Ակնարկ. Միջնորդութեան Առաջարկներուն Արգելքները
17 Հունիս 2025
Իսրայէլ-Իրան պատերազմի դադրեցման համար Մոսկուայի առաջարկները հիմնական երկու բաժին ունին: Նախ անշուշտ պատրաստակամութիւն` միջնորդական դեր ստանձնելու եւ Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնը կարգաւորելու: Այստեղ արտասովոր հարց չկայ. նկատառելի փոքր բաժին մը կայ` անհրաժեշտութեան պարագային: Ըսել կ՛ուզուի պարզապէս, եթէ կողմերը համաձայն ըլլան Ռուսիոյ միջնորդութեան: Լռելեայն հասկնալի է, որ կողմերու պարագային իրանեան համաձայնութիւնը չէ խնդրոյ առարկան, որքան իսրայէլեանը: Աւելի հեռու կտրուածքով` Միացեալ Նահանգներուն համաձայնութիւնը:
Առաջարկին հիմնական բաժինը երկրորդ ուղղութեան մէջ է սակայն: Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ ռուսական կողմի առաջարկը` իւրանիոմի պաշարները պահել ռուսական տարածքներու մէջ, կը շարունակէ մնալ ի զօրու: Սակայն պատերազմական գործողութիւնները բարդացուցած են խնդիրը:
Հանգուցաւորուած առաջարկ է այս մէկը: Առաջարկը կատարուած է, չկայ համաձայնութիւն, եւ հիմա կը կրկնուի առաջարկը: Եթէ նոյնիսկ հաւանականութիւն կար առաջարկի ընդունման, ըստ Մոսկուայի յայտարարութեան, նոր իրավիճակը բարդացուցած է հարցը:
Միջնորդելու առաջարկը չէ պայմանաւորուած կամ սահմանափակուած միայն զինադուլի կամ պատերազմի ընդհանրապէս դադրեցման առաջադրանքով: Ասիկա երաշխաւորութեան ստանձնման առաջարկ է ընդհանրապէս հիւլէական բանակցութիւններուն. աւելի մասնակի` ռուսական երաշխաւորութիւն, որ Իրանը հիւլէական զէնք պիտի չարտադրէ:
Խորքին մէջ Միացեալ Նահանգներուն առաջարկ կը յղէ այս ձեւով Մոսկուան: Այդ պատճառով ալ անհրաժեշտութեան պարագային միջնորդ կը դառնայ. այլ խօսքով` եթէ Ուաշինկթընը ընդունի իր առաջարկը:
Անգարայի յայտարարութիւնը այլ բովանդակութեամբ է: Այնտեղ չ՛երեւիր ռուսական անկողմնակալութեան փորձը: Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան առաջին օրէն կեդրոնացած է դիւանագիտական ջանքերու վրայ` յարձակումները դադրեցնելու համար: Շեշտած է, որ Իրանի հետ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է, եւ անհրաժեշտ է ըստ կարելւոյն շուտ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան:
Դիւանագիտականօրէն կը մեղադրուի Իսրայէլը դիւանագիտական ճամբան շրջանցելու եւ զէնքի դիմելու համար: Նախապէս աւելի շեշտուած ոճ կար Միացեալ Նահանգները քննադատելու առումով:
Միջնորդի դեր ստանձնելու առաջարկ Անգարան կատարած է Իրանին: Թուրքիան պատրաստ է ստանձնելու միջնորդի դեր` հակամարտութիւնը անյապաղ դադրեցնելու եւ հիւլէական բանակցութիւններուն վերադառնալու համար:
Ռուսական առաջարկին հակակշիռ առաջարկ է Անգարային կատարածը: Թէեւ, ռուսականը աւելի հեռու գացող առաջարկ է, մինչ Թուրքիայինը կը սահմանափակուի պատերազմ դադրեցնելով եւ բանակցային սեղան վերադառնալով:
Վերջին խօսքը կը թուի Ուաշինկթընին պատկանած ըլլալ: Իսկ այս պարագային հակասութիւններով լեցուն են Միացեալ Նահանգներու նախագահին միեւնոյն օրուան մէջ կատարած տարբեր յայտարարութիւնները:
Ըստ էութեան, հիւլէականի անուան տակ նոր Միջին Արեւելքի ձեւաւորման համար Իրանի դերի փոփոխութեան առաջադրանք դրուած է: Ոչ նոյն ազդեցիկութեամբ: Անոր առաջին միջոցը հիւլէական վտանգի բացառումն է: Մոսկուան այդ մէկը երաշխաւորելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ` քաջ գիտնալով, որ բարդ է այդ մէկուն կայացումը: Որովհետեւ որոշողը Ուաշինկթընն է:
«Ա.»
«Ազդակ»