Համազասպ Սրուանձտեան

Ծնած՝ Վան: Պատանի տարիքին կը փոխադրուի Երեւան, ապա՝ Շուշի, որւ կը զբաղի ոսկերչութեամբ:
Հայ-թաթարական կռիւներուն, որպէս խմբապետ շուշեցի հայ կտրիճներու, կը վարէ Խաչէնի եւ Ասկերանի կռիւները. Ժողովուրդը կ’երգէ «Համազասպը պանծալի» ու զինք կը կոչէ «Ասկերանի հերոս»:
Ցարական հալածանքի օրերուն կ’աքսորուի Սիպերիա, ուրկէ փախչելով կը հասնի Պոլիս. կը մասնակցի 8րդ Ընդհանուր Ժողովին, Կարին. կ’անցնի Կովկաս, ուր կը նշանակուի կամաւորական 3րդ գունդի հրամանատար:
Կը մասնակցի Բաքուի 1918ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը ձերբակալուի բոլշեւիկներուն կողմէ ու Երեւանի աբնտին մէջ կացինահար կը սպանուի, Փետրուարեան ապստամբութեան նախօրեակին: Համազասպ 48 տարեկան էր: