7-րդ (Է.) Ընդհ. Ժողով, Կարին, 1913
ՀՅԴ եօթներորդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցած է 1913 թուականի Օգոստոս 17-25, Կարին, Արեւմտեան Հայաստան (Օսմանեան Կայսրութիւն):
Զ.-րդ Ընդհ. Ժողովին որոշման համաձայն Է.-րդ Ընդհ. Ժողովը պիտի գումարւէր 1913-ի յուլիս ամսուն: Բայց մէկ կողմէն Բալկանեան պատերազմի հետեւանքով Թիւրքիոյ անցուցած ծանրածանր տագնապը եւ անոր զուգընթաց մտահոգութիւնները արգելք եղան, որ նախնական պատրաստութիւնները փութացւին: Միւս կողմէն Օսմ. Հայաստանի ղեկավար մարմիններու կողմէ դրւած պահանջը՝ Ժողովը Երկրին … մէջ գումարելու մասին, ձգձգեցին ժողովին վերջնական հրաւիրումը, որ, ուր ուրեմն, տեղի ունեցաւ Մեծ Հայքի մէջ:
Ժողովը բացւեցաւ օգոստոս 17-ին, իրաւասու 18 մարմիններէն 14-ի մասնակցութեամբ, տեւեց մէկ շաբաթ, ունենալով 14 նիստ:
Ժողովը սեղմ օրակարգ մը ունէր, նւիրւած հասուն ու անմիջական լուծում պահանջող խնդիրներու:
Օրակարգի սպառումէն ետք հարկ գտնւեցաւ շեշտել, թէ անխախ եւ ի զորու կը մնան նախորդ Զ.-րդ Ընդհ. Ժողովի բոլոր այն որոշումները, որոնց չի դպած այս Է.-րդ ժողովը իր նոր որոշումներով: Ասոնք ամփոփումը ահա կը բերենք ստորեւ:
Ա. Հ. Յ. Դաշնակցութեան Այլեւայլն Հատւածներու (section) Փոխյարաբերութիւնները
Բ. Թուրքիա
Գ. Ռուսիա
Ե. Պրօպագանդ եւ Հրատարակութիւններ
Դ. Պարսկաստան
Զ. Կեդր. Հաշւեքննիչին Գործունէութիւնը
Է. Կազմակերպական
«ԴՐՕՇԱԿ»
Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1913
Թիւ 9-10 (235)
Հ.Յ.Դ. Հիմնադիր Սերունդի երկու ղեկավար դէմքերու` Սիմոն Զաւարեանի եւ Ռոստոմի առաջնորդութեամբ, 7րդ Ընդհանուր Ժողովը քննութեան նիւթ դարձուց Գերմանիոյ հետ զինակցաբար ընդհանուր պատերազմի պատրաստուելու Իթթիհատի ռազմատենչ քայլերը։ Որոշեց՝ «օրինական բոլոր հնարաւոր միջոցներով կանխել զինուած ընդհարումները», իսկ եթէ պատերազմը անխուսափելի դառնայ՝ «ամէն քաղաքացի կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը ի՛ր պետութեան հանդէպ»։
Նազարէթ Պէրպէրեան,
«27 Սեպտեմբեր 1919. Դաշնակցութեան պատմական՝ 9րդ Ընդհանուր Ժողովին բացումը ազատ ու անկախ Երեւանի մէջ»:
ՀՅԴ Եօթներորդ Ընդհանուր Ժողովը հրաւիրող շրջաբերական-նամակը, ժողովի արձանագրութիւններն ու որոշումներէն ամփոփում ու քաղուածքներ կրնաք տեսնել «ՆԻՒԹԵՐ Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» Ժ. (10րդ) հատորի էջ 7-էն 42: