Քրիստափոր Միքայէլեան - Էլլէն, Թոփալ, Էդուարդ

Ծնած՝ Գողթնի Վերին Ագուլիս գիւղը: Կ’աւարտէ Թիֆլիսի Ուսուցչական ճեմարանը, կը յաճախէ Մոսկուայի համալսարանը, ուր եւ կը ծանօթանայ Սիմոն Զաւարեանին: Վերադառնալով Թիֆլիս, կը պարապի բանուորական խմբակներու զինամարզութեամբ, գրաճանաչմամբ եւ յեղափոխականցմամբ:
Կը հիմնէ «Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութիւնը, անջատ հայ խմբակները միացնելու համար:
Կը դառնայ հիմնադիրներէն մին Հ.Յ. Դաշնակցութեան եւ անոր Բիւրոյի անդամը մինչեւ իր եղերական մահը: Կ’աքսորուի Բեսարաբիա, Ռումանիոյ Կալաց քաղաքին մէջ կը հրատարակէ «Դրօշակ» թերթի 3րդ համարը, ապա կը դառնայ «Դրօշակ»ի երկարամեայ խմբագիրը: Կը գլխաւորէ «Փոթորիկ» ձեռնարկը (բռնի դրամահաւաք):
Քրիստափոր կը յղանայ Սուլթան Համիտը մահափորձի ենթարկելու գաղափարը:
Կը զոհուի ռումբի փորձի պահուն, Վիտոշ Լերան վրայ, Պուլկարիա: Քրիստափոր 46 տարեկան էր:
-«Քրիստափոր Միքայէլեան. Հայու յեղափոխական ԿԱՄՔի անսպառ ներուժին ոգեշնչող աղբիւրը»-Ն.
-«Քրիստափոր Միքայէլեան. Հայկական Յեղափոխութեան առաքելատիպ առաջնորդը»-Ն.
https://www.youtube.com/watch?v=Fg-aH6-BaNc