Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի մէջ (Բ․Մաս)
04 Մայիս 2025
Կիրակի, Ապրիլ 27-ին, «Թայմզ» հրապարակին վրայ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման հաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Գեւ Իսքէճեան յայտարարեց, որ այսօր հայ ժողովուրդը սուգի մէջ չէ, այլ կ՛ըսէ, որ Հայաստանի հանրապետութեան ծաղկումը մեզմէ կախեալ է։ Ան շեշտեց, որ սին խոստումները չեն կրնար հատուցել հայ ժողովուրդին կրած վնասները։
Իսքէճեան կենսական համարեց հայութեան միութիւնը եւ տոկունութիւնը, որոնք կ՛երաշխաւորեն իր ապագան՝ իսկական միասնականութեան կոչ ուղղելով ամբողջ հայութեան։ «Այսօր համախմբուած ենք իսկական սկզբունքներու շուրջ, ինչպէս Արցախցիներուն տունդարձին իրաւունքին, գերիներու ազատ արձակման պահանջին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման, ճանաչման եւ դատապարտման շուրջ», ըսաւ ան։
Ան շեշտեց, որ պիտի գործեն հաստատակամօրէն՝ դէմ դնելով բոլոր խոչընդոտներուն, յայտարարելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պիտի ներկայացնեն ճշմարտութիւնը։ «Պահանջատիրութիւնը կանգ պիտի չառնէ, մինչեւ արդարութեան հաստատումը», շեշտեց ան։
Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, բացման աղօթքը կատարեց եւ իր պատգամը տուաւ այս ձեռնարկին, զոր կազմակերպած էին Վարդանանց Ասպետներն ու Վարդանանց Դուստրերը, հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ 1890-ական թուականներուն սկսած վայրագութիւնները շարունակուած են 1915-1922-ին մինչեւ մեր օրերը. «Մարդու անմարդկայնութիւնը մարդկութեան հանդէպ փաստօրէն դարձած է աւելի կատաղի, աւելի բիրտ եւ աւելի սոսկալի, քան երբեւէ կարելի էր երեւակայել»։
Թուարկելէ ետք անցեալ դարու վերջաւորութեան գործադրուած ցեղասպանական արարքները հայութեան դէմ՝ Սումկայթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ Մարաղայի ջարդերէն մինչեւ Ատրպէյճանի հայութեան տեղահանումը, Նախիջեւանի մշակութային եղեռնէն մինչեւ արցախահայութեան բռնի վտարումը, Սրբազան Հայրը աւելցուց, թէ այդ արարքներու պատասխանատու Ատրպէյճանը, որ հազիւ թէ դար մը առաջ արուեստականօրէն ստեղծուած է, այսօր կը համարձակի ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կոչել։
Թուրքիա ու Ատրպէյճան անպատժելիութեան սերունդն են, յաջորդաբար ծնան ըլլալով անպատիժ մնացած Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ 1918-ի Պաքուի հայերու ջարդէն. «Գլխիվայր շրջուած այս աշխարհին մէջ, ամէն ինչ որ ուղղամիտ մարդիկ սխալ կը նկատեն դրուատիքի կ՚արժանանայ Անգարայի եւ Պաքուի ամենամութ անկիւններուն մէջ, ըլլայ մարդասպանութիւն, քանդում կամ աւարառութիւն»։
Կոչ ուղղելով Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն ու քաղաքացիներուն ստանձնելու իրենց նախնիներուն պատասխանատուութիւները, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ ատիկա ճամբայ պիտի հարթէ դէպի արդարութիւն ու խաղաղութիւն։ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ինքնանպատակ չէ, այլ կը նպաստէ այսօրուան անարդարութիւններու դիմակայութեան եւ կ՚օգնէ կանխել ապագայ ցեղասպանութիւններ.
«Թող Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործները գիտնան, թէ պիտի քալենք Քալիֆորնիայէն մինչեւ Նիւ Եորք եւ Երեւանէն մինչեւ Աւստրալիա, հակառակ բոլոր ժխտումներուն, խեղաթիւրումներուն եւ ճնշումներուն, որովհետեւ մեր հսաւստքն ու յոյսը աւելի բարձր են քան լեռները եւ աւելի խոր, քան ովկիանոսները, իսկ մեր յարատեւութիւնը՝ աւելի զօրաւոր, քան լեռները», եզրակացուց Առաջնորդը։
Նիւ Եորքի մէջ, երեք օրերու վրայ երկարեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները։ Ապրիլ 24-ին Սուրբ Լուսաւորիչ տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն համար։ Ապա կայացաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին խօսք առնողներուն շարքին եղաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան։
Պատարագիչն էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։ Պատարագին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս (նախկին Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին), Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը, որուն յաջորդեց քայլարշաւը դէպի Եունիըն Սքուէր, կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերուն, եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մուշ», «Հայորդիք» եւ «Արսէն» մասնաճիւղերուն։
Յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 25-ին Սուրբ Լուսաւորիչ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն գլխաւոր բանախօսն էր «Ալֆա Նիուզ»-ի աւագ հաղորդավար Անի Աւէտեան, որ խօսեցաւ «Թուրքիա եւ Ատրպէյճան անպարտելի չեն» նիւթին մասին։ Ան կեդրոնացաւ Արցախի պատերազմին եւ հարաւային կովկասեան քաղաքական իրավիճակին վրայ, ներկայացնելով թէ հայութիւնը ինչպէս կրնայ ազդել զարգացումներուն վրայ՝ պաշտպանութեան, մամուլի եւ դիւանագիտութեան միջոցներով։
Իսկ Ապրիլ 26-ին Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուեցաւ զրոյց-հանդիպում մը, որ կը կրէր «Կը յիշենք մեր անցեալը, մեր ապագան պահպանելու համար» խորագիրը։ Աղօթքի պահէ ետք ընթացք առաւ զրոյցը։
Շանթել Նասրի բարի գալուստ մաղթեց եւ ներկայացուց հանդիսավարուհին՝ իրաւաբան Անահիտ Ուղուրլայեանը։ Կլոր սեղանի մը ընթացքին, Անուշ Պաղտասարեան հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի հարցը միջազգային դատարաններու ներկայացնելու գործընթացը, Ալեք Սողոմոնեան՝ Հ.Ե.Դ.-ի ընդհանուր գործունէութիւնը, եւ Գեւ Իսքէճեան՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի ռազմավարութիւնը։
Իր փակման խօսքի մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց երիտասարդ բանախօսներու ներկայացումը, զայն նկատելով մեր նոր սերունդի հայ իրաւունքի հետապնդման առհաւատչեան։ Ապա աւելցուց, թէ գործնականօրէն զօրավիգ պէտք է կանգնիլ արցախահայութեան օժանդակութեան, որպէսզի անոնք չցրուին եւ մնան հայրենիք, յարմար ժամանակին վերատիրանալու համար իրենց պապենական հողերուն։
Պոսթըն
Ուրբաթ, Ապրիլ 25-ին, Մասաչուսէցի Նահանգային Տան մէջ, նահանգին Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն հիւրընկալները եղան Նահանգային Ներկայացուցիչ Տէյվիտ Մուրատեան եւ Նահանգային ծերակուտական Ուիլ Պրաունզպըրկըր, մասնակցութեամբ Նահանգային նախկին ներկայացուցիչ Ռաշէլ Գաբրիէլեանի եւ Միտըլսեքսի ոստիկանապետ Փիթըր Քութուճեանի։
Հանդիսութեան ընթացքին Նահանգային ներկայացուցիչ Սթիւ Օուընզ ներկայացուց Մասաչուսէց նահանգի կառավարիչ Մորա Հիլէյի յայտարարութիւնը, որ 24 Ապրիլը կը ճանչնայ «Հայոց Ցեղասպանութեան Օր»։
Յայտագիրը ընթացք առաւ՝ կղերականներուն եւ հիւրերուն ժամանմամբ, առաջնորդութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտներուն։ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ ծայր․ վարդապետ Թահանեան օրհնութեան աղօթքէն ետք, հայ աշակերտներ երգեցին ազգային քայլերգները՝ մշակութային տոկունութիւնը խորհրդանշելով։
Ձայնագրուած խօսքի մը մէջ՝ ծերակուտական Էտ Մարքի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է զօրակցին Հայաստանի, պաշտպանեն անոր ինքնիշխանութիւնը եւ չընդունին սպառնալիքներն ու անարդարութիւնները։
Օրուան բանախօսն էր նախկին դեսպան Էտուըրտ Ճերեճեան, որ խօսեցաւ յիշելէն գործի անցնելու կարեւորութիւնը։
Ռոտ Այլընտ
Ռոտ Այլընտի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ գործակցաբար գաղութին հայկական համայնքին բազմաթիւ ձեռնարկներով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։
Ամբողջ նահանգին տարածքին, պետական, վարչական, քաղաքապետական եւ այլ կառոյցներու շէնքերուն դիմաց ծածանեցաւ հայկական եռագոյնը։ Յատուկ ձեռնարկներ կազմակերպուեցան քաղաքապետարաններու մէջ՝ եռագոյնի բարձրացման արարողութիւններով։ Նման նախաձեռնութիւններ իրականացան Նորթ Փրովիտընսի, Փօթաքըթի, Քրէնսթընի, Ուեսթըրլիի եւ այլ աւաններու մէջ։
Իր կարգին, կառավարիչ Տէն ՄքՔըքի անգամ մը եւս հրապարակեց տարեկան յայտարարութիւն մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով։ Իսկ Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տունը վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը։
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին ոգեկոչման հանդիսութիւններուն ծիրին մէջ Ռոտ Այլընտի մէջ ցեղասպանութեան նիւթերու դաստիարակի մրցանակը շնորհուեցաւ Պերինկթըն Հայ Սքուլի պատմութեան ուսուցիչ Ճենիֆըր Սափոլսքիի, ձեռամբ Ռոտ Այլընտի ցեղասպանութեան կրթութեան ծրագրի համանախագահ Փօլին Կեցոյեանի։
Լոուըլ
Մերամէք հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ տեղւոյն հայկական եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն նախաձեռնութեամբ, Լոուըլի մէջ կազմակերպուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն աւարտին քաղաքապետարանին շէնքին դիմաց բարձրացուեցաւ հայկական եռագոյնը։
Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հոգիւ Տէր Խաչատուրի պահպանիչով ընթացք առաւ ձեռնարկը։ Տեղւոյն Հ․Ե․Դ․-ի «Սասուն» մասնաճիւղի անդամ Նշան Պալեան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին եւ շեշտեց ճանաչման կարեւորութիւնը։ իսկ Վարդանանց եկեղեցւոյ երիտասարդական խմբակի անդամներէն Թալին Թոքաթլեան անդրադարձաւ պայքարի ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցելու կարեւորութեան՝ նշելով հաւաքական յիշողութեան պահպանումը։
Ապա Լոուըլի քաղաքապետ Տանիէլ Ռուրք խօսք առաւ եւ հրաւիրեց քաղաքի խորհրդատու մարմինի անդամներէն Ռիթա Մերսիյըրը, որ յոյս յայտնեց, թէ օսմանցի թուրքերուն կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ կը ճանչցուի։
Քաղաքապետ Ռուրք ընթերցեց յատուկ յայտարարութիւն մը, որ հրապարակուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով։ Տէր Խաչատուրի պահպանիչով փակուեցաւ միջոցառումը։
Ապա ձեռնարկին մասնակիցները հաւաքուեցան քաղաքապետարանին դիմաց, ուր «Մեր հայրենիք»-ի երգեցողութեամբ՝ բարձրացուեցաւ հայկական եռագոյնը։
Ուուստըր
Հ․Յ․Դ․ Արամ կոմիտէութեան, Ուուսթըրի պետական համալսարանին հայ ուսանողներու ակումբին եւ համալսարանին պաշտօնական գրասենեակին կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։ Ձեռնարկին ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց համալսարանի նախագահ Պէրի Մալոնի, իսկ Ուուստըրի քաղաքապետ Ճոզըֆ Փեթի ընթերցեց յայտարարութիւն մը, որ կը ճանչնայ եւ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը եւ Ապրիլ ամիսը կը հռչակէ ցեղասպանութեան իրազէկման եւ կանխարգիլման ամիս։ Յայտարարութիւնը նաեւ կը ճանչնայ արցախահայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուած է Ատրպէյճանի կողմէ, վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին։
