Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին
31 Հուլիս 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու վեցերորդ օրը մարզախաղերու մասնակիցները, Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչական անդամներուն առաջնորդութեամբ, այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Ս. Էջմիածին:
Ծիծեռնակաբերդի Մէջ
Ծիծեռնակաբերդ հասնելով, ՀՄԸՄ-ի «Մարզական բանակ»-ին անունով Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակ զետեղեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան:
Ապա, մարզիկ-մարզիկուհիները բոլորուեցան յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ, մէկական ծաղիկներ խոնարհեցին եւ «Տէրունական» աղօթքով հոգիներու խաղաղութիւն խնդրեցին թրքական եաթաղանին զոհ գացած մեր անմեղ զոհերու հոգիներուն համար:
Եռաբլուրի Մէջ
Ծիծեռնակաբերդէն ետք մարզախաղերու մասնակիցները ուղղուեցան Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն, որուն մուտքին դիմաւորուեցան Դադիվանքի նախկին վանահայր, պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց մատրան սպասարկող Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանի կողմէ:
Կարճ աղօթքէ եւ խմբանկարէ մը ետք, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀԱՍԿ-ի վարչութիւններու անդամները, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեցին Արցախեան պատերազմներու նահատակ ՀՄԸՄ-ականներու շիրիմները եւ ծաղիկներու զետեղումով յարգանքի տուրք ընծայեցին անոնց յիշատակին:
ՀՄԸՄ-ի անունով նաեւ յիշատակի ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Եռաբլուրի յուշապատին առջեւ:
Էջմիածինի Մէջ
Մարզախաղերու մասնակիցներուն վերջին կանգառը եղաւ Ս. էջմիածինը:
Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու մասնակիցներու օրհնութեան կարգ` հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսաց դասի անդամներու:
Այս առիթով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը արտասանեց ներկայ մարզիկ-մարզիկուհիներուն ուղղուած խօսք մը` գոհունակութիւն յայտնելով, որ աւանդական դարձած Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու առիթով աշխարհի զանազան կողմերէն հայրենիք համախմբուած են` մրցապայքարի մէջ դրսեւորելու իրենց հմտութիւններն ու կարողութիւնները, միաժամանակ ճանչնալու եւ բարեկամանալու իրարու հետ: