Եըլտըզի մահափորձը

21 Հուլիս , 1905

Ի սկզբանէ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան անխախտ համոզումը կ’ըլլայ, որ հայ ժողովուրդի դժբախտութեանց գլխաւոր պատասխանատուն Սուլթան Համիտն է: Այդ չարիքին վերացումը կը դառնայ կուսակցութեան նպատակներէն մին:

Կուսակցութեան Երրորդ Ընդհանուր Ժողովը՝ գումարուած Սոֆիա, կ’առնէ որոշում Սուլթանը ահաբեկելու Կ. Պոլսոյ մէջ: Գործին ղեկավարութիւնը կը յանձնուիլ Քրիստափոր Միքայէլեանին:

1905 Մարտ 17ին, Սոֆիայի մօտիկ Վիտոշ լերան վրայ կատարուած ռմբային փորձի ընթացքին դժբախտ արկածի մը զոհ կ’երթան Քրիստափորն ու իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեանը: Գործին ղեկավարութիւնը կը յանձնուիլ Սաֆոյին:

Քրիստափոր մահէն չորս ամիս ետք, 1905 Յուլիս 21ին մահափորձը կը գորածդրուի: Ձիակառքի մը մէջ զետեղուած ինքնագործ ռումբը կը պայթի որոշուած ճիշտ ժամանակին, Եըլտըզ պալատին կից մզկիթի դրան մօտ, բայց չար դիպուածով մը Սուլթանը կը մնայ անվնաս: «Սելամլըք»ի արարողութեան աւարտին Սուլթանը պատահական խօսակցութիւն մը կ’ունենայ Շէյխ-Իւլ-Իսլամին հետ, որուն պատճառած մէկ ու կէս վայրկեանի ուշացումը զայն հեռու կը պահէ ռումբը կրող կառքէն եւ զինք կ’ազատէ ստոյգ մահէն:

Քրիստափորի անակնկալ մահը, ձեռնարկին ձախողութիւնը, անկասկած մեծ հարուած կ’ըլլան Հ.Յ. Դաշնակցութեան համար: Բայց յեղափոխութեան համար յաւելեալ արիւն թափելու քրիստափորեան պատգամը՝ անոր հեղինակին իսկ ինքնազոհութեան օրինակովը, կը նուիրագործուի: