ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Խաչատուր Կարճիկեան. Պետականութեան կերտիչի եւ անձնուէր յեղափոխականի դաշնակցական միաձուլումը

13 Նոյեմբեր 2012

Նոյեմբերի այս օրերուն, 1918 թուականին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանը ծանր ցնցումի եւ խոր սուգի մէջ էր։

Նոյեմբերի 14ին (Հ.Հ. նորայայտ տուեալներով՝ ամսու 11ին), եղբայրասպան փամփուշտի զոհ գնաց վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան գլխաւոր դէմքերէն՝ Աշխատանքի եւ Հանրային Խնամատարութեան նախարար Խաչատուր Կարճիկեանը։

Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ՝ Ալ. Խատիսեանի համախմբական (կոալիսիոն) կառավարութեան ժամանակ էր։ Խնամատարութեան նախարարի իր առանձնասենեակին մէջ, գրասեղանի ետին նստած, ըստ իր սովորութեան ժրաջան աշխատանքի լծուած էր դաշնակցական նախարարը։ Յանկարծ նախարարի աշխատասենեակը մուտք գործեց Կարճիկեանի մտերիմներէն՝ նոյնպէս դաշնակցական ծանօթ գործիչ սպայ Եգոր Տէր-Մինասեանը, որ սակայն, անակնկալօրէն, ատրճանակը հանելով՝ սկսաւ կրակել եւ երեք փամփուշտով մահացու վիրաւորեց գաղափարի ընկերոջը։

Ողբերգական այդ պահը ամփոփ նկարագրող Սիմոն Վրացեանի («Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան, 1890-1950», էջ 506) վկայութեամբ՝ «Խաչիկի վերջին խօսքը» եղաւ՝
«- Եգո՜ր, ի՞նչ ես անում»…

Այդպիսի՛ դառն վախճան ունեցաւ, 36 տարեկանին, հայ ազգային-ազատագրական շարժման ակնառու դէմքերէն Խաչատուր Կարճիկեան, որ իր կեանքով ու գործով մարմնաւորեց Յեղափոխականի եւ Պետական Գործիչի դաշնակցական ինքնուրոյն համադրում մը։

Կովկասահայու ամբողջական կերպարը հանդիսացաւ Կարճիկեան.- 1) Եղաւ ռուսական իրականութեան ժողովրդավարական խմորումներուն եւ ձգտումներուն յառաջադէմ արտայայտիչներէն մէկը։ 2) Միաժամանակ՝ արեւելահայոց ազգային իրաւունքներուն աննահանջ պաշտպան կանգնեցաւ։ 3) Անդրկովկասը ազգամիջեան համերաշխութեան եւ գործակցութեան առաջնորդելու դրօշակիրներէն էր։ 4) Մանաւա՛նդ Դէպի Երկիր ուղղուելու եւ արեւմտահայոց ազգային ազատագրութեան պայքարին անսակարկ նուիրուելու դաշնակցական յանձնառութեան անկեղծ զինուորն էր։

Յեղափոխականի եւ Պետական Գործիչի այսօրինակ դժուարին համադրում մը իրապէ՛ս հնարաւոր դարձնելու անհրաժեշտ նախադրեալները ունէր Խաչատուր Կարճիկեան։ Մէկ կողմէ՝ օժտուած էր ընկերական, դիւրահաղորդ եւ կենցաղավար անհատականութեամբ։ Իսկ միւս կողմէ՝ կը յատկանշուէր գաղափարական արժէքներու, սկզբունքային կեցուածքներու եւ գործնական լուծումներու կառչած հանրային ու մտաւորական գործիչի անզիջող հետեւողականութեամբ եւ հոգեմտաւոր հարուստ պաշարով։

Այդ պատճառով ալ, որքան արագ եղաւ իր մագլցումը հանրային¬քաղաքական եւ ազգային¬կուսակցական պատասխանատուութեանց աստիճաններէն, այնքան շեշտակիօրէն սխալ հասկցուելու եւ անհաշտ հակառակորդներ դիմագրաւելու դառն ճակատագիր մը բաժին հանուեցաւ Կարճիկեանին։

Ծնած էր 1882ին Վաղարշապատ (Էջմիածինի շրջան), համեստ աշխատաւորի մը յարկին տակ։ Գիւղի ազգային վարժարանին մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք, ընդունուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, որուն դասարանական բաժինը աւարտելէ ետք՝ անցաւ Երեւանի Պետական Գիմնազիոնը եւ աւարտեց փայլուն նիշերով։

Կրթանպաստի արժանացաւ եւ մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, որուն համալսարանի իրաւաբանութեան բաժնին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ։ Ապրուստի դժուարութիւնները եւ նիւթական սեղմումները պատճառ դարձան, որ Խաչատուր ընդհատէ համալսարանական իր ուսումը, վերադառնայ Հայաստան եւ ուսուցչական պաշտօններ ստանձնէ նախ Ախալցխայի եւ, ապա, Ալեքսանդրապոլի հայկական վարժարաններուն մէջ։

Քսաներորդ դարասկիզբի այդ տարիներուն Անդրկովկասը հայկական եւ համառուսական առումներով եռեւեփումի մէջ կը գտնուէր։ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ուսանողական շարժումներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած եւ արդէն Դաշնակցութեան միացած Կարճիկեան, Ախալցխայի եւ յատկապէս Ալեքսանդրապոլի դպրոցներէն ներս իր ծաւալած գաղափարական լուսաւորումի աշխատանքներուն շնորհիւ, ատենի հայ երիտասարդութեան, մանաւա՛նդ դաշնակցական ուսանողութեան սիրելի՝ ազգային-յեղափոխական ուղի բացող «Խաչիկ վարժապետը» եղաւ։

Յառաջապահ մասնակցութիւն բերաւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ ծաւալած համաժողովրդական բողոքի շարժումին, ինչպէս եւ աւելի ուշ ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումները մարելու ճիգերուն՝ Անդրկովկասի մէջ ազգամիջեան համերաշխութիւն քարոզելով եւ բնաբանի վերածելով իր այն համոզումը, որ «երբ հրդեհ կայ, ոճիր է փոթորիկ բարձրացնելը»…

Նիւթական իր խնայողութիւններուն վրայ հիմնուելով՝ որոշեց վերադառնալ Ս. Փեթերսպուրկ, ամբողջացնելու համար իր իրաւաբանական մասնագիտութիւնը։ 1900ականներու երկրորդ կիսուն Խաչատուր Կարճիկեան դարձաւ Փեթերսպուրկի հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան մղիչ ուժերէն մէկը։ Թէեւ իր հետ Փեթերսպուրկ գացած կնոջ ու զաւակներուն ապրուստի հոգը ծանր կը ճնշէր Կարճիկեանի վրայ եւ, մասնաւոր դասեր տալով, կենցաղային կարիքներու ապահովման ճիգերը շատ ժամանակ խլեցին իրմէ, այսուհանդերձ՝ Կարճիկեան ի վիճակի եղաւ ոչ միայն իրաւաբանական բարձրագոյն ուսման իր դասերուն հասնելու, այլեւ՝ հանրային¬կուսակցական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելու։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Կարճիկեան սերտ կապեր հաստատեց համառուսական առաջին յեղափոխութեան կրակը արծարծող ռուս, վրացի եւ թաթար ժողովրդավարական գործիչներու հետ՝ համառուսական «դեմոկրատական» շարժման զարգացման մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունենալով։

1910ին, արդէն իրաւաբան վկայուած, Խաչատուր Կարճիկեան վերադարձաւ Անդրկովկաս, հաստատուեցաւ Թիֆլիս եւ իբրեւ օգնական աշխատեցաւ ծանօթ երդուեալ հաւատարմատար Եակուլեանի մօտ։ Ոչ միայն բարելաւեց նիւթական իր վիճակը, այլեւ՝ աչքի զարկաւ իբրեւ կարող փաստաբան։ Իր առջեւ բացուեցան հանրային եւ ազգային պատասխանատուութեանց դռները եւ Կարճիկեան պատուով դուրս եկաւ իրեն վստահուած աշխատանքներէն։ Իր այդ վարկով ալ ստանձնեց 1912ին սկսած «Դաշնակցութեան Դատ»ին պաշտպանութիւնը ռուս ականաւոր փաստաբաններու կողքին, իբրեւ հայերէն փաստաթուղթերու հաւաքման, մշակման եւ պաշտպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն։ Պետական գործիչի եւ յեղափոխականի դաշնակցական համադրումին առաջին կարեւոր փորձաքարը հանդիսացաւ այդ դատավարութիւնը, որուն աւարտէն ետք, Օգոստոս 1913ին, Կարնոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին, Կարճիկեան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի անդամ։

Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէէն մինչեւ 1918ի իր ողբերգական մահը երկարող ժամանակաշրջանը, Խաչատուր Կարճիկեանի համար, դարձաւ բառին բուն իմաստով ամբողջ կեանք մը լեցնող ու արժեւորող ԳՈՐԾի հանգրուանը։
Իբրեւ գխաւոր դրօշակիրներէն մէկը Հայ Կամաւորական Շարժման ծրագրումին ու կազմակերպումին՝ յատկապէս Խ. Կարճիկեանի պնդումներով, հայ կամաւորական գունդերը ռուսական զօրքերու յառաջապահ դիրքերը գրաւեցին Ռուսեւթրքական ռազմաճակատին վրայ, որպէսզի առաջինը իրենք հասնին նահանջող թրքական զօրքերու կողմէ կոտորածի մատնուած հայութեան պաշտպանութեան։ Նաեւ՝ Եղեռնէն փրկուած հայ որբերու եւ տեղահան գաղթականութեան խնամատարական գործին պատասխանատուութիւնը շալկեց իր ուսերուն՝ 1916-1917 տարիներուն։

Խաչատուր Կարճիկեանի հայրենական արխիւին նորայայտ նիւթերու լոյսին տակ, այսօր արդէն հանրածանօթ ճշմարտութիւն է, որ եղերաբախտ այս գործիչը առաջինը ահազանգ հնչեցուց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ ռուս մեծապետական քաղաքականութեան ցուցաբերած պատեհապաշտութեան որոգայթներուն դէմ… Յատկապէս Անդրանիկի ուղղուած իր 26 Փետրուար 1916ի թուակիր ընկերական նամակին մէջ, Խ. Կարճիկեան դառնութեամբ եւ ընդվզումով դիտել կու տայ, թէ հայ կամաւորական գունդերը ռուսական բանակին մէջ ձուլելու ռուս պետական քայլերը չեն ծառայեր Հայաստանի ազատագրութեան դատին, այլ հետամուտ են պատերազմի աւարտին Թուրքիոյ հետ Ռուսաստանի բանակցութիւնները խանգարող գործօնէ մը՝ հայկական զինեալ ուժէն յառաջագունէ ձերբազատուելու նպատակին։

Իսկ երբ 1917ի Փետրուարին պայթեցաւ Ռուսական մեծ յեղափոխութիւնը, Խաչատուր Կարճիկեան առաջիններէն էր, որ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց նորահաստատ իշխանութեանց անդրկովկասեան մարմիններուն մէջ։ Նոյնիսկ Լենինի Հոկտեմբերեան յեղաշըրջումէն ետք, երբ Անդրկովկասի մէջ քաղաքական ու գաղափարական որոնումներու եւ բուռն հակադրութեանց իսկական խառնիճաղանճ մը առաջացաւ՝ ազգամիջեան խուլ, այլեւ սուր տարակարծութիւններով ու բախումներով ծանրաբեռնուած, Խաչատուր Կարճիկեան առանցքային դեր ստանձնեց հայկական շահերու անզիջող պաշտպանութեան մէջ՝ հետեւողականօրէն ամէն ճիգ թափելով, որ Անդրկովկասը դառնայ բոլոր ազգութեանց ժողովրդավարական ուժերու համերաշխութեան մեծ ընտանիքը։

Կարճիկեան ոգի ի բռին պայքարեցաւ, որպէսզի Անդըրկովկասի հայ եւ ռուս, վրացի եւ թաթար «դեմոկրատ»ները միացեալ ճակատով եւ համերաշխ ուժերով դիմագրաւեն թրքական վտանգը։ Բայց ռուսը արդէն տարուած էր պոլշեւիկեան յեղափոխութեան միջնաբերդը պաշտպանելու հոգերով եւ ժամանակ չունէր Հայաստանի դիմագրաւած օրհասին մասին մտածելու, ուր մնաց օգնութեան ձեռք երկարելու։ Իսկ վրացի եւ թաթար «դեմոկրատ»ներու ազգայնամոլական ախորժակները ծանօթ պատմութիւն են. Անդրկովկասի թաթար բնակչութիւնը, «դեմոկրատ» իր առաջնորդներով հանդերձ, անձկութեամբ կը սպասէր թրքական յաղթանակին. մինչ վրացիները, սեփական գլուխը հողին մէջ թաղելով պաշտպանուիլ ուզող ջայլամի օրինակով, Հայաստանի եւ հայութեան հաշւոյն զիջումներու գնով կը փորձէին ապահովել թրքական ներխուժող բանակի «ներողամտութիւն»ը…

Խաչատուր Կարճիկեան ի զուր պայքարեցաւ դէպքերու այդ թաւալգլոր գահավիժումին դէմ։ Երզնկայի եւ Կարնոյ անկումէն ետք կարգը հասաւ Կարսին, ուր հայկական զօրքը ծանրագոյն գին վճարեց համառուսական «դեմոկրատիա»յի անունով ծայր տուած դասալքութեան։ Եւ Կարսի անկման մեծ ողբերգութենէն անմիջապէս ետք՝ բոլորի՛ն – դաշնակցական թէ ընդդիմադիր – մատները ուղղուեցան դէպի Խաչատուր Կարճիկեանը, իբրեւ Սէյմի եւ Անդրկովկասեան ժամանակաւոր կառավարութեան մէջ Դաշնակցութեան ներկայացուցչական դէմքը, անոր վրայ բարդելով վրացական եւ թաթարական սադրանքներուն դէմ հատու պատասխան տուած չըլլալու պատասխանատուութիւնը։

Ահա ծանրագոյն մեղադրանքներու այդ մթնոլորտին մէջ, երբ Հայաստան յաղթանակած էր Մայիսեան հերոսամարտներու ընթացքին եւ արդէն տիրացած էր իր անկախութեան, պատահեցաւ ճակատագրի դառն հեգնանքը։ Երբ Խ. Կարճիկեան տենդագին լծուած էր հայոց նորահաստատ պետականութեան հիմերու իրաւական ամրապնդումին՝ յառաջադէմ օրէնքներու մշակումով եւ հաստատումով, Հայկական Բանակի սպայ եւ Կարճիկեանի տարիներու մտերիմ Եգոր Տէր-Մինասեան գործեց եղբայրասպան իր ծանրագոյն ոճիրը։ Կարսի անկումին համար ՍԷՅՄի բոլոր պատասխանատուները ահաբեկելու ինքնագլուխ որոշումը կայացուցած էր Եգոր, բայց որ վրացիներուն եւ թաթարներուն պատուհասելու փոխարէն, իր առաջին հարուածը ուղղեց դաշնակցական իր ընկերոջ ու ներկայացուցիչին…

Այդպէս անհիմնօրէն ու անարդարօրէն ընդհատուեցաւ համակ նուիրում եւ սկզբունքային հետեւողականութիւն շնչաւորած կեանքը Խաչատուր Կարճիկեանի, որ իսկապէս քաւութեան նոխազը դարձաւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման տաժանագին երկունքին։
14 Նոյեմբեր 1918ին, Հ.Հ. Խնամատարութեան նախարարի իր աշխատասենեակին մէջ, եղբայրասպան փամփուշտով վերջ գտաւ գաղափարական պայքարի, յեղափոխական անձնուիրումի հայոց պետականութեան կերտումի վաստակաշատ կեանքը Խաչատուր Կարճիկեանի։
Դարձեալ Սիմոն Վրացեանի վկայութեամբ՝ «Կարճիկեանի մահով ոչ միայն Հայաստանն էր զրկւում իր ամենախոշոր պետական մի գործչից, այլեւ բովանդակ Կովկասը… Արամից յետոյ, նա առաջինն էր՝ կոչուած կերտելու Հայաստանի պետական շէնքը»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այցելություն Եռաբլուր

Այսօր՝ մայիսի 9-ին, հաղթանակի օրվա առթիվ Եռաբլուր են այցելել «Հայաստան» դաշինք

09 Մայիս 2026
Հայկական պետականության ընտրությունը.

