Մուշեղ Աւետիսեան - Սասունցի Մուշեղ

19 Մարտ , 1956

Սասնոյ Խիանք գաւառէն. Ֆետայի, խմբաոետ: Կը յաճախէ Ս. Կարապետ վանքի եւ Մշոյ վարժարանները:

Կը մասնակցի Սասնոյ կռիւներուն: Ռուբէնի կողմէ, կազմակերպչական գործով, կը ղրկուի Տիարպեքիր, «Բլբուլ» կեղծ անունով:

Սահմանադրութեան շրջանին Սիմոն Զաւարեանի կողմէ գործիչ կը նշանակուի Ս. Կարապետի շրջանը:

Զինուորական ղեկավարներէն Սասնոյ 7 ամսեայ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն:

1918ին, Փեթարայ Մանուկին հետ, Մուշեղ կը հանդիսանայ Հայաստանի Արարատեան դաշտի Սասնոյ ուժերու ղեկավար, կը գրաւեն Թալինի բերդը եւ բազմաթիւ շրջաններ, ուր կը տեղաւորուին Տարօն-Սասունի գաղթականները:

ՓԵտրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն:

Կը մահանայ Պէյրութ, Լիբանան, 69 տարեկանին:

«Սաս­նոյ ֆե­տա­յա­կան սե­րուն­դին ան­կեղծ զի­նո­ւորն ու քա­ջա­րի խմբա­պե­տը»-Ն.