Յակոբ Կոտոյեան - Կոտոյի Հաճի

Ծնած՝ Մուշ: Ուսումը կը ստանայ Մուշի Կեդրոնական վարժարանը, ապա՝ Տիարպեքիր: Ֆետայի, խմբապետ:
1894ին կը գործակցի հնչակեան Միհրան Տամատեանի եւ հակաթուրք գործունէութեան համար կ’աքսորուի Սինոպ, Սեւ ծովի ափին. ազատ արձակուելով կ’անցնի Երուսաղէմ, ուր կը ստանայ «Հաճի» տիտղոսը ու Պոլսոյ վրայով կը վերադառնայ Մուշ:
Ինքն է, որ կը յղանայ Առաքելոց վանքի կռիւի գաղափարը եւ կը մասնակցի անոր:
Կը մասնակցի նաեւ Սասնոյ ապստամբութեան կռիւներուն, Կովկասի մէջ հայ-թաթարական կռիւներուն, ապա՝ Պարսկաստանի ազատագրման կռիւներուն:
1915ին կը ղեկավարէ Մուշ քաղաքի ինքնապաշտպանութիւնը ու կը կռուի մինչեւ մահ: Կոտոյի Հաճին 51 տարեկան էր: