէր, երբ անողոք հիւծախտը մարմնապէս հարուածեց հայ ժողովուրդի երախտաշատ այս ծնունդին։ Հիւծախտը հանրային կեանքէ հեռացուցած էր արդէն Մշոյ Գեղամին, 1915ին, երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը եւ թրքական պետութիւնը ի գործ դրաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման կանխամտածուած ցեղասպանական ոճիրը։ Մշոյ Գեղամ չկար Ապրիլ 24ին ձերբակալուած եւ արագօրէն սպաննուած մեր նահատակ մտաւորականութեան շարքին։ Հիւանդութեան պատճառով իբր թէ… խնայեցին զինք։ Իրողութիւնը դառն ու հեգնական ճիշդ հակառակն է. սեփական ժողովուրդին եւ մտքի ու կռուի իր ընկերներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը շատ աւելի ծանր ճնշեց Մշոյ Գեղամին վրայ, քան նոյնինքն հիւծախտը։ Արհաւիրքի օրերուն, մահամերձի իր սնարին մէջ, սկսաւ գրել «Ապրիլեան Կոտորածը» խորագրով իր աշխատութիւնը, բայց մահը թոյլ չտուաւ, որ ամբողջացնէ զայն։

22 Նոյեմբեր 1918ին ընդմիշտ փակուեցան աչքերը գաղափարի մարտիկ Մշոյ Գեղամին։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այցելություն Եռաբլուր

Այսօր՝ մայիսի 9-ին, հաղթանակի օրվա առթիվ Եռաբլուր են այցելել «Հայաստան» դաշինք

09 Մայիս 2026
Հայկական պետականության ընտրությունը.

Սակայն այստեղ առաջանում է հիմնական հակասությունը, որը գործող իշխանությունը չի

09 Մայիս 2026
Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշիի Նահատ

Բեկոր, պատերազմի ընթացքին 11 անգամ վիրաւորուիլը` ճակատագիրին կողմէ դրոշմուած մ

09 Մայիս 2026
Շուշի. հաղթանակի և «պարտության» վկան

Շուշիի ազատագրումը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության հերոսական էջերից է։ Տասնա

09 Մայիս 2026
Խմբագրական. Եռատօնի Վերականգնումին Հեռ

Մայիսեան եռատօնը Արցախի վերջին պատերազմէն ետք վերաիմաստաւորուած է, բացասական ի

09 Մայիս 2026
Սփիւռքը` Երէկ Եւ Այսօր Գոյատեւումէն Դէ

Հայկական սփիւռքը դար մը շարունակ եղած է մեր ազգային կեանքին ամէնէն կարեւոր իրա

09 Մայիս 2026
«Հարատև պայքար» պատկերագրքի շնորհանդես

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

09 Մայիս 2026
Փարիզէն զգաստութեան (հերթական) հրաւէր

Ոխակալութիւն՝ որովհետեւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչ մարմինի ղեկավարին՝ Հայաս

09 Մայիս 2026
Էջմիածնից մեկնարկեց «Հայաստան» դաշինքի

Այսօր՝ մայիսի 8-ին Էջմիածնից՝ հայության հոգևոր կենտրոնից մեկնարկեց «Հայաստան»

08 Մայիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը եւ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատ

08 Մայիս 2026
Ազգային սկզբունքային հարցերու գծով սփի

Տրուած ըլլալով, որ հարցազրոյցը կը զուգադիպէր Լիբանանի մամլոյ եւ մտաւորականներո

08 Մայիս 2026
Ակնարկ. Մրցահարթակի Չվերածուելու Համար

Վարագոյրը իջած է արդէն Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովներու եւ

08 Մայիս 2026
Նախաձեռնողականություն եւ կամք․ այն ամե

-Ռուբեն Վարդանյանի և Դավիթ Իշխանյանի դիմուները ՄԻՊ Ա․ Մանասյանի դաշտում են,

07 Մայիս 2026
Մաքրոնի Մաքառումները

«Ոչ ոք կրնայ բոլորին անունով ինքնագլուխ գործել, եւ ոչ ոք կրնայ ընդունիլ կանոնն

07 Մայիս 2026
Գոյժ

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ մահը` վաստակաւոր ըն

07 Մայիս 2026
Խորհրդաժողովը եկավ ցույց տալու, որ պայ

«Առավոտ»-ի զրուցակիցն է ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախագահ Գասպար Կարապե

06 Մայիս 2026
Չի կարելի ծաղրի առարկա դարձնել մի ամբո

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելույթը

06 Մայիս 2026
Այս դատը բացված է հայ ժողովրդի և հայոց

Դավիթ Իշխանյանը Բաքվի բանտից դիմել է ՀՀ ՄԻՊ-ին՝ միջնորդելու մեղադրական ակտի և

06 Մայիս 2026
ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի հայտա

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակը նկատի է ունենում Երևանում անցկացված ԵՄ-Հայա

06 Մայիս 2026
Ճիշտ չենք համարում, ընտրություններից

Մենք Ֆրանսիայում աշխատանքներ ենք տարել, քաջալերել ենք Ֆրանսիայի բոլոր կառավարո

06 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company