Նիկոլ Պողօսեան - Վանայ Իշխան

Ծնած՝ Շուշի, Ղարաբաղ: Կը յաճախէ տեղւոյն, ապա Երեւանի թեմական դպրոցները:
Հ.Յ.Դ. գործիչ Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի մէջ: Նեւրուզի խումբի սակաւաթիւ ազատուածներէն:
Կոմսի հետ կ’անցնի Վասպուրական: Կը կազմակերպէ Լեռնապարը ու կը դառնայ այդ շրջանի մարտական ղեկավարը: Իր զինուորական կեդրոնը կը դարձնէ բարձրաբերձ Կարկառի Խնձորուտ գիւղը: Կը վարէ բազմաթիւ կռիւներ, կը կատարէ ահաբեկումներ:
Կը մասնակցի Վիեննայի 4րդ Ընդհանուր Ժողովին:
Սահմանադրութեան շրջանին կը մերժէ կազմալուծե ֆետայական խումբերը:
1915ին, Իշխան ընդառաջելով թուրք կառավարութեան հաշտութեան առաջարկին, կ’ուղղուի Շատախ. սակայն ճանապարհին՝ Հիրճ գիւղին մէջ, ան զոհ կ’երթայ կուսակալ Ճեւտեթի դաւադրութեան. Իշխան եւ իր 3 ընկերները՝ Քոթոթ Պօղոս, Խռանի Վահան, Միհրան Տէր Մարգարեան կը սպանուին քնացած պահուն: