Սեւրի Դաշնագիրի 105-Ամեակ. Ո՞ւր Է Հայկական Միջանցքը
09 Օգոստոս 2025
Արցախեան վերջին հակամարտութիւնը հիմնովին փոխեց Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական համայնապատկերը` ետին թողնելով մարդասիրական, քաղաքական եւ տնտեսական խոր հետեւանքներ: Պատերազմին ամէնէն ողբերգական հետեւանքը արցախահայութեան ցեղասպանութիւնն էր: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած տնտեսական ու մարդկային հսկայական կորուստներէն անկախ, արցախահայութեան զանգուածային տեղահանումը ծանր ճգնաժամ ստեղծեց Հայաստանի մէջ` մեծ բեռ մը դնելով հայկական տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ զինուորական մարզերուն վրայ:
Մինչ անմիջական ռազմական գործողութիւնները կը թուին սառած ըլլալ, տարածաշրջանը այժմ կը դիմագրաւէ յետցնցումներու հոսանք մը, ինչպէս` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները, Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները, Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան զինաթափումը եւ այլն…
Գլխաւորը, սակայն, ռազմա-տնտեսական կարեւորութիւն ներկայացնող ճանապարհներու եւ միջանցքներու վրայ կեդրոնացած ուշադրութիւնն է: Ուժերու հաւասարակշռութեան խախտումը եղաւ ի նպաստ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի եւ ի վնաս Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի: Ուշադրութեան կեդրոնը, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ն է: Այս առաջարկուող ցամաքային ճանապարհը կը նպատակադրէ Ազրպէյճանը միացնել Նախիջեւանին` Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայով: Անիկա կը ներկայացնէ կարեւոր ռազմական առաջնահերթութիւն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար եւ կը պատկերացուի իբրեւ փանթուրանական ցամաքային կամուրջ, որ իրարու կը միացնէ թրքական աշխարհը շրջանցելով երկու հիմնական ուժեր` Ռուսիան ու Իրանը, եւ իր հակակշիռին տակ կ՛առնէ նաեւ Չինաստանի փայփայած երազը` Մետաքսի ճանապարհը:
Այս միջանցքը, ըստ երեւոյթին, արժանացած է միջազգային ընտանիքի հաւանութեան: Իւրաքանչիւր ուժ տարբեր դիտանկիւնէ կը գնահատէ իր շահերը: Թուրքն ու ազերին մէկ կողմէն, ռուսը` միւս կողմէն, իսկ Արեւմուտքը նոյնպէս կը փորձեն կարկանդակէն իրենց բաժինը վերցնել:
Միակ ընդդիմացողը իրանցին է, այդ ալ` ոչ որպէս զօրակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան, այլ որովհետեւ այդ միջանցքը կ՛անջատէ Հայաստանը Իրանէն եւ աւելի եւս կը սեղմէ Թուրքիա-Իսրայէլ-Արեւմուտք պաշարման օղակը իր դէմ: Ասոր կողքին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ յատկապէս վարչապետ Փաշինեանին ձախաւեր եւ ապաշնորհ քաղաքականութեան պատճառով Հայաստանը ոչ միայն կորսնցուց Արցախը եւ տուաւ 5000 նահատակ, այլ հանդէս եկաւ որպէս միջազգային ընտանիքին տնտեսական շահերուն խոչընդոտ` յառաջ մղելով երազային եւ մանկամտօրէն հնարուած «խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, որ կը ստեղծէ թրիլիոնաւոր տոլարի հոսքի տնտեսական միջազգային ճանապարհ մը` Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան տակ, մոռնալով, որ այսպիսի խաչմերուկներու վրայ գտնուող երկիրներուն մեծ մասը կը տառապի քաղաքական եւ ապահովական անկայունութենէ: Վկաները` Եգիպտոսն ու Սուէզի ջրանցքը, Փանաման, Եմէնը ու Պապ էլ Մանտեպը, Իրանն ու Հորմուզը, Վրաստանն ու Ախալքալաքը, Ուքրանիան, Իրաքը, Սուրիան… Երկար է ցանկը:
Նոյնիսկ Թուրքիոյ պէս հզօր պետութիւն մը ամբողջական հակակշիռ չունի Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներուն վրայ: 1939-ին կնքուած Մոնթրոյի միջազգային համաձայնագրին հիման վրայ, սակայն, պատահականօրէն իշխանութեան հասած Փաշինեանի ու անոր օգնականներուն նման սահմանափակ գիտելիքներու եւ կարողութիւններու տէր մարդիկ գիտե՞ն այս իրողութիւնները:
