Աւետիք Իսհակաեան - Հայ Գուսան

Ծնած Ալեքսանդրապոլ: Նախնական ուսումը կը ստանայ տեղւոյն վարժարանին մէջ, ապա՝ Հառիճի վանքի դպրոցը:
Կը յաճախէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, Լայփցիկի (Գերմանիա) համալսարանը որպէս ազատ ունկնդիր, Զիւրիխի (Զուիցերիա) համալսարանը, ուր կը հետեւի գրականութեան ճիւղին:
Քնարերգակ բանաստեղծ, արձակագիր: Կ’անդամակցի Հ.Յ.Դ.ի. քերթուածներ կը ձօնէ յեղափոխականներուն:
Ցարական հալածանքներու շրջանին կը բանտարկուի, ազատուելով կ’անցնի արտասահման ու կը բնակի Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ:
1936ին կը վերադառնայ Խորհրդային Հայաստան, ուր կ’ապրի մինչեւ իր մահը, իբրեւ հայ բանաստեղծութեան վարպետ արժանանանալով ընդհանուրի յարգանքին: Իսահակեան 82 տարեկան էր:
Իր գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու: