Ակնարկ. Օմանէն Պէյրութ Եւ Կազա
06 Փետրվար 2026 Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու վայրի յանկարծակի փոփոխութիւնը որոշ դիտարկումներու կ՛առաջնորդէ: Անգարան բաւական խանդավառ ինքնաառաջադրուած էր ստանձնելու միջնորդական առաքելութիւն: Այս ճիգը արդիւնաւորուած կը թուէր, երբ մանաւանդ Պոլիսը կ՛ընտրուէր բանակցութիւններու վայր: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նոյնիսկ բանակցային ձեւաչափ կ՛առաջարկէր եւ կ՛առաջարկէր կեդրոնանալ միայն հիւլէական թղթածրարին վրայ: Ածանցեալ խնդիրները, որոնք սկզբունքով օրակարգային կէտեր էին բանակցութիւններուն, կը վերաբերէին հեռահար հրթիռներու ռազմարդիւնաբերութեան սահմանափակման եւ Իրանի կողմէ ֆինանսական եւ սպառազինական օժանդակութիւններու դադրեցման տարածաշրջանի այլ յենակէտերու:Պարզ է, որ Թեհրանի առաջարկով է, որ բանակցային հարթակի փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենար: Կ՛առաջարկուէր, որ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենային չէզոք միջավայրի մէջ: Ուրեմն Իրանի ընկալումով Անգարան կը շարժէր այս պարագային ամերիկեան կանոններով:
Հիմա փորձենք պարզել վայրի փոփոխութեան ետին կանգնած կարեւորագոյն հանգամանքներէն բաժին մը:
Անգարայի երկկողմանի մօտեցումը կրնար բացատրուիլ հետեւեալով: Կեդրոնանալ միայն հիւլէական թղթածրարին վրայ, կամ որդեգրել բանակցութիւններու փուլային տարբերակը, սկզբունքով կը բխէր Իրանի շահերէն: Ռազմարդիւնաբերութեան եւ արտաիրանեան յենակէտերու օժանդակութիւններու սահմանափակումը այս փուլին քննարկելի չէին ըլլար: Միւս կողմէ, սակայն, իրանական իւրանիոմի պաշարներու Թուրքիա տեղափոխումը հաշտ չէր ընկալուեր Իրանի կողմէ, որ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած էր իւրանիոմի օգտագործման համեմատութիւնը նկատելիօրէն պակսեցնելու պահանջին:
Այստեղ միայն Իրանի որոշումով պէտք չէ պարզաբանել բանակցային հարթակի փոփոխութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ Իսրայէլ-Թուրքիա մրցակցութիւնը: Իսրայէլ ընդհանրապէս հանգիստ չ՛ընկալեր Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերագործարկումը: Թել Աւիւի ուզածը համապարփակ զիջումն է, թէ՛ հիւլէական, թէ՛ հեռահար հրթիռներու եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ իրանեան յենակէտերը վերջնականօրէն արմատախիլ ընելու առումներով: Անգարայի առաջարկած փուլայինը հակոտնեայ մօտեցում է յարաբերաբար Իսրայէլի առաջադրածին:
Երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ Թեհրան պատրաստ է բանակցելու եւ կ՛առաջարկէր բանակցային թղթածրարի ձեւաչափի փոփոխութիւն, յայտնապէս իր նախաձեռնութիւնը համաձայնեցուցած էր Իրանի հետ: Այդ նախաձեռնութիւնը յայտնապէս ոչ միայն չէր համաձայնեցուած Իսրայէլի հետ, այլ նաեւ կը հակադրուէր անոր:
Ուաշինկթընը նախ եւ առաջ չէր հակադրուած Պոլսոյ մէջ բանակցելու առաջարկին: Սակայն Իւրանիոմի պաշարներու Թուրքիա տեղափոխումը փաստօրէն ընդունելի չէր ոչ միայն Իրանին կողմէ, այլ նաեւ Իսրայէլին: Գործընթացները այնքան արագ են, որ իրենց կշռոյթին տակ կը պահեն նաեւ այս փոփոխութիւնները:
Մետասաներորդ պահուն, լուրեր շրջանառուեցան Օմանի հանդիպումի ջնջումին մասին` ընդգծելով, որ բանակցութիւնները տապալեցան: Պաշտօնական Թեհրանը աւելի ուշ հերքեց այդ լուրերը եւ ըսաւ, թէ կողմերը պիտի հանդիպին Օմանի մէջ, ըստ որոշումին: Հանդիպումի կայանալ-չկայանալու այս խաղը եւս ճնշամիջոցներու շարքին մէջ պէտք է տեսնել: Յայտնապէս, Օմանի մէջ փուլային կշռոյթով բանակցութիւնները կը մեկնարկեն:
Փուլային ձեւաչափը կը կիրարկուի նաեւ Լիբանանի եւ Կազայի մէջ: Երկու միջավայրերու պարագային յայտարարուած է առաջին փուլի կայացումը: Երկրորդ փուլի անցումը արագ չէ եւ նոր բարդութիւններու կը հանդիպի: Նախադրեալները այնպէս կը յուշեն, որ լիբանանեան եւ համասեան փուլայինները կապուած են օմանեան փուլայինին: Որքան ալ որ հաստատուի, որ այս հանգրուանին զանց կ՛առնուին միւս երկու հիմնական կէտերը, յստակ է, որ Լիբանանն ու Կազան պիտի կրեն հետեւանքները Օմանին, դրական թէ բացասական առումներով:
Միացեալ Նահանգներ-Իրան ապալարուածութիւն ապահովելու եւ բանակցութիւններ գործարկելու համար հաւանական միջնորդներու մասին կը խօսուէր, եւ կը շրջագայէին Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Թուրքիոյ անունները: Օմանը ընդհանապէս չկար այդ ցանկին մէջ: Օմանը սակայն հիւրընկալած էր այդ բանակցութիւնները մինչեւ վերջին պատերազմական գործողութիւնները: Հիմա կը վերստանձնէ իր առաքելութիւնը: Իսկ այս մէկը կը նախանշէ առկախուած շարքի վերագործարկումը:
«Ա.»
«Ազդակ»