Ոգեկոչման ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր «Ալֆա Նիուզ»-ի աւագ հաղորդավար Անի Աւետեան, որ վերյիշեց Արցախեան պատերազմին ընթացքին իր ապրած փորձառութիւնը՝ պատերազմին լրատուութեան խմբագրման ժամանակ։Ան նաեւ նշեց Հայաստանի դիմագրաւած թրքական եւ ատրպէյճանական վտանգները՝ լուսարձակի տակ բերելով Երեւանի իշխանութիւններուն վարած սխալ քաղաքականութիւնը։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ին, Ուստըրի Սուրբ Երրորդութիւն, Սուրբ Փրկիչ եւ Նահատակաց եկեղեցիներու անդամներ միացան Ուաթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխականներուն ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքը գտնուող խաչքարէն, հոգեւորականները գլխաւորեցին հաւատացեալներու թափօրը դէպի եկեղեցին։
Աղօթքէն ետք, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, յուզիչ պատգամ մը տուսւ։ «Տէր Ողորմեա»-յի երգեցողութենէն ետք, տեղի ունեցւ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որ պատրաստուած էր Ուստըրի եւ Ուայթընզվիլի համայնքներու տիկնանց միութիւններուն կողմէ։
Տիթրոյթ
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը նշուեցաւ՝ նախաձեռնութեամբ գաղութին մէջ գործող հայկական տասներեք կազմակերպութիւններու։
Ոգեկոչումը սկսաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտներուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներուն ներկայացմամբ։ Ապա հանդիսավար Նարօտ Քեյվանեան կատարեց բացման խօսքը եւ ապա բեմ հրաւիրեց Կարօտ Համագործեանը, որպէսզի ներկայացնէ երիտասարդութեան խօսքը։ Ան կենսական համարեց պայքարին շարունակութիւնը եւ հարցերուն նկատմամբ իրազէկութիւնը, որպէսզի կանխարգիլուին ապագայի ոճիրները։
Ապա Հ․Բ․Ը․Մ․-ի «Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան» վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Կանք, պիտի լինենք» բանաստեղծութիւնը։
Ոգեկոչման հանդիսութեան խօսք առաւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի քաղաքականութեան վարիչ Ալեքս Կալիցքի, որ շեշտեց, թէ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի Ատրպէյճանի գործած ոճիրներով։ Ան հայկական սփիւռքին եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց՝ պահանջելու արդարութիւնը, ապահովելու արցախահայութեան վերադարձը եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու Ատրպէյճանը։ Իսկ դոկտոր Խաչիկ Մուրատեան իր խօսքին մէջ զուգահեռներ գծեց Արցախի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ՝ ներկայացնելով աշխարհի տարածքին ստեղծուած հայկական գաղութներուն պատկերը։
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տիթրոյիթի համազգայինի «Արաքս» պարախումբին ներկայացուցած պարով։
Ուիսքանսըն
Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ներկայացուցիչներու տան տասնչորս անդամներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը, որ շնորհակալական նախաձեռնութիւն մըն էր նահանգին ծերակոյտին, որուն որոշմամբ, ամէն տարի քսանչորս ապրիլը կը հռչակուի հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր։
Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ դոկտոր Անի Սարեան-Քոֆ բացումը կատարեց ձեռնարկին , որուն ներկայ գտնուեցան հարիւրէ աւելի անձեր, ներառեալ տեղւոյն համալսարանէն հայ ուսանողներ եւ Հ․Ե․Դ․-ի «Արմէն Գարօ» մասնաճիւղի անդամներ։
Առաջին հերթին Յակոբ Քելուկեան տուտուկ վրայ նուագեց հայկական երաժշտութիւն մը, ապա Ուիսքանսընի ներկայացուցիչներու տան տասնչորս անդամներէն իւրաքանչիւրը տուաւ իր վկայութիւնը։ Նշուեցաւ որ ներկայացուած է բանաձեւի նախագիծ մը, որ եթէ վաւերացուի, Ապրիլ 24-ը պիտի յայտարարուի Հայկական Ցեղասպանութեան օր։
Նոյն օրը երեկոյեան Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղւոյն Սուրբ Յակոբ, Սուրբ Յովհաննէս եւ Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցիներուն հոգեւոր հայրերը։