ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Սիւնիքի վաճառքը վճռումի սեմի՞ին

06 Օգոստոս 2025

Եթէ կ’ուզէք՝ անակնկալ սեպեցէք, թէեւ անախորժ անակնկալները սովորական դարձած են հայուն համար: Երեւանի լրատու մէկ աղբիւրը Երկուշաբթի, 4 Օգոստոսին հաղորդեց լուր մը, թէ չորս օր ետք, Ուրբաթ, 8 Օգոստոսին, Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ Տան մէջ պիտի հիւրընկալէ Ալիեւն ու Փաշինեանը:

Լուրը «ծնած» է ազերի լրագրողէ մը, որ կը գործէ Ուաշինկթընի մէջ: Ան հաւաստած է, որ այս եռակողմ գերաստիճանը սարքուած է, որպէսզի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պետութեանց վարիչները «խաղաղութիւն հաստատելու իրենց նպատակը յայտարարեն»: (Գնա՛ եւ հասկցիր, թէ ի՞նչ կը նշանակեն այս քանի մը բառերը): Լուրին հաւաստիութիւնը ստուգելու համար, յիշեալ լրատու աղբիւրը դիմեր է վարչապետ կոչեցեալի գրասենեակը, որ անպատասխան ձգած է զանգը:

Հարցը հոն չէ, թէ արդեօք պէ՞տք է հաւատք ընծայել թշնամի կողմի մէկ լրագրողին լուրին: Հարցը, ո՜չ, հարցե՜րը հոն են, որ նման լուրի հաւատալը մէկ աղէտ է, չհաւատալը տարբեր աղէտ: Կայ նաեւ այն՝ որ պաշտօնական Երեւանը շատո՜նց ստեղծած է աւանդութիւն մը, որ իր ընելիքները գաղտնի կը պահէ մինչեւ մետասաներորդ վայրկեան, յետոյ թուրքին ու ազերիին հաղորդածը կ’իրականանայ, հետեւանքն ալ այն կ’ըլլայ, որ եւրոպական կամ արաբական երկրի մը այս կամ այն քաղաքին մէջ նման հանդիպումներ նոր վնասներ, նոր նահանջներ եւ նոր կորուստներ «կը պարգեւեն» Հայաստանին (Արցախը առայժմ կորսուած-գացած կը համարուի), իսկ ՔՊ-ական դասը կը փորձէ իւրաքանչիւր կորուստ ու նահանջ ազգին հրամցնել իբրեւ շահ, նուաճում եւ «ապագայ կայ»ին մէկ նոր հանգրուանը: Ո՜վ կը յիշէ մարդուկին այն հաւաստիքը, որ Արցախը տալով՝ Հայաստանը շահեցանք: Վա՜յ, այդ ի՜նչ մե՜ծ նուաճո՜ւմ է՜ր…

***
Ուաշինկթընեան եռակողմը, եթէ իրականանայ, յայտնապէս (ժամանակաւորապէս) սառնարանը պիտի դնէ քանի մը հրատապ հարց, ինչպէս՝ ընդդիմախօսներու բանտարկութիւնը, Էջմիածինի վրայ հրոսակային արշաւը, տնտեսական խայտառակութիւններու արդար քննարկումները եւ այլ բաներ (մթնոլորտային հարցերը մասամբ մարդոց հասողութենէն անդին կը դասուին):

Անմիջական եւ անխուսափելի հարցում մը կը ծագի. ինչի՞ պիտի ծառայէ եռակողմանի (հաւանական) հանդիպումը: Աչքի առջեւ ունենալով միայն վերջին շաբաթներուն (նախկինները չենք անտեսեր), Ուաշինկթընէն ու Ազրպէյճան-Թուրքիա ճակատէն հնչած «աւետիսները» եւ անոնց ընդառաջ երթալու մեր վարպետ ստրկամիտներուն տրամադրութիւնները, կարելի է շարք մը նախատեսութիւններ ընել, եւ անոր համար մարդս մարգարէ ըլլալու պէտք չունի: Ընենք արագ եւ ոչ ամբողջական թւում մը:

– Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, հրապարակային երկխօսութիւններով, կրկին ու կրկին պահանջ դրին «Զանգեզուրի միջացքը» ունենալու, այդ ուղղութեամբ ալ արդէն շատո՜նց գործնական նախապատրաստութիւններ կը տեսնեն: Թշնամի կողմը հաւաստեց, որ Երեւանի վարչախումբը «ճկունութիւն ցոյց կու տայ» (այս պահանջին ընդառաջելու ուղղութեամբ):

