Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի նշում ՝ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի մէջ
29 Ապրիլ 2025
Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի զանազան գաղութներ նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 24-ին, կազմակերպութեամբ Ուաշինկթընի Հ․Ե․Դ․-ի «Անի» մասնաճիւղին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ, որուն մեկնարկը տրուեցաւ Ատրպէյճանի դեսպանատունէն, ապա Թուրքիոյ դեսպանատուն եւ աւարտին՝ Սպիտակ Տուն։
Աւելի քան երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս քայլարշաւին մասնակցեցաւ տեղւոյն գաղութը։
«Յանուն Ճշմարտութեան» խորագրով քայլարշաւի ազդանշանին, խօսք առաւ Հ․Ե․Դ․-ի Արեւելեան Շրջանի կեդրոնական վարչութեան անդամ Նայիրի Շահնազարեան, որ անցեալի անարդարութիւնը կամրջեց ներկայ օրերուն մղուող պայքարին։ Խօսք առաւ նաեւ Հ․Ե․Դ․-ի անդամ Մարիա Ստեփանեան, որ մերժեց ներքին բաժանումները եւ շեշտեց ընդհանուր վտանգին դէմ միացեալ ճակատ կազմելու կարեւորութիւնը։
Ապա ատրպէյճանական դեսպանատան դիմացէն, ընթացք առաւ երեք մղոն երկարութիւն ունեցող քայլերթը, որ կանգ առաւ թրքական դեսպանատան դիմաց, ուր Հ․Ե․Դ․-ի անդամ Արփա Շահնազարեան, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայուն տոկունութեան եւ գոյատեւելու կամքին։
Թրքական դեսպանատան դիմացէն քայլերթը շարունակուեցաւ դէպի Սպիտակ Տուն, ուր Հ․Ե․Դ․-ի անդամ Նարեկ Սաքայեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Արցախը հայաթափեցին՝ գործադրելով շրջանը բնիկ հայորդիներէն մաքրագործելու իրենց ռազմավարական ծրագիրը։ Իսկ Մէթիու Ճիրարտի իր խօսքին մէջ զգուշացուց, որ ժխտումը նոր ցեղասպանութիւն մը գործադրելու նախաքայլն է։Ապա Հ․Ե․Դ․-ի կրտսերներու «Սեւան» մասնաճիւղէն Վիքթորիա Փենէնեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Աշխարհի Ցաւով» բանաստեղծութիւնը։
Հաւաքին վերջին խօսք առնողը եղաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Ճորճ Աղճայեան, որ շեշտեց, թէՀայոց Ցեղասպանութիւնը պատմութեան փակուած էջ մը չէ, այլ մերօրեայ շարունակուող ոճիր մը։Ան ապա ներկայացուց Ամերիկահայութեան պահանջները՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգէն՝ «Ազատութեան Զօրակցութեան Օրէնքի 907 բաժնի գործադրութիւն, Ատրպէյճանի զինուորական օժանդակութեան կասեցում, Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու հաստատում,պատերազմական հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակում, Արցախահայութեան արժանապատիւ հայրենադարձութեան զօրակցութիւն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական եւ պաշտօնական ճանաչում։
Հաւաքը փակուեցաւ «Կիլիկիա»-ի երգեցողութեամբ։
Պոսթըն
Կիրակի, Ապրիլ 27-ին, Պոսթընի կեդրոնական շրջանի ժառանգութեան պարտէզի հայոց յուշակոթողին շուրջ նշուեցաւ Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։ Շրջանի հովիւներու կատարած աղօթքէն ետք, առաջին խօսք առնողն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Ճորճ Աղճայեան, որուն յաջորդեց «Հայկական Համագումար»-ի ներկայացուցիչ Էնթընի Պարսամեան։
Երկուքն ալ շեշտեցին, թէ հակառակ այս դժուար կացութեան, ամէն գնով պէտք է պայքաը շամրունակել, որպէսզի թուրք պետութեան կողմէ կատարուի Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչում։
Օրուան բանախօսն էր փաստաբան Գառնիկ Քերքոնեանը։ Ան ահազանգ հնչեցուց, որ մանաւանդ այս օրերուն, Հայաստանի ղեկավարութեան վրայ գտնուող անձերը բոլորովին պարտուողական մօտեցումով կը շարունակեն գործել, աւելի դժուարացնելով Հայ Դատի համար կատարուած եւ կատարուելիք գործունէութիւնը։
Ան նաեւ, նշեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնը, թէ «Մենք տակաւին մեր սրտերուն մէջ կը զգանք Օսմանեան կայսրութեան աւարտին յաջորդած պատերազմի տարիներուն` անկարգութիւններու, յանցաւոր շարժումներու, զինեալ խումբերու կողմէ կատարուած բռնութիւններու եւ համաճարակներու պատճառով կորսուած կեանքերու ցաւը»։ Քերքոնեանի համար յստակ է, թէ հակառակ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն, նոյնիսկ մինչեւ օրս մարդու նկատմամբ խտրական վերաբերմունք կը դրսեւորու։
Բանախօսին կիզակէտն էր, նաեւ Արցախի պաշարումն ու տեղւոյն հայորդիներուն տեղահանումը։ Այս հաւաքին տեղի ոււնեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։
Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզի
Նիւ Ճըրզիի մէջ կազմակերպուեցաւ հաւաք մը՝ նախաձեռնութեամբ Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հ․ Ե․ Դաշնակցութեան «Արսէն» մասնաճիւղին, ներկայութեամբ շուրջ հարիւր հայորդիներու։
Մասնաճիւղին անունով բացման խօսք արտասանեց Սարհատ Մելքոնեան, որ հաստատեց, թէ ցեղասպանական ոճիրը կը շարունակուի՝ մտահոգութիւն յայտնելով Երեւանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ։
Բացման խօսքէն ետք Ֆորթ Լիի Ոստիկանութեան եւ պատուոյ պահակագունդէն անդամներ ամերիկեան դրօշը բարձրացուցին, իսկ Հ․Յ․Դ․ «Դրօ» կոմիտէութենէն Նիրի Գաբրիէլեան երգեց Ամերիկեան քայլերգը։ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վաչէ քահանայ Պալըգճեան օրհնեց եռագոյնը, որ բարձրացուեցաւ, մինչ Գաբրիէլեան երգեց Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Նարեկ հայկական վարժարանի աշակերտներ ներկայացուցին երկու երգեր եւ բանաստեղծութիւն մը, իսկ Հ․Ե․Դ․ «Արսէն» մասնաճիւղի կրտսերներէն Հայկ Ատիշեան արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի Հայոց Լեռներում բանաստեղծութիւնը։ Ապա Հ․Մ․Ը․Մ․-ի փողերախումբը կատարեց Երեւան Էրեբունի երգը։
Ձեռնարկին աւարտին Սարհատ Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆորթ Լիի քաղաքապետ Մարք Ճէյ Սոքոլիչի, որուն պաշտօնավարութեան ընթացքին 2020-ին քաղաքը ճանչցաւ Արցախի հանրապետութիւնը։ Իսկ «Նարեկ» վարժարանի տնօրէնուհի Մարինա Եագուպեանի յանձնեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործադրած ոճիրները դատապարտող եւ Ապրիլ ամիսը Ցեղասպանութեան իրազեկութեան եւ կանխարգիլման ամիս հռչակող յայտարարութիւնը։
Ձեռնարկին անակնկալը եղաւ ՀԵԴ Արսէն մասնաճիւղին շնորհուած ճանաչման վկայագիրը, որ ներկայացուեցաւ Ներկայացուցիչներու Գրասենեակի անդամ Ճոշ Կոթմէրի կողմէ։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Արսէն» մասնաճիւղի ատենապետ Ալեքսա Յակոբեանի փակման խօսքով։
Ֆիլատելֆիա
Արուեստի թանգարանին պարտէզին մէջ կայացաւ հաւաք մը, որուն նպատակն էր յիսուն տարի առաջ կանգնեցուած Մհերի արձանին վայրին ընդարձակման նախագիծին նշումը, որուն համար կարելի եղած է հինգ միլիոն տոլարի գումար մը հանգանակել։ Նախագիծին բացման արարողութիւնը պիտի կատարուի Ապրիլ 2026-ին։
Առաջին հերթին, «Համազգային»-ի Աղթամար երգչախումբը կատարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները։ Ձեռնարկին հարիւրաւոր մասնակիցներուն յղած իր խօսքին մէջ նախագիծի մարմինին ատենապետ Քըրք Սելվերեան յայտնեց, որ ծրագրին նպատակն է երախտագիտութիւն յայտնել Միացեալ Նահանգներու։ Ան նաեւ Ֆիլատելֆիոյ գաղութին կոչ ուղղեց՝ ճիգերը միացնելու, այս նախաձեռնութեան յաջողութեան համար։ Իր կարգին, հանգանակութեան յանձնախումբին ատենապետ Քարոլին Չպուքճեան գնահատեց ծրագրին իրականացման համար տարուող աշխատանքը, որ կը միտի արտացոլացնել ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կայք հաստատած հայորդիներու երախտագիտութիւնը։ Ապա Հայ Քոյրերու Ակադեմիոյ աշակերտներէն խումբ մը յատուկ ընդունարաններու մէջ հող եւ քար զետեղեցին՝ խորհրդանշելով աննկուն հայութիւնը։
Անդրանիկ Ղարիպեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փենսիլվենիոյ ներկայացուցիչներու տան բանաձեւին, որ Ապրիլ 24, 2025 թուականը հռչակած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման օր։ Ապա Հայ Քոյրերու Ակադեմիոյ խումբ մը աշակերտներ՝ Գէորգ Քէշիշեանի նուագակցութեամբ, երգեցին եւ հայկական պար պարեցին, իսկ ձեռնարկին ներկայ հոգեւոր հայրերը օրհնութեան աղօթք կատարեցին։ Տեղին է նշել, որ Արեւելեան շրջանի հոգեւոր առաջնորդները հաւաքին յղած էին իրենց գրաւոր պատգամները։
Շիքակօ
Հինգշաբթի, Ապրիլ 24-ին Շիքակոյի մէջ կազմակերպուեցաւ բողոքի հաւաք մը՝ նախաձեռնութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան։
Հաւաքին սկիզբը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն։ Դրօշին բարձրացման ընթացքին ներկաները Հայաստանի քայլերգը երգեցին։ Հայ Դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Արմէն Ալեքսանեան, իսկ Հ․Ե․Դ․-ի խօսքը ներկայացուց Գարուն Գրիգորեան։
Խօսք առին նաեւ պատուոյ հիւպատոս Օսքար Թաթոսեան, Քուք Քաունթի շրջանի գանձապահ Մարիա Փափաս, որ նաեւ պարգեւատրեց երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցող անձեր։