Այս զարգացող տարածաշրջանային համայնապատկերին մէջ «հայկական միջանցքի» գաղափարը կ՛առաջանայ որպէս կենսական հակակէտ եւ հաւասարակշռուած տարածաշրջանային կապի անհրաժեշտ տարր: Հայաստանի համար, ըլլալով ցամաքային երկիր, միջազգային շուկաներու եւ ծովային նաւահանգիստներու անվտանգ եւ անարգել մուտքը գերակշիռ է իր երկարատեւ ինքնիշխանութեան եւ տնտեսական ճկունութեան համար: Հայկական միջանցքը պիտի նախատեսէր անվտանգ եւ արդիւնաւէտ տարանցիկ ճանապարհի ապահովում, որ հաւանաբար կը տանի դէպի Սեւ ծով կամ այլ կենսական առեւտրային կեդրոններ, որոնք ուղղակիօրէն կը սպասարկեն Հայաստանի տնտեսական եւ ռազմավարական կարիքներուն: Այսպիսի մուտքը զգալիօրէն պիտի բարձրացնէր Հայաստանի առեւտրային ներուժը` նուազեցնելով ծախսերը եւ ժամանակը, նոր շուկաներ բանալով եւ օտարերկրեայ ներդրումներ գրաւելով: Ռազմավարական տեսակէտէ, անկախ մուտքը պիտի ամրապնդէր Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը` նուազեցնելով անոր կախուածութիւնը սահմանափակ ճանապարհներէն:
Այս օրերուն, երբ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական քարտէսը վերաձեւուելու վտանգին տակ է, կարեւոր է վերարժեւորել պատմական իրաւունքն ու ռազմավարական հեռանկարը Հայաստանի համար: Մասնաւորապէս, քննարկումները «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը պահանջեն, պէտք է զուգորդուին Հայաստանի համար իրական փոխհատուցման գաղափարով:
Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, Սեւրի դաշնագիրը (օգոստոս 1920 – յօդուած 89) Հայաստանի իրաւունք տուած է դէպի Սեւ ծով ելք ունենալ: Այս ելքը Հայաստանը պիտի կապէր աշխարհին եւ պիտի վերացնէր երկիրը ամբողջապէս ցամաքով փակուած ըլլալու պարագան: Բայց, աւա՜ղ Լոզանի պայմանագիրը (յուլիս 1923) մարեց այդ երազը:
Սեւրի դաշնագիրը (որուն 105-ամեակը կը նշենք այս տարի) թէեւ երբեք կեանքի չկոչուեցաւ, սակայն անիկա կը պահէ իր քաղաքական-բարոյական արժէքը: Եթէ այսօր կը քննուի տարածք մը զիջիլ, օրինակ` «Զանգեզուրի միջանցք»-ը` առանց հայկական սահմանային հսկողութեան, ապա անոր դիմաց պէտք է պահանջուի ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան վերահաստատում, այլեւ արդար փոխհատուցում, ինչպէս` Սեւ ծով ելքի միջանցք:
Արցախը, պատմական եւ մշակութային հայկական հող ըլլալէ բացի, գոյապաշտպանական խնդիր է: Արցախի ժողովուրդը իր ապրելու իրաւունքը հաստատեց պատերազմներով եւ անկախութեան ճամբով: Այս տարածքը Հայաստանին կապուած մնալու է կենսական` ոչ միայն հայ բնակչութեան, այլեւ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:
Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պատմական դաշնագրերուն գործածութիւնը պէտք է տեղ ունենան ժամանակակից բանակցութիւններուն մէջ: Ուստի, եթէ համեմատական «միջանցք»-ի քաղաքականութիւն մը քննարկուի, ապա անիկա պէտք է ըլլայ փոխադարձ եւ հիմնուած` արդարութեան, ոչ թէ պարտադրանքի վրայ:
Հայաստանի ելքը դէպի Սեւ ծով, Արցախի ապագան եւ Զանգեզուրի ապագայ կարգավիճակը միաձուլուած են: Այդ բոլորը միասին պէտք է լուծուին, ոչ թէ` զատ-զատ, ի հարկէ չմոռնալով քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ կողմէ կատարուելիք փոխհատուցման հարցը: Ի վերջոյ, տարեկան «մէկ թրիլիոն տոլարնոց» Զանգեզուրի երթուղին հնարաւոր չէ տալ առանց փոխարէնի:
Թուրքը սա շատ լաւ գիտէ, այդ պատճառով ան հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրը նախապայման կը դնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն համար, որպէսզի անիկա գայ Հայաստանի կողմէ առաւելագոյն, իսկ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի կողմէ նուազագոյն զիջումով, չըսելու համար` առանց զիջումի: Ահա թէ ինչո՛ւ թուրք-ազերիական իւրաքանչիւր առաջարկի պէտք է պատասխանուի ողջմիտ հակաառաջարկով, որպէսզի չթուի թէ Հայաստանը խոչընդոտ կը հանդիսանայ միջազգային շահերուն:
Թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ թէ՛ սփիւռքը շատ ընելիք ունին այս ուղղութեամբ:
Ազդակ