– Ուշինկթընէն հասաւ այլ «աւետիս» մը: Մարդիկը բացայայտօրէն ըսին. եկէ՛ք, սա «միջանցք»ի հարցին տանք… միջին լուծում մը, այսինքն՝ այդ շրջանը 100 տարուան համար մեզի վարձու տուէք (իսկ մինչեւ 100 տարի, կա՛մ էշը կը մեռնի, կամ իշատէրը…):

– Հայաստանի «իմաստունը» սկսաւ խօսիլ խնդրոյ առարկայ ճամբուն (որ հիմա տարբեր անուններով ծախու հանուած է) «արտապատուիրակման» մասին: Շուտով յստակ դարձաւ, որ արտապատուիրակումը կրնայ իրականանալ՝ շրջանը օտար ընկերութեան մը վստահելով: Եւ «Բիւզանդական վէճ» մը ծագեցաւ, թէ նման ընտրանք գերիշխանութեան զիջում պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ: Պաշտօնական Երեւանը փորձեց – եւ կը շարունակէ փորձել – ազգը համոզել, որ զիջում պիտի չըլլայ, եւ իբրեւ օրինակ կը բերէ երկաթուղիներու, օդակայանի եւ այլ հաստատութիւններու արտապատուիրակուած ըլլալը (այլ հարց՝ թէ ինչո՞ւ հայը չի յանձանձեր նման հաստատութիւններ. Պատասխա՞նը. չարաշահներ եւ սնանկացումը տանողներ շարքի կանգնած են…): Ընդդիմադիրները, իմաստուն ու բանգէտ մարդիկ կ’ըսեն, որ իշխանութիւնները դարձեալ կը ստեն, որովհետեւ անոնց այսպէս կոչուած՝ բարի խոստումներն ու դրական նախատեսութիւնները յետոյ հակառակին փաստերով ամրագրուած են ու նորանոր վնասներ պատճառած՝ մեր հայրենիքին: (Այս բանավէճին եւ նախատեսութիւններուն մէջ չենք նախընտրեր աւելի խորանալ):

***
Վերի խորապատկերին դիմաց, եւ մի՛շտ հարցականի տակ դնելով հանդիպումին հաւանականութիւնը, «անիկա ինչի՞ պիտի ծառայէ»ին՝ տանք քանի մը պատասխան.

– Յայտնապէս «Զանգեզուրի միջանցքին արտապատուիրակման» ծրագիրը եփած կերակուր է, կը մնայ, որ Թրամփ, խաղաղարարի իր պատմուճանին վրայ, նոր աստղ մը աւելցնելու նպատակով, փորձէ Ալիեւէն ու Փաշինեանէն ապահովել շահաբեր խոստումներ: Շահաբերը՝ ամերիկացիներուն ու դաշնակիցներուն, նաեւ՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար (իսկ ինչո՞ւ մոռնալ, որ Փաշինեան անոնց գլխիկոր գործակատարն է, Հայաստանի շահերուն դիտանկիւնէն մատը-մատին զարնելու տրամադրութիւն չունի):

– Այս ծրագիրին իրականացումը՝ Ուաշինկթըն եւ մեր անմիջական թշնամիները կը դիտեն իրենց եւ դաշնակիցներու շահերուն դիտանկիւնէն: Անոնք վստահաբար վերջերս մե՜ծ ցնծութեամբ իմացան, որ Հայաստանի նոր օրերու «Աբիսողոմ աղան»՝ նախագահի աթոռին նշանակուած Վահագն Խաչատուրեանը, Սիւնիք իր այցելութեան օրերուն, փորձեց ժողովուրդին ծախել ճամբաներու բացման ծրագիրը, զայն ներկայացուց (իբրեւ թէ) Հայաստանի ու մասնաւորապաէս սիւնեցիներուն համար շահաբեր, սակայն ստացած պատասխաններէն մէկն էր. «Մենք քեզի չենք հաւատար…»: Ի դէպ, կա՞յ հայ մը, որ թշնամի-դրացիներուն հետ խաղաղութիւն եւ գործակցական յարաբերութիւն չցանկայ: Սակայն երբ բաց աչքերով եւ աղաղակող փաստերով կը տեսնենք, որ իշխանաւորներուն «խաղաղութեան ծրագիր»ները միայն ու միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հացին կարագ ու մեղր կը քսեն, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ լիարժէք հակահայութիւն կը տանին, Հայաստանին կը խոստանան ուղղակի եւ անուղղակի ենթակայութիւն՝ վասալութիւն, մինչեւ անգամ հողային յաւելեալ կծկո՛ւմ, մինչեւ անգամ՝ անէացո՛ւմ (կոյր ու խուլ պէտք է ըլլալ, չգիտակցելու՝ թէ Ալիեւ ինչ ըսել կ’ուզէ Սեւանն ու Սիւնիքը, նոյնինքն Երեւա՛նը ազերիապատկան հռչակելով), բանականութիւնը կը թելադրէ ըլլալ իրատես, այսինքն տեսնել, որ Երեւանի վարչախումբը շահերը կը դիտէ բացառապէս… թուրք-ազերիական ակնոցով:

– Եթէ առաւելաբար առեւտրական եւ շահադիտական «ուղեղով» Թրամփ մը Ալիեւի եւ Փաշինեանի կ’ըսէ՝ «հո՛ս եկէք», կը նշանակէ, որ անմիջական նպատակը պիտի ըլլայ Փաշինեանի «թեւը ոլորել», որպէսզի պաշտօնապէս ընդունի «արտապատուիրակումը», այսինքն՝ վաճառէ Սիւնիքը՝ «միջանցք» անուան տակ (գնողը, գիտենք, ո՛վ պիտի ըլլայ. Արցախը վկայ… ): Ատենին, Հիլըրի Քլինթըն յոխորտացած էր, որ Հայաստանի օրուան նախագահին թեւը ոլորած էր, որպէսզի ընդունէր «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» արդիւնքը՝ փրոթոքոլները, սակայն յետոյ յայտնի եղաւ, որ չէր յաջողած:

Շատո՜նց փաստուած է, որ Փաշինեան նոյնքան ուժեղ կամ ճկուն բազուկ չունի (իսկ եթէ բան մը ունի՝ այդ ալ կը գործածէ Եկեղեցւոյ ու ընդդիմադիրներու դէմ՝ «ներսը շնագայլ, դուրսը մուկ» տրամաբանութեամբ): Ան բացայայտեց, որ պատրաստ է Սիւնիքը վաճառքի հանելու, եւ՝ աճուրդով, երբ սկսաւ խօսիլ արտապատուիրակման «հնարք»ին մասին (որ իր ուղեղին մէջ տեղադրուած էր թշմանիներուն կողմէ):

– Արտապատուիրակման ծրագիրին իրականացման մէջ, Ուշինկթըն կրնայ այս կամ այն ձեւով, ուղղակի կամ անուղղակի տարազներով, գլխաւոր դերակատարութիւնը յանձնել… թրքական ընկերութեան մը, եւ պարտադրել՝ ամէն բանի «ասէ՛ք, կանե՛նք» ըսող Փաշինեանին, որ ընդունի այդ ընտրանքը: Անկէ անդին, նոր մարգարէներ փնտռելու պէտք չունինք, հասկնալու՝ թէ Սիւնիքին գլխուն – եւ Սիւնիքէն սկսեալ – ինչպիսի՜ աղէտներ կրնան իրարու յաջորդել:

***
Առաջադրուած հանդիպումին իրականացումը՝ մէկ աղէտ, չիրականանալը (կամ յետաձգումը) ուրիշ աղէտ: Իսկ եթէ իրականանայ, ՔՊ-ական վարչախումբը ինքզինք աւելի՛ հզօրացած ու քաչալերուած պիտի զգայ մէկ կողմէ՝ ընդդիմադիրներու եւ յատկապէս Եկեղեցւոյ դէմ բռնադատութիւններուն մէջ, միւս կողմէ՝ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները շահելու ախորժակով:

Երկու պարագային ալ, ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԸ հրամայական է, ընդդիմադիրներուն միասնութիւնն ու ազգ ու հայրենիք պահելու կամքը ունեցող զանգուածներուն՝ ընդդիմարդիրներուն շուրջ համախումբումը, ՀԶՕՐԱՆՔի ապահովումը՝ կենսական:

Իսկ երբ կը խօսինք միասնութեան մասին, անշո՛ւշտ որ ի մտի ունինք նա՛եւ ամբողջ ՍՓԻՒՌՔԸ:

Սարգիս Մահսէրէճեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանն Ադրբեջանին «միջանցք» է տրամա

Մինչ իշխանությունը Վաշինգտոնում եռակողմ հանդիպման արդյունքներով ստորագրված համ

12 Օգոստոս 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարարութ

2025 թ. օգոստոսի 8-ին ԱՄՆ-ում Նիկոլ Փաշինյանի կողմից եռակողմ հանդիպման հայտարա

12 Օգոստոս 2025
«Կովկասի Փանամայի ջրանցքը». Գարլոս Անթ

Խ. Տէր Ղուկասեան Ուաշինկթընի մէջ 8 Օգոստոսին ստորագրուած ԱՄՆ, Հայաստան, Աdր

12 Օգոստոս 2025
«Հայրենիքն ամեն բանից վեր»․ ՀՅԴ ՀԵՄ բա

Բյուրականի բանակավայրում, որտեղ ընթանում է ՀՅԴ ՀԵՄ բանակումը, հայտարարվել էր բ

12 Օգոստոս 2025
Ակնարկ. 9 Նոյեմբերի Վերափոխումը 8 Օգոս

Ուաշինկթընի եռակողմ հռչակագիրը խորքին մէջ պսակումն է Միացեալ Նահանգներու արտաք

12 Օգոստոս 2025
Կանադան շարունակում է պնդել արցախահայո

Հայ դատի Կանադայի հանձնախումբը տեղեկացնում է, որ օգոստոսի 10-ին Կանադայի արտաք

11 Օգոստոս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում կայացած եռակողմ գագաթնաժողովի արդյունքները որպես պա

11 Օգոստոս 2025
Ի՞նչ տեսակետ ունի ԱԺ «Հայաստան» խմբակց

Օգոստոսի 8֊ին Նիկոլ Փաշինյանի, Դոնալդ Թրամփի և Իլհամ Ալիևի՝ Սպիտակ տանը կայացա

10 Օգոստոս 2025
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական կ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանը խստիւ կը դատապարտէ 8 Օգոստոսին,

10 Օգոստոս 2025
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմ

8 Օգոստոս 2025ը Տխրահռչակ Օր Մը Պիտի Մնայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմո

10 Օգոստոս 2025
Սեւրի պայմանագրի 105-ամեակն ու Հայաստա

Սեւրի պայմանագիրը բոլորեց իր 105-ամեակը: Փաստաթուղթ, որն արդարացիօրէն կարող են

10 Օգոստոս 2025
Թրամփի ծրագիրը՝ նպաստաւոր Ատրպէյճանի ե

Ընդհանրապէս ներկայացուած որպէս մշտական խաղաղութեան ծրագիր մը՝ որ ձեռք բերուած

09 Օգոստոս 2025
Վաշինգտոնում գործարքը կվտանգի ՀՀ անվտա

Հայ Դատի Ամերիկայի հանձնախումբը (ANCA) գագաթնաժողովից դեռ մեկ օր առաջ էր կասկա

09 Օգոստոս 2025
Ստորագրված փաստաթղթերը չունեն վերջնակա

Ի՞նչ ստացավ Ադրբեջանը Վաշինգտոնի եռակողմ բանակցություններից. 1. ստացավ ՀՀ հ

09 Օգոստոս 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը

2025 թ. Օգոստոսի 8-ին ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփի միջնորդութեամբ Վաշինգտոնում ստ

09 Օգոստոս 2025
Սեւրի Դաշնագիրի 105-Ամեակ. Ո՞ւր Է Հայկ

Արցախեան վերջին հակամարտութիւնը հիմնովին փոխեց Հարաւային Կովկասի աշխարհաքա

09 Օգոստոս 2025
Արցախի էջի փակումը և Հայաստանի ինքնիշխ

Փաշինյան–Թրամփ–Ալիև եռակողմ հանդիպումը, ըստ ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստա

09 Օգոստոս 2025
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտար

Սպիտակ տան հովանաւորութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան Ուաշինկթընի մէջ կայացած բանակցո

09 Օգոստոս 2025
Խմբագրական. Ուիլսընէն Թրամփ Կամ Սեւրէն

Սեւրի դաշնագիրը անքակտելիօրէն կը կապուի Ուիլսընի իրաւարարութեան հետ: Գործընթաց

09 Օգոստոս 2025
Արտաքսել պարտութեան վարչակարգը

Հարց կը տրուի ինծի, թէ իսկապէս ի՞նչ պիտի առաջարկէի Փաշինեանի «խաղաղութեան փաթե

09 Օգոստոս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company