Ակնարկ. 9 Նոյեմբերի Վերափոխումը 8 Օգոստոսի
12 Օգոստոս 2025
Ուաշինկթընի եռակողմ հռչակագիրը խորքին մէջ պսակումն է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի, «Քառնըկի» հետազօտական կեդրոնի, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ վերջապէս նախագահ Թրամփին կատարած յայտարարութիւններուն: Խաղաղութեան համաձայնագիրին մօտալուտ ըլլալէն մինչեւ ապապատուիրակում, երկարաժամկէտ վարձակալում եւ ապա «հրաշք»-ի կայացում: Այս բոլորը կը տեղաւորուին Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանին մէջ կիրարկած ընդհանուր քաղաքականութեան պարունակին մէջ:
Ի՞նչ նախադէպեր կը կապուին այս բոլորին: Նոյեմբերեան յայտարարութիւնը կէտ առ կէտ իրողապէս կը չեղարկուէր. հակառակ անոր որ պաշտօնական Մոսկուայի ներկայացուցիչները յաճախ կը խօսին եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու եւ յատկապէս 9-րդ կէտի արդիական նշանակութեան մասին, այդուհանդերձ իրադարձութիւնները կ՛ընթանան հակառակ ուղղութեամբ:
Ռուսական սահմանապահ ծառայութիւնները կը հեռանային «Զուարթնոց» օդակայանէն, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատուող տարածքներէն, հայ-իրանեան սահմանէն: Այս վերջին կէտն էր հանգուցաւոր բաժինը, որուն ուղղութեամբ չկար աշխարհաքաղաքական համաձայնութիւն:
Մինչեւ այդ Իրանը Սիւնիքի մէջ կը բանար իր հիւպատոսութիւնը, Փարիզը կը հաստատէր պատուոյ հիւպատոսութիւն, որ պիտի իրականացնէր նաեւ հիւպատոսական ծառայութիւններ, իսկ Մոսկուան կը սպասէր Երեւանի համաձայնութեան` բանալու համար Սիւնիքի իր հիւպատոսարանը:
Առ այս պահը Մոսկուան չունի Երեւանի համաձայնութիւնը Սիւնիքի մէջ դիւանագիտական ներկայութիւն ունենալու, մինչ Երեւանը արդէն համաձայնած է, որ ամերիկեան վերահսկողական գործիքակազմ տեղակայուի Սիւնիքի մէջ բացուող նոր հաղորդուղիներուն:
Ըստ էութեան, ուրեմն, Ուաշինկթընի հռչակագիրը չեղեալ կը նկատէ նոյեմբերեան յայտարարութիւնը, յատկապէս 9-րդ կէտը եւ զայն կը վերափոխէ ամերիկեան անվտանգային գործիքակազմի տեղակայումով, «հայ-ամերիկեան» միացեալ ընկերութեան անունին տակ:
Ուշագրաւ է Թեհրանի պաշտօնական դիրքորոշումը այս բոլորին նկատմամբ: Մինչեւ ուաշինկթընեան հանդիպում ամերիկեան շրջանակներէ արծարծուած հաւանական ներգրաւուածութեան հրապարակային առաջարկները չարժանացան Իրանի կտրուկ մերժումին: Մինչեւ այդ Իրանը շատ վճռակամ կը յայտարարէր իր սահմաններու փոփոխելիութեան, «միջանցքեան» տրամաբանութեան եւ որեւէ այլ ուժերու տեղակայման դէմ: Թէ՛ դեսպանի եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակներով Թեհրանը բաւարարուեցաւ ընդհանուր սկզբունքներ հնչեցնելով:
Կտրուկ մերժում չկայ նաեւ Ուաշինկթընեան հռչակագիրէն ետք եւս: Այս անգամ արտաքին գործոց նախարարին եւ նախագահին կը վերագրուին այն միտքերը, որոնք կը խօսին «միջանցք»-ի գաղափարի մէկ կողմ դրուելուն եւ իրանեան պահանջներու նկատառման մասին: Թէեւ կայ հրապարակային մօտեցում, այլ ուժերու իրանամերձ սահմանային տարածքներ տեղակայուելուն մասին: Կը նկատուին ներթեհրանեան հակասութիւններ նշուած հանգամանքներ ունեցողներուն եւ յեղափոխական պահակագունդի կամ հոգեւոր պետի շրջապատի անձնաւորութիւններու կողմէ, «միջանցք»-ի համաձայնութիւններուն դէմ. նոյնիսկ սպառնական յիշեցումներ:
Պատահական չէ, որ Ուաշինկթընեան հռչակագիրը անմիջականօրէն նախորդեց Ալասքայի հանդիպումին: Հակառակ Մոսկուայի յղումներուն եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն եւ արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւման դէմ կատարուող յայտարարութիւններուն, չի բացառուիր, որ Մոսկուան ուքրանական տարածքներու վերահսկողութեան իրաւունք ստանայ Ուաշինկթընէն: Գործարքային վարկածները չեն բացառուիր Հարաւային Կովկաս-Ուքրանիա գիծին վրայ:
Հակառակ այս աշխարհաքաղաքականութեան սակայն, հայկական կողմը հարուածներ ստացաւ Ուաշինկթընի մէջ:
Ա.- Չապահովեց գերիներու վերադարձը, նոյնիսկ եթէ որոշ պահու արծարծեց նման խնդիր:
Բ.- Դէպի խաղաղութիւն գացող հռչակագիր ստորագրեց շուրջ 200 քառ. քմ ներխուժուած տարածքներով:
Գ.- Ընդառաջեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ յարակից կառուցակարգերու լուծարման ազրպէյճանական պահանջին, միջազգային ատեաններու մէջ փակելով Արցախի հակամարտութեան էջը:
Դ.- Այսպիսով առոչինչ կը նկատուին նաեւ հայկական կողմէն Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանական արարքներու դէմ բարձրացուած հայցերը:
Ե.- Հայկական կողմը կը զիջի իր վերջին զիջելիքը. դարեր շարունակ փայփայուած թուրանական կամուրջը գէթ այս պահուն կ՛աշխատի միակողմանիօրէն: Թուրքերուն եւ ազրպէյճանցիներուն կը վերապահուի կամուրջի օգտագործումը, թէկուզ ամերիկեան անվտանգային վերահսկողութեամբ:
Զ.- Նոյնիսկ եթէ հայելային տրամաբանութեամբ Արցախէն բռնատեղահանուածներու վերադարձի դիմաց ազրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձի հարց պիտի դրուէր, ապա հայկական կողմը այդ հարցը պիտի բարձրացնէր իբրեւ ցեղային զտումի ենթարկուած ժողովուրդի մը միջազգային իրաւունքի իրականացման սկզբունք:
Է.- Ռազմական յանցագործին, ահաբեկչական պետութեան եւ ցեղասպանական գործողութիւններ իրականացուցած վարչախումբին դէմ վերացուեցաւ 907 արգելքը: Այդ վերացումը ըստ էութեան կը չեղարկէ այդ բոլոր յանցագործութիւնները գործադրած ըլլալու մեղադրանքը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ապաշրջափակուի ներխուժուած տարածքներով, իր ժողովուրդի մէկ հատուածին ցեղասպանութեան ենթարկուած ըլլալու եւ բռնի տեղահանումներու ենթարկուած ըլլալու փաստերով, ռազմագերիներ անորոշ ժամկէտով արգելափակումի տակ մնացած ըլլալու իրականութեամբ եւ այս բոլորով Արցախի հարցը փակելով:
Տակաւին շատ փակագիծեր կան: Հայաստանը աքցանուած է թրամփեան ուղիով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Այդ աքցանի սեղմումը կամ թուլացումը կախեալ է Ուաշինկթընէն: Ապաշրջափակումը ըստ էութեան աքցանումի համազօր երեւոյթ է այս համապատկերին մէջ:
«Ա.»
Ազդակ