Մինաս Տէր Մինասեան - Ռուբէն

Ծնած՝ Ախալքալաք: Կը յաճախէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ապա՝ Մոսկուայի Լազարեան վարժարանը, որպէս ազատ ունկնդիր:
Ռուս բանակի սպայ: Հ.Յ.Դ. գործիչ, կը թրծուի Կարսի մէջ, կ’անցնի Վան՝ Արամի մօտ, ապա Սասուն, օգնելու Գէորգ Չաւուշին, որու նահատակութենէն ետք, Ռուբէն կ’ըլլայ դաշնակցական ուժերու պետ:
Սահմանադրութեան շրջանին կ’անցնի Ժընեւ, ուսումը շարունակելու. Ռուբէն գիտական իր աւարտաճառը կը պատրաստէր երբ հեռագիրով մը կը կանչուի Երկիր:
Կը վերադառնայ Մուշ ու կը վարէ Սասնոյ 1915ի հերոսամարտը թուրք բանակին դէմ: Կը յաջողի ճեղքել թշնամի շղթան ու փոքր խումբով անցնիլ Կովկաս:
Անդամ հայոց Ազգային Խորհուրդին, ապա՝ Հայաստանի խորհրդարանին, Հայաստանի Հանրապետութեան օրով՝ զինուորական նախարար: Խորհրդայնացումէն ետք , Զանգեզուրի վրայով կ’անցնի Պարսկաստան:
Ռուբէնի յուշերու 7 հատորները պատմական արժեքներ են. ան մոռացումը կը փրկէ բազմաթիւ ֆետայիներու անունները ու գործերը:
Կը մահանայ Ֆրանսա, 69 տարեկանին: