Գրիգոր Միրազբէգեան - Մածուն Խէչօ

Ծնած՝ Խոյի Սէյդավար գիւղը: Հայդուկ: 1894ին, Շուշիի մէջ կը մտնէ Հ.Յ.Դ. շարքերը. Նիկոլ Դումանի հետ կ’անցնի Պարսկաստան:

Կը պատրաստէ Խանասորի դաշտի յատակագիծը, Արաուլ լերան գագաթէն հեռադիտակով ուսումնասիրելէ ետք:

Բաքուի մէջ կը կատարէ բանուորական շարժման կազմակերպական աշխատանքներ:

Հայ-թաթարական կռիւներուն, Արամայիսի հետ կը ղեկավարէ Վարանդայի եւ Ասկերանի կռիւները:

Պարսկական ազատագրական շարժման, որպէս Եփրեմ Խանի օգնական, կը ստանձնէ Թեհրանի պաշտպանութեան պատասխանատւութիւնը:

Կը զոհուի Բաքուէն դէպի Շամախ ճանապարհին, թաթարներու դէմ կռիւի մը ընթացքին: Խէչօ 44 տարեկան էր: