Մուրատ Խրիմեան - Սեբաստացի Մուրատ

04 Օգոստոս , 1918

Ծնած՝ Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը: Ֆետայի, խմբապետ: Կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն վարժարանին մէջ, ապա՝ Պոլիս:

Թորգոմի «Մրրիկ» խումբին հետ կ’անցնի Սասուն. Հերոսամարտի ղեկավարներէն՝ ան կը կատարէ անկարելին-երբ ալ սպառած էին ուտեսեղէնն ու ռազմամթերքը, ճեղքելով պաշարման շղթան, ծերերոու, մանուկներու եւ վիրաւորներու բազմութիւն մը ապահով կը հասցնէ Մշոյ դաշտ ու ինք խումբ մը ֆետայիներով կ’երթայ Վան եւ զինամթերք կը բերէ Սասուն:

Հայ-Թաթարական կռիւներուն, կը կռուի Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի ճակատներուն վրայ ու կը վարէ Ղափանի (այժմ Կապան) 50 հայ գիւղերու ինքնապաշտպանութիւնը:

Կը մասնակցի 4րդ Ընդհանուր Ժողովին, Վիեննա:

Սահմանադրութենէն ետք կը հաստատւի Սեբաստիա ու կը կազմակերպէ շրջանը:
Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը կ’անցնի Թիֆլիս, Անդրանիկի կամաւորական գունդին հետ կը մասնակցի Կարնոյ, Երզնկայի, Սարիղամիշի մարտերուն:

Մուրատի կը ապրտքին «մէկ հայ մէկ ոսկի» հայ բեկորներու (որբերու) փրկութեան գործը:
Ղեկավար մասնակցութիւն կ’ունենայ Բաքուի հերոսամարտին, ուր եւ կը զոհուի 44 տարեկանին:

-««Ես մահ չեմ ուզեր.. Ազատությունը կուզեմ տեսնել». Սեբաստացի Մուրադ»

-«Սեբաստացի Մուրատի վերջին դիւցազնական հերոսութիւնը»-Ն.