Աբրահամ Գիւլխանդանեան

Ծնած՝ Էջմիածնի Վաղարշապատ աւանը. Կ’աւարտէ Գէորգեան ճեմարանը ապա՝ Եարոսլաւի իրաւաբանական դպրոցը:
Երիտասարդ տարիքին կը յարի Դաշնակցութեան: Գործիչ, Բիւրոյի անդամ:
Գործով կը փոխադրուի Բաքու ուր եւ կը նուիրուի կուսակցական գործին. սերտ կապե կը ստեղծէ նաւթահորերու հայ բանուորներուն եւ մարտական ուժերուն հետ:
Հայ-թաթարական կռիւներուն՝ ղեկավար է Բաքուի եւ Գանձակի ինքնապաշտպանութեան: Ցարական հալածանքի ժամանակ կը ձերբակալուի ռուս իշխանութեանց կողմէ:
Անպարտ արձակուելով կ’անցնի Երեւան: Անդամ է հայ կամաւորական գունդերու կարգադրիչ մարմնին:
Կը մասնակցի Բաքուի 1918ի հերոսամարտին :
Հայաստանի Հանրապետութեան օրով՝ ներքին գործոց, ապա՝ ելեւմտական նախարար:
1933էն սկսեալ կը նուիրուի գրական աշխատանքի: Կը մահանայ Ֆրանսա, 71 տարեկանին: