ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ուղերձ

Մենք անսասան կը մնանք մեր ազգային օրակարգին մէջ

06 Հունվար 2026 Ընկերական Զրոյց

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՈՒՂԵՐՁ

Մինչ կը դիմաւորենք Նոր տարին եւ կը տօնենք Սուրբ Ծնունդը, մեր ամէնէն ջերմ բարեմաղթութիւնները կը փոխանցեմ ձեզի, ձեր ընտանիքներուն եւ մեր ամբողջ համայնքին՝ մաղթելով յաջող տարի մը, լեցուն առողջութեամբ, յոյսով եւ Հայ Դատի հանդէպ մեր միասնական յանձնառութեան վերանորոգուած նուիրումով։

2026 տարին կը սկսինք մեր պատմութեան վճռորոշ պահուն մէջ, որ կը պահանջէ միասնութիւն, անսասան կամք եւ քաջ ու սկզբունքային գործողութիւն։ Այս տարին ժամանակն է բոլորս միասին գործելու՝ նպատակի յստակ գիտակցութեամբ, ամրապնդելու մեզ միաւորող կապերը եւ վճռականութեամբ պաշտպանելու մեր ժողովուրդին իրաւունքները եւ ապագան։

Պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ երբ միացեալ ենք եւ կ՛առաջնորդուինք ընդհանուր տեսլականով՝ ո՛չ մէկ մարտահրաւէր եւ ո՛չ մէկ արգելք անյաղթահարելի է։ Միասին կրնանք կերտել հայ ազգին համար աւելի լուսաւոր, աւելի հզօր եւ աւելի դիմակայուն ապագայ մը։

Մենք անսասան կը մնանք մեր ազգային օրակարգին մէջ՝

– Արդար եւ մնայուն խաղաղութիւն, հիմնուած հայ ժողովուրդի անքակտելի իրաւունքին՝ ազատ եւ ապահով ապրելու իր պատմական հայրենիքին մէջ, ներառեալ Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի, որոնք բռնագրաւուած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ՝ ուժի գործադրումով, ցեղասպանութիւններով, ցեղային զտումներով եւ շարունակուող յարձակողականութեամբ։

– Իրապէս ժողովրդավար հայկական պետութիւն մը, ուր ընդդիմադիր ձայները չեն հալածուիր, անկախ մամուլը ազատ է, եւ որեւէ հաստատութիւն, ներառեալ Հայ եկեղեցին, թիրախ չեն դառնար կամ չեն լռեցուիր բռնապետական իշխանութեան կողմէ։

– Առաջնորդութիւն մը, որ ազգային շահերը, հայկական ինքնութիւնը եւ երկարաժամկէտ պետականութիւնը կը դասէ անձնական շահերէն, քաղաքական գոյատեւումէն կամ ցեղասպան եւ բացայայտ թշնամական վարչակարգերու հետ գործընկերութիւններէն վեր։

– Արեւմտեան երկիրներու կառավարութիւններէն յստակ եւ սկզբունքային քայլեր, որոնց ազատութեան եւ արդարութեան հռչակուած նուիրուածութիւնը պէտք է վերածուի Հայաստանի նկատմամբ գործնական աջակցութեան, այլ ոչ թէ մարդու իրաւունքներ խախտողներու հանդէպ զիջումներու՝ առեւտրական ուղիներու, աշխարհաքաղաքական գործարքներու կամ ուժանիւթի շահերու համար։

– Եւ Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացի պատանդներու անմիջական եւ անվերապահ ազատ արձակում, որոնց շարունակուող գերութիւնը միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է։

Այս ազգային օրակարգին ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանքը կը պահանջէ Հայաստանի մէջ արմատական քաղաքական փոփոխութիւն։ Վարչակարգի փոփոխութիւնը միայն կառավարման հարց չէ, այլ՝ ազգային հրամայական մը։ Ներկայի իրականութիւնը խարխլած է Հայաստանի ապահովութիւնը, քայքայած՝ ժողովրդավարական հաստատութիւնները, թուլցուցած՝ ազգային կամքը եւ արգելակած՝ մեր ժողովուրդին արդարութեան ձգտումը։

Վերանորոգուած Հայաստան մը պէտք է առաջնորդուի այնպիսի ղեկավարութեամբ մը, որ կը վերականգնէ ազգային արժանապատուութիւնը, կը պահպանէ ժողովրդավարական ազատութիւնները, անզիջում՝ կը պաշտպանէ հայկական իրաւունքները եւ կը վարէ արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւն մը՝ հիմնուած արդարութեան վրայ եւ իրականացուած ուժի դիրքէն, այլ ոչ թէ ենթարկուելու դիրքէն։ Միայն այսպիսի ղեկավարութիւն մը կրնայ վերակերտել առողջ, սկզբունքային, արդիւնաւէտ եւ տեւական Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւն մը, որ Սփիւռքը կը դիտէ իբրեւ հայկական պետականութեան անփոխարինելի սիւն մը եւ մեր համազգային օրակարգը յառաջ մղող գործընկեր մը։

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, մեր պարտականութիւնը գործելն է, այլ ոչ թէ ինքնաբաւութեամբ գոհ մնալը։ Ուժեղ եւ միացեալ հայկական համայնք մը՝ կազմակերպուած, նպատակի յստակ գիտակցութեամբ եւ հանրութեան գործուն մասնակցութեամբ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին (ANCA) անխոնջ աշխատանքով պէտք է շարունակենք ընդլայնել հայ-ամերիկեան քաղաքական պաշտպանութիւնը, շարժել ընտրողները, դիմադրել անարդարութեան եւ հաշուետու պահել ընտրուած պաշտօնատարները՝ կառավարութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ։

Մեր ապագային սիրտը մեր երիտասարդութիւնն է՝ հայկական եւ հանրային դպրոցներու ու համալսարաններու մէջ, ANCA-ի կրթաթոշակի եւ փորձառական ծրագիրներուն մէջ, եւ յատկապէս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) շարքերուն մէջ։

ՀԵԴն անփոխարինելի դեր ունի քաղաքականապէս գիտակից, ազգային առաքելութեան նուիրուած եւ հանրային գործուն երիտասարդութեան մը ձեւաւորման մէջ։ Երիտասարդական գործունէութեան, առաջնորդութեան զարգացման եւ գաղափարական կրթութեան մէջ ներդրումը կենսական է՝ Հայ Դատի շարունակականութիւնը եւ Սփիւռքի մէջ մեր ազգային ինքնութեան պահպանումը ապահովելու համար։ Նոյնքան կարեւոր է մեր համայնքային կառոյցներու ամրապնդումը՝ մեր եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային կեդրոնները, լրատուամիջոցները եւ հանրային կազմակերպութիւնները, ինչպէս՝ ՀՕՄը, Համազգայինը, ՀՄԸՄը եւ այլք։ Այս հաստատութիւնները Սփիւռքի մէջ հայկական կեանքի ողնաշարն են։ Ուժեղ եւ միացեալ համայնք մը՝ կենսունակ հայկական դպրոցներով եւ համադրուած ազգային կազմակերպութիւններով՝ անհրաժեշտ են մեր ինքնութիւնը պահպանելու, մեր արժէքները փոխանցելու, մեր հաւաքական ձայնը հզօրացնելու եւ մեր ընդհանուր Դատը յառաջ տանելու համար։

Մենք անսասան կը մնանք մեր առաքելութեան մէջ՝ սկզբունքով եւ նպատակով առաջնորդելու, մեր ժողովուրդը կազմակերպելու եւ մեր հաւաքական ջանքերը համադրելու՝ մեր իրաւունքները պաշտպանելու։ Նպատակի միասնութիւնը, նուիրումը եւ գործը պիտի որոշեն մեր յառաջընթացի ուղին։

Այս Նոր տարին միասին սկսելով՝ թող որ վստահութիւն ունենանք մեր ժողովուրդին հանդէպ, հաւատք՝ մեր Դատին նկատմամբ եւ վճռակամութիւն՝ մեր քայլերուն մէջ։ Միասին պիտի յաղթահարենք օրուան մարտահրաւէրները եւ պիտի շարունակենք մեր կեանքի պայքարը՝ արդարութեան, ազատութեան եւ Հայ Դատին համար։

Վճռականութեամբ եւ Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան ջերմ բարեմաղթութիւններով՝

ԿԱՐՕ Ռ. ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ, Ներկայացուցիչ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակի» մայիսի համարը։ 2026 թ․մայիսը անհանգիստ, եթե

04 Հունիս 2026
Մենք ենք որոշում մեր ճակատագիրն ու մեր

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանը հանդես է եկել

04 Հունիս 2026
«Հայաստան» դաշինքի ասուլիսը ընտրախախտո

Այսօր՝ հունիսի 4-ին «Հայաստան» դաշինքի կենտրոնական շտաբում տեղի է ունեցել ը

04 Հունիս 2026
Քաղաքացիին «Ո՛չ»-ը

Այս իրականութիւնը անխուսափելիօրէն քաղաքացիին կը մղէ վերաիմաստաւորելու պետութեա

04 Հունիս 2026
Գլխաւոր Խայտառակութիւնը՝ Մոռացութեան Մ

Հայաստանի ընտրապայքարը շուտով կը հասնի իր աւարտին: Բաւական խօսուեցաւ անոր որակ

04 Հունիս 2026
Նպատակը՝ երկրի ուղղութիւնը ճիշտ ուղի վ

- Պրն. Դանիէլեան, սկսենք հիմնական հարցից. որպէս քաղաքական մեծ փորձ ունեցող կու

03 Հունիս 2026
Ընկերական Զրոյց. Առողջ Քննադատութիւնը

Դաշնակցութեան անցեալի եւ ներկայի ընդդիմախօսները ու նաե՛ւ «երդուեալ» հակադաշնակ

03 Հունիս 2026
Խմբագրական. Պոֆորէն Ստեփանակերտի Ս. Աս

Իսրայէլի գործած յարձակումներուն թիրախ դարձած Պոֆորի ամրոցը, դատապարտումի առում

03 Հունիս 2026
Վճռորոշ Ընտրութեան Սեմին

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն մեզ կը բաժնեն քանի մը

03 Հունիս 2026
Այսօր առաջնային է, հայրենիքի թէ սփիւռք

Ինչքան ողջունելի է սերունդներու դաստիարակութիւնը՝ հայրենիքի անկախութեան կարեւո

03 Հունիս 2026
Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ը և ԵՄ-ը չպետք է միջամ

Որևէ օտարերկրյա պետություն չպետք է միջամտի անկախ և ինքնիշխան Հայաստանի ներքին

02 Հունիս 2026
Փաշինյանի իմացությամբ 2020-ին ՊՆ նախար

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամավորի թեկնածու Գեղամ Մանուկյա

02 Հունիս 2026
Խուզարկություններ՝ «Հայաստան» դաշինքի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան Սա

02 Հունիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց Հայաստանի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան ան

02 Հունիս 2026
Ակնարկ. Միջանկեալ Թէժ Փուլ` Լիբանանի Մ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան 60-օրեայ հրադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները երե

02 Հունիս 2026
Հանրապետական մաղթանք՝ նուիրուած Մայիս

Կիրակի, 31 Մայիսին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սո

01 Հունիս 2026
Հաւանական Չէ, Որ Մօտերս Խաղաղութեան Հա

Նախ եւ առաջ պատասխանելով իսրայէլեան ուժերու Պէյրութի թէ հարաւային Լիբանանի վրա

01 Հունիս 2026
Տեր կանգնենք մեր երկրին. «Հայաստան» դ

Այսօր՝ մայիսի 31-ին «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներն ու համակիրները Արամ Մ

31 Մայիս 2026
Հայաստանը պետք է ապրի

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպությունների համակարգող խորհրդի

31 Մայիս 2026
Վերելքի Յոյսե՞ր

Հասարակութիւններու փափաքները, գիտակցաբար կամ ոչ, կը գոյանան կեանքի առարկայական

31 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company