Խաչատուր Ամիրեան - Դաշնակցական Խէչօ

Ծնած՝ Հին Նախիջեւան: Գործիչ, հայդուկ, խմբապետ:
Կովկասի եւ Ատրպատականի մէջ կը մարզէ մարտական խումբեր:
Կը մասնակցի Խանասորի արշաւանքին: Նիկոլ Դումանի խումբին հետ կը փորձէ Սասուն հասնիլ օգնութեան, սակայն սահմանին վրայ, Ռազիի կռիւի հետեւանքով, խումբը կը ցրուի:
Կը մասնակցի Հայ-թաթարական կռիւներուն, ապա՝ Պարսկաստանի ազատագրական պատերազմին, իբրեւ խմբապետ:
Պերլինի մէջ կը մասնակցի Դաշնակցութեան խորհուրդի նիստերուն:
Կամաւորական խումբի մը գլուխը անցած, ազատագրուած Վանէն կ’ուղղուի Տարօն, օգնութեան հասնելու Ռուբէնին, երբ Բաղէշի մօտ կը սպանուի «սուրը ձեռին, բարկութեան շանթերը իր դէմքին»-ըստ իր զինակից՝ Մարտիրոս Աբրահամեանի: Խէչօ 43 տարեկան էր: