Վասպուրականի յեղափոխականների նահանջն ու կոտորածը

22 Հունիս , 1896

Օսմանեան պետութեան կողմէ 1895-1896 տարիներուն կազմակերպուած կոտորածներուն զոհ կ’երթան շուրջ 300 հազար հայեր: Ջարդերէն զերծ կը մնան այն շրջանները, ուր հայ յեղափոխականները կը յաջողին զինեալ ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպել: Վերջըններու շարքին կը պատկանին Վանն ու Այգեստանը, ուր Արմենական կուսակցութեան ղեկավար Աւետիսեան, հնչակեան Մարտիկ եւ դաշնակցական Պետօ, իրենց զինեալներով, կ’արգիլեն թուրք զօրքի, խուժանի եւ քիւրտ հրոսակներու մուտքը հայկական թաղերէն ներս: 1896ի Յունիսին բուռն բախումներ տեղի կ’ունենան քաղաքէն ներս եւ գաւառներուն մէջ:

Վանի մէջ եւրոպական պետութիւններու հիւպատոսները կը միջամտեն: Անոնք կը խոստանան արգիլել ջարդերը եւ հայ ազգաբնակչութեան ապահովութիւնը երշխաւորել, եթէ հայ զինեալները քաղաքէն հեռանան: Յեղափոխականները կը համաձայնին եւ կը մեկնին դէպի Պարսկաստան: Ճանապարհին, Սբ. Բարթողիմէոս Առաքեալի վանքին շուրջ եւ Գարահիսար լերան լանջերուն վրայ իրենց հանգիստի պահուն, անոնք անակնկալ կերպով կը պաշարուին քիւրտերու կողմէ: Անհաւասր կռիւ տեղի կ’ունենայ: Երբ հայերուն զինամթերքը կը սպառի, 800 հայ յեղափոխականներու մեծամասնութիւնը կը կոտորուի թիւով տասնապատիկ քիւրտերուն ձեռքով:

Յեղափոխութիւնը սակայն չի ջլատուիր: Վան մնացած Վարդան (ապագայ Խանասորայ Վարդան) եւ Վազգէն, իրենց փոքրաթիւ զինեալներով, կը շարունակեն ինքնապաշտպանութեան գործը: 1896ի աշնան, փոքր խումբերով Ատրպատականէն Վասպուրական կ’անցնին Պուլկարացի Պետոն, Արամայիս, Ախպէր, Գուրգէն, Ղարաբաղցի Նիկոլ եւ Խէչօ: 1897ի սկիզբը Վազգէն եւ Վարդան Սալմաստ կ’երթան եւ զինամթերքով ու ֆետայիներով կը վերադառնան Վան-Շատախ: Յիշեալ խումբերը կ’ունենան բազմաթիւ կռիւներ, 1896-1897 տարիներուն, թուրք զօրքին եւ քիւրտերուն հետ: Վասպուրականի հայութիւնը, յիշեալ դէպքերը բաղդատելով 1896ի Յունիսի լայնածաւալ բախումներուն հետ, զանոնք կը կոչէ «Պստիկ» կռիւներ: Ասոնք շարքին կը դասուի նաեւ Կուռուպաշի կռիւը, 1898, որուն ընթացքին կը զոհուին Վազգէն, խմբապետ Միքօ եւ զինուոր Արշակ:

-Վան-Այգեստանի ինքնապաշտպանութիւնը
Յունիս 1896

-Աւետիսեանի խումբին կոտորածը
Յունիս 1896

-Մարտիկի եւ Պետոյի միացեալ խումբի կոտորածը
Յունիս 1896

-Վան-Շատախի «Պստիկ» կռիւները
1896-1898

-Կուռուպաշի կռիւը
1898