Հայ-թաթարական կռիւները

06 Փետրվար , 1905

Մինչեւ 1903 թուականը Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան առանցքը եղած էր օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ Հայաստանը: Կովկասի հայութիւնը համեմատաբար աւելի տանելի պայմաններու մէջ կը գտնուէր: 20րդ դարու սկիզբը կը վտանգուի նաեւ Կովկասահայութիւնը:

Ռուսական իշխանութիւններ՝ հայ եկեղեցական կալուածները գրաւելու ձախող փորձէն ետք կը դիմեն նենգամիտ միջոցներու, ընկճելու համար հայութիւնը: Անոնք գաղտնաբար կը զինեն Կովկասի թաթարները եւ զանոնք կը գրգռեն հայերու դէմ: Անոնց ծրագիրը պարարտ հող կը գտնէ իսլամ մոլլաներու, Բաքուի թաթար հարուստ խաներու ու աղաներու եւ Արցախ ամբարտաւան բէկերու մօտ:
Հայութեան տնտեսական, քաղաքական, մշակութային վերելքը խափանելու յարմար առիթը եկած համարելով, անոնք կը սկսին հայութիւնը ջարդի ու թալանի ենթարկել ոչ միայն թաթարական շրջաններուն մէջ, այլ նոյնիսկ իր հայրենի բնօրրան Արարատեան դաշտի ու Նախիջեւանի տարածքին:

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ամենուրեք ինքնապաշտպանութիւն կը կազմակերպէ: Արեւմտահայ խմբապետներ եւ ֆեայիներ հերոսաբար կը կռուին իրենց արեւելահայ զինակիցներու կողքին: Մէկ ու կէս տարի անընդհատ ամբողջ Անդրկովկասը կը դառնայ հայ-թաթարական արիւնալի կռիւներու թատերաբմ. Թանկագին կեանքեր կը զոհուին, բայց Հ.Յ.Դ. մարտիկները ոչ միայն կը յաջողին զսպել թաթարներու գազանութիւնները, այլեւ կ’ոչնչացնեն Արարատեան դաշտի եւ Զանգեզուրի ու Լեռնային Ղարաբաղի կարգ մը շրջաններուն մէջ դարերէ ի վեր հաստատուած թաթարական որջերը:

1-Բաքուի ինքնապաշտպանութիւնը կը վարեն Նիկոլ Դուման, Համօ Ջանփոլատեան, Մարտիրոս Չարուխճեան, Մկրտիչ Աղամալեան եւ Աբրահամ Գիւլխանդանեան
Փետրուար 1905

2-Նախիջեւանի կռիւները կը վարեն Սեբաստացի Մուրատ, Դաշնակցական Խէչօ, Դրօ, Ասլան եւ Ռաշիդ
Մայիս 1905

3-Շարուր-Դարալագեազի կռիւները կը վարեն Սարբազ Խէչօ եւ Առիւծ Աւագ
Մայիս 1905

4-Բաքուի նահանգապետ Նակաշիձէ՝ գլխաւոր հեղինակներէն մէկը Բաքուի արիւնահեղութիւններուն կ’ահաբեկուի Դրոյի եւ Մարտիրոս Չարուխճեանի կողմէ
Յունիս 1905

5-Երեւանի ինքնապաշտպանութիւնը կը ղեկավարեն Նիկոլ Դուման եւ Դաշնակցական Խէչօ
Մայիս 1905

6-Սիսիանի կռիւները կը վարէ Քեռի
Մայիս 1905

7-Դաւալուի կռիւները կը վարէ Սէյտօ Պօղոս
Մայիս 1905

8-Զանգեզուրի կռիւները կը վարեն Սեբաստացի Մուրատ, Սեպուհ, Կորիւն, Կայծակ Առաքել, Քիւրտ Խէչօ, Կիւմիւշխանեցի Աւօ, Կոտոյի Հաճի Յակոբ, Հաճի Գէւօ, Կոփեցի Մուշեղ, Ստեփան Ստեփանեան
1905 Մայիս-Օգոստոս

9-Ղամարլուի, Աշտարակի, Մինքենդի կռիւները կը վարեն Նիկոլ Դուման եւ Դաշնակցական Խէչօ
Յուլիս 1905

10-Շուշիի կռիւները կը վարէ Խանասորի Վարդան
Օգոստոս 1905

11-Վարանդայի շրջանի կռիւները կը վարեն Մածուն Խէչօ եւ Արամայիս
Օգոստոս 1905

12-Ասկերան-Խոջալու շրջանի կռիւները կը վարէ Համազասպ Սրուանձտեան
Օգոստոս 1905

13-Ղազախի կռիւները կը վարէ ՍեւՔարեցի Սաքօ
Յուլիս-Օգոստոս 1905

14-Գելարլու-Դիւանլար շրջանի կռիւները կը վարէ Մածուն Խէչօ
Սեպտեմբեր 1905

15-Թիֆլիսի բախումները կը վարեն Արմէն Գարօ եւ Տուրբախ
Նոյեմբեր 1905

16-Գանձակի եւ շրջակայքի բախումբերը կը ղեկավարեն Ռոստոմ, Աբրահամ Գիւլխանդանեան, Համազասպ, Բալլուջեցի Բաշխի, Դաւիթ Պէկ, Մելիք Բեգլարեան, Առստամ Եուզբաշի, Երուանդ եւ Ալեքսան Մնացականեաններ, Ալեքսան Բալասանեան
Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1905

17-Չայլու-Բաղմանլար շրջանի կռիւները կը վարեն Մարտիրոս Վարժապետ եւ Համբօ
Դեկտեմբեր 1905

18-Սարիսու-Դոզիլար-Էնգիշա-Բայրամլուի կռիւները կը վարէ Մարտիրոս Վարժապետ
Յունուար 1906

19-Գետաբեկի կռիւները կը վարէ Մարտիրոս վարժապետ
Յունուար 1906

20-Շուշիի երկրորդ կռիւը կը վարէ Խանասորի Վարդան
Յունիս 1906

21-Ղափանի (Կապան) շրջանի կռիւները կը վարեն Սեբաստացի Մուրատ, Կայծակ Առաքել, Կիւմիշխանեցի Աւօ, Կորիւն, Սմբատ եւ Քեռի
Յուլիս-Օգոստոս 1906