Կորիւն - Գոմսայ Իսօ

Ծնած՝ Մշոյ դաշտի Գոմս գիւղը: Կը յաճախէ Սրբ. Կարապետի դպրոցը:

Ահաբեկելով դաւաճան Կարապետ վարդապետը, կ’ապաստանի Սասուն, կը միանայ Գէորգ Չաւուշին ու կը մասնակցի Սասնոյ կռիւներուն:

Կ’անցնի Կովկաս. Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի մէջ կը մասնակցի Հայ-թաթարական կռիւներուն:

Սահամանդրութեան շրջանին կը վերադառնայ Տարօն, ուր կը գործակցի Սիմոն Զաւարեանի եւ բժիշկ Զաւրիեւի:

Ռուբէնի հետ կը վարէ Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան կռիւներու ու կը զոհուի Ամպրնիի ճակատամարտին, շուրջ 35 տարեկանին: