Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի 121-րդ Շրջանային Ժողովը Տեղի Ունեցաւ Շիքակոյի Մէջ
27 Փետրվար 2019![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2018/11/ՀՅԴ-պաշտոնական-լոգո-զինանշան-2-1024x576.jpg)
Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի կառոյցը իր 121-րդ Շրջանային Ժողովը գումարեց Շիքակոյի մէջ, Փետրուար 21-24, մասնակցութեամբ շրջանի կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամի եւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան ու Գանատայի ԿԿ-ներու ներկայացուցիչներու:
Ազգային եւ գաղութային առաջադրանքներու ընդարձակ քննարկումէն ետք, ժողովը ձեւաւորեց ու որդեգրեց յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական ուղղութիւնը:
Ժողովը իր աշխատանքները եզրափակեց շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ընտրութեամբ, որ բաղկացած է հետեւեալ ընկերներէ.
Ճորճ Աղճայեան (Ներկայացուցիչ – Ուսթըր)
Վալոտ Աթախանեան (Նիւ Եորք)
Սեպուհ Հացագործեան (Տիթրոյյթ)
Սթիւ Մեսրոպեան (Փրովիտընս)
Խաժակ Մկրտիչեան (Պոսթըն)
Ճան Մկրտիչեան (Փրովիտընս)
Անի Չաղլասեան (Նիւ Ճըրզի)
hairenikweekly.com
26 Փետրուար 2019թ.