Սակայն այստեղ առաջանում է հիմնական հակասությունը, որը գործող իշխանությունը չի

09 Մայիս 2026
Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշիի Նահատ

Բեկոր, պատերազմի ընթացքին 11 անգամ վիրաւորուիլը` ճակատագիրին կողմէ դրոշմուած մ

09 Մայիս 2026
Շուշի. հաղթանակի և «պարտության» վկան

Շուշիի ազատագրումը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության հերոսական էջերից է։ Տասնա

09 Մայիս 2026
Խմբագրական. Եռատօնի Վերականգնումին Հեռ

Մայիսեան եռատօնը Արցախի վերջին պատերազմէն ետք վերաիմաստաւորուած է, բացասական ի

09 Մայիս 2026
Սփիւռքը` Երէկ Եւ Այսօր Գոյատեւումէն Դէ

Հայկական սփիւռքը դար մը շարունակ եղած է մեր ազգային կեանքին ամէնէն կարեւոր իրա

09 Մայիս 2026
«Հարատև պայքար» պատկերագրքի շնորհանդես

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

09 Մայիս 2026
Փարիզէն զգաստութեան (հերթական) հրաւէր

Ոխակալութիւն՝ որովհետեւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչ մարմինի ղեկավարին՝ Հայաս

09 Մայիս 2026
Էջմիածնից մեկնարկեց «Հայաստան» դաշինքի

Այսօր՝ մայիսի 8-ին Էջմիածնից՝ հայության հոգևոր կենտրոնից մեկնարկեց «Հայաստան»

08 Մայիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը եւ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատ

08 Մայիս 2026
Ազգային սկզբունքային հարցերու գծով սփի

Տրուած ըլլալով, որ հարցազրոյցը կը զուգադիպէր Լիբանանի մամլոյ եւ մտաւորականներո

08 Մայիս 2026
Ակնարկ. Մրցահարթակի Չվերածուելու Համար

Վարագոյրը իջած է արդէն Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովներու եւ

08 Մայիս 2026
Նախաձեռնողականություն եւ կամք․ այն ամե

-Ռուբեն Վարդանյանի և Դավիթ Իշխանյանի դիմուները ՄԻՊ Ա․ Մանասյանի դաշտում են,

07 Մայիս 2026
Մաքրոնի Մաքառումները

«Ոչ ոք կրնայ բոլորին անունով ինքնագլուխ գործել, եւ ոչ ոք կրնայ ընդունիլ կանոնն

07 Մայիս 2026
Գոյժ

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ մահը` վաստակաւոր ըն

07 Մայիս 2026
Խորհրդաժողովը եկավ ցույց տալու, որ պայ

«Առավոտ»-ի զրուցակիցն է ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախագահ Գասպար Կարապե

06 Մայիս 2026
Չի կարելի ծաղրի առարկա դարձնել մի ամբո

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելույթը

06 Մայիս 2026
Այս դատը բացված է հայ ժողովրդի և հայոց

Դավիթ Իշխանյանը Բաքվի բանտից դիմել է ՀՀ ՄԻՊ-ին՝ միջնորդելու մեղադրական ակտի և

06 Մայիս 2026
ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի հայտա

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակը նկատի է ունենում Երևանում անցկացված ԵՄ-Հայա

06 Մայիս 2026
Ճիշտ չենք համարում, ընտրություններից

Մենք Ֆրանսիայում աշխատանքներ ենք տարել, քաջալերել ենք Ֆրանսիայի բոլոր կառավարո

06 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company