Յարութիւն Շահրիկեան - Նիթրա, Ատոմ

Ծնած՝ Շապին Գարահիսար: Կը յաճախէ Պոլսոյ Կալաթա-Սէրիայ լիսէն: Իրաւաբան, Հ.Յ.Դ. գործիչ, Բիւրոյի անդամ:

Տրապիզոնի մէջ, որպէս փաստաբան, կը ստանձնէ հայ բանտարկեալներու պաշտպանութիւնը: Կովկասի վրայով կը մեկնի Սալմաստ, ուր յաջողութեամբ կը լուծէ կազմակերպութեան ներքին տարակարծութիւնները ու կը փութացնէ Խանասորի արշաւանքը:

Հայ-թաթարական կռիւներու օրերուն, «Փոթորիկ»ի կողմէ կը ղրկուի հիւսիսային Կովկաս, անհրաժեշտ գումարներ ապահովելու, զինամթերք գնելու համար:

Սահմանադրութեան տարիներուն,  ջանք կը թափէ յաջողցնելու երկաթուղագծի շինութիւնը Թիւրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ, բայց ի զուր:

Պատերազմի սկզբին, Շահրիկեան կը մնայ Պոլիս ու կը զոհուի Եղեռնին, 55 տարեկանին: