Վտանգաւոր Օզ վհուկը
05 Փետրվար 2026
Չշփոթենք Մեհմետ Օզ վհուկը «Օզի Կախարդը» (“The Wizard of Oz”) գործին հետ։ Բոլորովին տարբեր կացութեան մը, եւ իրավիճակի մը առջեւ գտնուած կ’ըլլանք։ Եզրոյթն ալ նոյնը չէ։
1900 թուականի Ֆրենք Պաումի մանկական “The Wonderful Wizard of Oz” վէպէն ներշնչուած, շատ աւելի մեծ հռչակ սփռած եւ 1939-ին ցուցադրուած «Օզի Կախարդը» հոլիվուտեան երաժշտախառն շարժանկարին մէջ նշուած Օզը, երեւակայական երկիր մըն է։ Մինչդեռ, Մեհմետ Ճենկիզ Օզը, աւելի յայտնի որպէս Տոքթոր Օզ, Քլիվլենտ (Օհայօ) ծնած ծագումով թուրք ամերիկացի մըն է, որ նախագահ Թրամփի օրհնութեամբ, 2025 թուականէն ի վեր կը ծառայէ որպէս Medicare-ի եւ Medicaid-ի ծառայութիւններու կեդրոններու (CMS) 17-րդ աւագ պատասխանատու։
Օզ տիպարը, որ նաեւ բժիշկ, մանկավարժ, հեղինակ, մեծ ժողովրդականութիւն վայելող պատկերասփիւռի հաղորդավար եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտերիմ քաղաքական գործիչ եւ պետական պաշտօնատար մըն է, 2022-ին արդէն քաղաքական բեմէն ներս սկսած էր գործել եւ Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւորած եւ յունական, հրէական, քրտական եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ կազմուած դաշինքին թափած տեւական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած էր խափանել անոր Ծերակոյտի անդամ ընտրութիւնը:
Օրին, հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ կասեցնելու համար Փենսիլվանիան Ծերակոյտին մէջ ներկայացնելու համար Օզի թեկնածութիւնը։ Տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբը նահանգի ամբողջ տարածքին աշխատանք տարաւ Օզի եւ Անգարայի միջեւ կասկածելի կապերը հանրութեան ներկայացնելու եւ իրականութիւնը մերկացնելու համար։
Այս քարոզչական աշխատանքը փաստեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Օզին եւ Թուրքիոյ միջեւ կապերը ստոյգ խախտումներ են Միացեալ Նահանգներու մէջ օտար երկիրներուն ի նպաստ գործունէութիւն տանողներու մասին 1938-ին հաստատուած օրէնքին (FARA)։
էական աշխատանք տարուած էր բացայայտելով Օզի իրական կապերը, քաղաքական ծագումը եւ անհամապատասխանութիւնը ամերիկեան քաղաքական մշակոյթին։ Նոյնիսկ Օզի դիմակը վար առնող եւ իրական նպատակներն ու անցեալը ներկայացնող տեսերիզը կարճ ժամանակի մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծեց միլիոնաւոր դիտողներու մօտ:
Այս անգամ, իր նոր պաշտօնը օգտագործելով՝ Օզ վհուկը գործի լծուելով եւ պղտոր ջուրին մէջ որսալով, առողջապահական սպասարկութիւններու ոլորտէն ներս, կը մեղադրէ անմեղ քալիֆորնիաբնակ հայորդին, որ ըստ իրեն ամէն գնով կը փորձէ առաւելագոյնը օգտագործել։ Հոս ալ Հայ Դատը մնաց արթուն եւ գործի լծուեցաւ չեզոքացնելու համար նախագահ Թրամփի այս մօտիկ գործակիցը։ Օզի այս վտանգաւոր եւ խտրական քայլը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով անմիջապէս կապ հաստատուեցաւ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի եւ դաշնակցային շարք մը ղեկավարներու գրասենեակներուն հետ, որոնք բոլորն ալ անխտիր իրենց կարգին քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուցին Օզի դէմ։
Այսուամենայնիւ, զեղծարարութիւնը անկասկած որ յանցագործութիւն է, եւ իւրաքանչիւր օրէնքի դէմ կատարուած խախտում պէտք է քննուի ու պատժուի օրէնքի ծիրին մէջ՝ անկախ յանցագործին ծագումէն: Դեռ աւելին, օրէնքի գերակայութիւնը կը պահանջէ փաստեր եւ ոչ թէ ակնարկներ կամ ենթադրութիւններ, որոնք հիմնուած են միայն լեզուի, մշակոյթի կամ անհիմն ցեղային պատկանելութեան վրայ:
Պատմաբաններ կը հաւաստիացնեն, թէ «Օզի Կախարդը» վէպը կը ներկայացնէ 1890-ական թուականներու ամբոխահաճ շարժումը եւ 1896-ի նախագահական ընտրապայքարը Ուիլիըմ Ճենինկզ Պրայընի եւ Ուիլիըմ ՄքՔինլիի միջեւ։ «Օզի Կախարդը» կը դառնայ խաբուսիկ իշխանութեան մարմնաւորումը՝ խորհրդանշելով Սպիտակ Տան քաղաքական գործիչները, որոնք արտաքին փայլով կը ներկայացնեն ուժ, սակայն ներքին բովանդակութեամբ դատարկ են եւ սնանկացած։
«Օզի Կախարդը» կը մնայ արդիական, որովհետեւ կը գործէ բազմաշերտ մակարդակներով։ Երեխաներուն համար՝ ան հեքիաթային արկած մըն է՝ յիշատակելի կերպարներով եւ անմոռանալի երգերով։
Մեծերուն համար՝ ան խորհրդածութիւն մըն է իշխանութեան, խաբկանքի եւ այն գիտակցութեան մասին, որ փնտռածը՝ իմաստութիւնն ու քաջութիւնն է։
Այս գիրքն ու ժապաւէնը կը նկատուին որպէս քաղաքական այլաբանութիւն, մշակութային փաստաթուղթ, յաւերժական հեքիաթ՝ իմա ամերիկեան առասպել, միեւնոյն ժամանակ հասարակութեան ցոյց տալով թէ՛ երազները եւ թէ՛ հիասթափութիւնները։
Իսկ Մեհմետ Օզի պարագան շատ աւելի վտանգաւոր է։ Ան հեքիաթային եւ երազային կախարդ մը չէ, այլ ապրող, շնչող եւ շարունակ գործող թրքամէտ քարոզչական մեքենային համար գործող հլու կամակատար՝ վհուկ մը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
