Ցնծացէ՛ք Հայեր, Ապագան Իրականացած Է
30 Հուլիս 2025
Նիկոլ Փաշինեան արձակուրդի մեկնելէ առաջ աւետեց, որ 2021-ի ընտրարշաւի խոստումը` «Ապագայ կայ, կա՛յ ապագայ», արդէն իրականացած է: Ի տես հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեան Վարդավառի տօնախմբութիւններուն եւ մանաւանդ Սեւանի ափին հաւաքուած յիսուն հազար հայերուն` ակնյայտ է, որ Հայաստանի ժողովուրդը երջանիկ է, կեր, խմէ, զուարճացիր, մոռցիր Արցախ, Ցեղասպանութիւն, գրաւուած տարածքներ, ազրպէյճանական նախապայմաններ, Արարատ ու Հայ դատ: Հայ ժողովուրդը մեծ կորուստներ ունեցած է հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալին. այդ բոլորը պատմական իրողութիւններ են, որոնք պէտք է մոռցուին ու կորսուին անցեալի մշուշին մէջ: Օտարները, վերջին ժամանակներուն յատկապէս ռուսերը, մեզ կը մղէին պայքարելու անիրականանալի նպատակներու համար, այդ միջոցով իրենց գերիշխանութիւնը հաստատելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Այժմ, Հայաստան թօթափած է այդ վնասակար ազդեցութիւնները, մարսած է բոլոր կորուստները ու վերածուած ինքնիշխան, ազատ ու անկախ «իրական Հայաստանի»: Ո՛վ չ՛ընդունիր իրականացած այս ապագան, ո՛վ տակաւին կը խօսի իշխանութիւններու կողմէ մոռացութեան տրուած իրաւունքներու մասին, ո՛վ չ՛ընդունիր իշխանութիւններու վարած զիջողական քաղաքականութիւնը, ո՛վ վերջապէս կը պահանջէ իշխանութեան փոփոխութիւնը, ահաբեկիչ է, պետութիւնը կործանող է, «բռնի» իշխանափոխութեան ջատագով է: Ընդդիմութեան սահմանադրական անհրաժեշտութիւնը, խօսքի ազատութիւնը տեսականօրէն գոյութիւն ունին, սակայն խօսքը ենթակայ է կամայական մեկնաբանութեան եւ… անախորժ հետեւանքներու:
Օրինակի համար, Սամուէլ Կարապետեան անունով մեծահարուստ գործարարը, որ բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարած է, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջին առիթով այցելած էր Էջմիածին ու կաթողիկոսին հետ տեսակցելէ ետք յայտարարութիւն մը կատարած էր: Ան իր զօրակցութիւնը յայտնելէ ետք Հայ եկեղեցւոյ եւ կաթողիկոսին, ըսած էր, որ եթէ քաղաքական կուսակցութիւնները չկարենան լուծել տագնապը, ինք իր միջոցներով պիտի լուծէ: «Իր միջոցները» ենթարկուեցան կամակայական մեկնաբանութեան, թարգմանուեցան իբրեւ բռնի արարքներու, ահաբեկչութեան հրաւէր: Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուեցաւ ու ենթարկուեցաւ երկու ամսուան նախնական կալանքի:
Բանտէն, Սամուէլ Կարապետեան բացայայտեց «իր միջոցը» յայտարարելով նոր կուսակցութեան մը կազմութեան մասին: Արդեօ՞ք պիտի ստեղծուի այն երրորդ ուժը, որ անկախաբար «քաղաքացիական պայմանագիրէն» եւ իբրեւ թէ ընդմիշտ մերժուած հիներէն, Հայաստանի քաղաքական դաշտը դուրս պիտի բերէ արուեստական երկփեղկումէն, որ ստեղծուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր սակաւապետութեան կողմէ:
Ժողովուրդի քուէներով ընտրուած իշխանութիւն մը օրինական է այնքան ատեն, երբ իր նախընտրական ծրագիրին հաւատարիմ կը մնայ: «Քաղաքացիական պայմանագիրի» նախընտրական ծրագիրը միայն մուրճի հարուածներով «Ապագայ կայ, կա՛յ ապագան» չէր: Քարոզելով ու գործելով իր տուած խոստումներուն հակոտնեայ եղանակով, Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբը նպատակադրած է նոր սահմանումներ տալ Հայաստան, հայրենիք, Հայ եկեղեցի, պետութիւն, ազգ, ժողովուրդ յղացքներուն, զանոնք պատշաճեցնելով իր ձախողումներով ստեղծուած կացութեան հետ: Եղածը դասական պահպանողականութիւն չէ. Նիկոլ Փաշինեան կը յաւակնի հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան ներարկել եւ ընդունելի դարձնել այնպիսի գաղափարներ, որոնք կը հակադրուին դարերու ընթացքին գոյացած, միս ու արիւն դարձած ըմբռնումներուն: Ասիկա նոր իսկական Հայաստանի, նոր ժողովուրդի, նոր եկեղեցւոյ, նոր պետականութեան շփոթուած «գաղափարաբանութիւնն» է, որ կը ջնջէ իրմէ առաջ եղած ամէն բան. պատմութիւն, հայրենիք, մշակոյթ ու ժողովրդագրութիւն:
Ազգային նոր գաղափարաբանութիւնը ժողովրդականացնելու համար, Փաշինեան ամոլը ստեղծեց «կրթուելը նորաձեւ է» շարժումը: Հաւաքներով, դասախօսութիւններով, զրոյցներով տիկին Աննան եւ անձամբ պարոն Փաշինեանը կը բացատրեն, որ սխալ ապրած ենք մինչեւ իրենց յայտնուիլը եւ թէ իրենք, եկեղեցւոյ աղանդաւորներու նմանողութեամբ, կը բացայայտեն Բանն Աստուծոյ եւ բանն ազգին ու հայրենիքին ճշմարտութիւնը, իրենց ճշմարտութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