Տիգրան Ապաճեան - Կայծակ Առաքել

Ծնած՝ Բաբերդ: Երզնկայի մէջ կը միանայ Տէրսիմի Քեռիի խումբին: Կարսի մէջ, իր անբաժան զինակից ընկեր Կիւմիւշխանեցի Աւոյի հետ, կը զբաղի զէնքի փոխադրութեան գործով. Ճարտարի հետ կը մասնակցի Խաթաւին լերան եւ աւերակ ջաղացի կռիւներուն:
Մաս կը կազմէ «Շանթ» խումբին:
Թորգոմի «Մրրիկ» խումբով կ’անցնի Սասուն ու կը մասնակցի բոլոր կռիւներուն. ապա՝ Կովկասի Հայ-թաթարական կռիւներուն, յետոյ՝ Պարսկաստանի ազատագրման կռիւներուն:
Վանի ինքնապաշտպանութեան՝ զինւորական մարմնի անդամ, 1915ին:
Կը մասնակցի կամաւորական Ա. Գունդին:
Երզնկայի մէջ, Մուրատի հետ կը զբաղի հայ բերկորներուն փրկութեան գործով:
Յանկարծամահ կ’ըլլայ Երզնկայի մէջ, 47 տարեկանին: