ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Քննարկում
  • Քաղաքական վերլուծություն
  • Հոդվածներ

Ընտրական Ուսումնասիրութիւն, Հարցախոյզ․․․Եւ այլն

08 Ապրիլ 2026 Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ի պատրաստութիւն, EVN Report-ը Փետրուար 26-ին, հրապարակեց Ներսէս Կոպալեանի եւ Ռաֆայէլ Օհաննէսեանի հեղինակութեամբ յօդուած մը, վերնագրուած «Undecideds Swing New Poll Numbers: Armenia’s Parliamentary Elections Take Shape» (https://evnreport.com/elections/undecideds-swing-new-poll-numbers-armenias-parliamentary-elections-take-shape/)։ Յօդուածը հիմնուած է EVN Report-ի մէկ հետազօտութեան վրայ, որ իրականացուցած է Հայկական Ընտրական Ուսումնասիրութիւն (ArmES)։ Նշուած է, որ ներկայացուածը երեք անգամ կատարուելիք հարցախուզական շարքի առաջին ալիքն է եւ նկարագրուած է, որպէս «Հայաստանի մէջ իր նման առաջին հարցախոյզը»։ Սա համարձակ յայտարարութիւն է, հաշուի ունենալով, որ Հայաստանը վերջին ժամանակաշրջանի մէջ համեմատաբար ամուր փորձառութիւն ունի հարցախոյզներու առումով՝ Gallup International Association, CRRC, IRI, Edison Research եւ այլ կազմակերպութիւններու նման։ Յօդուածը կը ներկայացուի տեսականօրէն ամուր, խելամիտ եւ քննադատական վերլուծումներով։ Գրողները օգտագործած են Ամերիկեան Ազգային Ընտրական Ուսումնասիրութիւններու (ANES) հեղինակութիւնը եւ կիրառում կը կատարեն ընտրողին վարքագիծը կանխատեսելու համար։ Սակայն, երբ ընթերցողը կը շարունակէ հետեւիլ, ի յայտ կու գայ, թէ մեկնաբանական կողմնակալութիւններ կատարուած են, որոնք լրջօրէն վնաս կը հասցնեն եզրակացութիւններուն։

Ահաւասիկ, զեկոյցին խոցելի մասերը․-

Ամերիկեան Ազգային Ընտրական Ուսումնասիրութիւններու (ANES) հետ բաղդատական

Զեկոյցը բազմիցս կը նշէ Ամերիկեան Ազգային Ընտրական Ուսումնասիրութիւնները (ANES), սակայն շուտով ի յայտ կու գայ, թէ կատարուած հարցախոյզերը համարժէք ձեւով չեն ընթանար։ Հայկական Ընտրական Ուսումնասիրութիւնը (ArmES) ապաւինած է 820 պատասխանողներու։ Ամփոփելով, Ամերիկեան Ազգային Ընտրական Ուսումնասիրութիւններու (ANES) հետ համեմատութիւնը, այն տպաւորութիւնը կու տայ, որ Հայկական Ընտրական Ուսումնասիրութիւնը (ArmES) կը գործէ նոյն մեթոտաբանական ճշգրտութեամբ, սակայն ներկայացուածը հիմնականօրէն տարբեր է, տուեալներ հաւաքելու եւ թափանցիկութեան առումով։

Անորոշ տուեալներու ներկայացում

Զեկոյցը բազմիցս կը նշէ «զգուշաւոր լաւատեսութիւն» եզրոյթը։ Տնտեսական յետագայ մտահոգութիւնները գրեթէ բաժնուած են (37.9% վատ, 32% լաւ, 19% անփոփոխ, 7% չեմ գիտեր), մինչդեռ ապագայ տեսլականները ցոյց կու տան են «չեմ գիտեր» պատասխաններու աճ (27.9%)։ Այս բարձրացող անորոշութիւնը նշան է տատամսումի, շփոթութեան կամ անվստահութեան, ոչ թէ դրականութեան։ Նմանապէս, ընտրախումբը գրեթէ հաւասար բաժնուած է երկրի ընթացքին շուրջ (37.9% սխալ ուղի, 34.9% ճիշտ ուղի, 26.5% անորոշ), բայց զեկոյցը կը կարդայ որպէս «զգուշաւոր լաւատեսութիւն»։

Պարզապէս, տուեալները յստակօրէն չեն ցուցադրեր դրականութիւն։ Անոնք ցոյց կու տան հանրային բաժանում եւ անորոշութիւն տնտեսութեան եւ երկրի ընդհանուր ընթացքին վերաբերեալ։ Այս խառն եւ անորոշ պատասխանները մեկնաբանելը որպէս «զգուշաւոր լաւատեսութիւն» կը չափազանցէ իրական թիւերը։ Արդիւնքները հիմնականօրէն ուղղուած են անորոշութեան եւ պառակտումի, ոչ թէ լայն դրական տեսլականի։

Լրացուցիչ ցուցակը՝ կանխատեսող ո՞ւժ, թէ՞ շրջանաձեւ պատկեր

Զեկոյցի ամենակարեւոր մասը կը վերածէ անորոշ ընտրողներուն 40.5% կանխատեսուած ձայներու բաժնին՝ օգտագործելով 0-3 լրացուցիչ կշիռ երեք հարցի վրայ՝ արդարութիւն/պատասխանատուութիւն, անվտանգութեան բարելաւում եւ TRIPP քաղաքականութեան գնահատում։ Այս հարցերը կազմուած են այնպէս մը, որ կը համապատասխանեն գործող իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութեան, ստեղծելով երեք հիմնական խնդիրներ.

Ա. Թեմաներու ընտրութեան կողմնակալութիւն

Ներկայացուած են միայն երեք թեմաներ՝ նկատի չունենալով այլ կարեւոր կէտեր, որոնց կարգին փտածութիւն, երկրի անվտանգութիւն, արտաքին քաղաքականութեան առնչութեամբ վստահութիւն։ Թեմաներու կողմնակալ ընտրութիւնը կը վերածէ հպանցիկ հարցախոյզի, եւ ո՛չ թէ իրական ընտրողներու առաջնահերթութիւններու արտացոլացման։

Բ. Ենթադրական մoտեցում

Ընտրողները կրնան աջակցիլ որդեգրուած քաղաքականութեան, բայց մերժել առաջնորդութեան ոճը, կատարումը կամ կուսակցական պատկանելութիւնը։ Քաղաքական համաձայնութիւնը կարելի չէ համահաւասար նկատել կուսակցական նուիրուածութեան։

Գ. Հնարաւորութիւնը իրական ձայներու վերածել

46.3% անորոշ ընտրողներ, որոնք կը յայտնեն, որ «հաւանական է» կամ «լիովին հաւանական է» ձայն տան Քաղաքացիական Պայմանագրին, վերածելով 40.5% ձայներու բաժնի, կը հիմնուի ենթադրութիւններու վրայ՝ հաւանականութիւնը հաւասար է իրական ձայնին, մասնակցութեան հաւասար բաշխում, ոչ մէկ հակակշռող շարժում եւ վերջին վայրկեանի փոփոխութիւններ, եւ ոչ ալ համաչափ ազդեցութիւն։ Սա կը նշանակէ հնարաւորութեան չափազանցութիւն։

Աւելի յստակացնելու համար, «աւելի հաւանական է» ձայն տալը չի նշանակէր, թէ հաւասար է իրական ձայնի։ Ընտրութիւններէն առաջ շատ բան կարող է փոխուիլ, ներառեալ մասնակցութիւնը, քարոզարշաւի գործելաձեւը եւ ուշ ընտրողներու որոշումները։ Այս հաւանականութիւնները վերածելը կուտակուած ձայներու բաժնի՝ կը ստեղծէ համոզիչ վստահութիւն, որը տուեալները չեն տեղեկացներ։

Մասնակցութեան ենթադրութիւններ

2021-ին միայն 49.3% քուէարկողներ մասնակցած էին։ Ըստ հարցախոյզներու թիւը կրնայ բարձրանալ։ Երեւակայական թիւեր կան։ Եթէ մասնակցութիւնը մօտ է 55-60%-ի եւ գերակշռող կուսակցութիւնները կ՛օգտուին ցած մասնակցութիւններէն, 82% ենթադրութիւնը կը նկատուի իշխանութեան օգտին։ Բայց ցուցադրական ապացոյց չէ տրուած մասնակցութեան փոփոխութեան մասին։

Վերջին ընտրութիւնները եւ հարցախոյզերուն մեծ մասը ցոյց կու տան, որ քուէարկութեան մասնակցութիւնը սովորաբար ցած է։ Երբ մասնակցութիւնը կ՛ենթադրուի իրականութեան մէջ բարձր, կանխատեսուած արդիւնքները կը նկատուին աւելի կայուն։ Յստակ ապացոյց գոյութիւն չունենալով, անտեղի ենթադրութիւնը պիտի շարունակուի։

Քաղաքացիներու կանխատեսում՝ հասկացողութիւն ընդդէմ զանգուածային հոսքի

Զեկոյցը կը ներկայացնէ քաղաքացիական կանխատեսումներ՝ պնդելով, որ ան լաւ արդիւնքներ ունեցած է Ա․Մ․Ն․-ի մէջ։ Սակայն այդ կանխատեսումները կրնան արդիւնք դառնալ զանգուածային ազդեցութեան, լրատուամիջոցներու գերիշխանութեան ընկալման, գործող իշխանութեան միջամտութիւններուն։ Քաղաքացիական Պայմանագրի յաղթանակը կանխատեսող մեծամասնութիւն չի նշանակեր ժողովրդավարական պայմաններու կիրարկումով կամ պարզապէս կանխատեսել անխուսափելին։

Օրինաչափ կազմ եւ սերտուած գնահատական լեզու

Քանի մը արտայայտութիւններ նրբանկատ կերպով դատողութիւններ կը կատարեն, որոնց կարգին․- «Դեմոկրատական ընդդիմութիւնը բացակայ է ընտրական դաշտէն», «Արեւմտամէտ, Թաւշեայ կուսակցութիւն», «Հակա-Փաշինեան ձայն», «Արեւմուտքի, Հակա-Թաւշեայ յեղափոխական կուսակցութիւն»։ Այս պիտակները ցոյց կու տան, թէ աշխատանքը չեզոք ձեւով չընթանար։

«Անորոշ»-ներու խնդիրը

36.7% համեմատութիւնը պատասխանողներուն անորոշ է։ Սա արտասովոր բարձր բաժին մըն է։ Նման բարձր անորոշ ցուցանիշները նշան են կուսակցութիւններու թուլութեան եւ տեղեկատուութիւններու բացակայութեան, բան մը, որ կը դժուարացնէ գործընթացը։

Տուեալները ի՞նչ կը թելադրեն

Տուեալները ցոյց կու տան վարչապետին վարկանիշը, երկրի ընթացքին նկատմամբ բաժնուած անբաւարար տեղեկութիւններ, հիմնականօրէն յոռետես տնտեսական գնահատականներ, ապագայի նկատմամբ բարձր անորոշութիւն եւ անորոշ ընտրողներու մեծ քանակ։ Ներկայացուած աջակցութիւնը միայն բաժնուած է։ Չկայ մեծամասնութիւն։ Սա միացում չէ, այլ պառակտում։

Կեդրոնական խաբէութիւն

Զեկոյցի ամենէն աւելի ուժեղ պնդումը այն է, թէ Քաղաքացիական Պայմանագիրը ներկայիս ունի 40.5% ձայներու բաժին։ Սա ամբողջովին հիմնուած է երեք հարցերու եւ հաւանականութեամբ ձայներ վերածելու 82% մասնակցութեան ենթադրութեան վրայ։ Իսկական հիմքը 26.1%-ն է։ Անտեղի ընդօրինակումը իրականութիւն չէ։

Եզրակացութիւն՝ գործելաձեւի թերութիւններ կամ կառուցուած կողմնակալութիւն

Երկու լայն մեկնաբանութիւններ կարելի է կատարել Հայկական Ընտրական Ուսումնասիրութեան (ArmES)։ Մէկը ներկայացուած ոճն է։ Հարցախոյզը կրնայ զոհը դառնալ ցոյց տրուող պատկերներու սահմանափակումներուն, որոնք կը ներկայացնեն վերլուծական խեղաթիւրումներ։ Երկրորդը մեկնաբանական է՝ զեկոյցը կրնայ ներկայացուած ըլլալ որպէս չեզոք եւ առարկայական, մինչդեռ անոր կառուցուածքը յստակօրէն կ՛ուղղէ պատասխանները նախորոշուած եզրակացութիւններու։ Երկու պարագաներուն ալ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, յատկապէս երկրորդ բացատրութիւնը։

Վերջապէս խնդիրը պարզ է։ Ներկայացուած տուեալները չեն ապացուցեր ընտրական համախմբում եւ չեն հաստատեր գործող իշխանութեան յստակ գերակայութիւնը։ Անոնք կը մատնանշեն բոլորովին այլ պատկեր մը՝ բաժնուած ընտրազանգուած, ազգային ուղղութեան շուրջ հակասական գնահատականներ եւ չափազանց մեծ՝ տակաւին չորոշուած ընտրողներու խումբ մը։

Այսպիսի պայմաններու մէջ վստահ ընտրական կանխատեսումներ ներկայացնելը կը պահանջէ վերլուծական ենթադրութիւններ, որոնք շատ աւելի հեռու կ՛անցնին այն սահմաններէն, որոնք իրական տուեալները կրնան հիմնաւորել։ Երբ նախատիպի ստեղխումը կը սկսի փոխարինել իրական չափաւորումը, վիճակագրութիւնը կը դադրի ըլլալ զուտ վերլուծական գործիք եւ կը վերածուի քաղաքական պատմութիւն կառուցելու միջոցի։

Հետեւաբար հիմնական հարցը այն չէ, թէ արդեօք բարդ վիճակագրական տիպարներ կարելի՞ է կիրառել անորոշ ընտրազանգուածներու պարագային։ Իրական հարցը այն է, թէ արդեօք այդ տիպարները հաւատարիմ կերպով կը ներկայացնե՞ն այն քաղաքական իրականութիւնը, որուն վերլուծումն ու ներկայացումը կը փորձեն կատարել։

Այս պարագային տուեալներուն եւ անոնց մեկնաբանութեան միջեւ գոյացած բացը կը յուշէ, որ վերլուծական շրջանակը շատ աւելի ծանր աշխատանք կը կատարէ, քան այն ապացոյցները, որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն ունին։ Երբ այդպիսի անհամաչափ գործընթացը կ՛ընթանայ, ընթերցողը իրաւունք ունի հարցնելու՝ արդեօք ներկայացուածը իրականութի՞ւնն է, թէ՞ պարզապէս ձեւաւորման փորձ մը։

«Հայրենիք»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Սահմանները կբացվեն այն ժամանակ, երբ Հա

Հայ-թուրքական սահմանի բացման համար Թուրքիայի ներկայացրած բոլոր նախապայմաններն

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company