Տարագրեցին, գրաւեցին, սրբապղծեցին իսկ հիմա կը հրկիզեն…
31 Հուլիս 2025
Զարմանալի չէ Արցախի մէջ վերջին օրերու զարգացումները, մասնաւորաբար բազմաթիւ շրջաններու մէջ ծագած անտառային հրդեհները: Պարզ աչքով տեսանելի է, ու բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Պաքուի իշխանութիւնները ինչպիսի՜ նախնական միջոցառումներով իբրեւ թէ կը պայքարին հրդեհներուն դէմ՝ իր բնիկ եւ հողատէր ժողովուրդէն պարպուած, լուռ եւ տխուր Արցախի մէջ։
Ամառնային հրդեհներու շրջանին, երբ բազմաթիւ երկիրներ բռնուած են բնական այս աղէտին ճիրաններուն մէջ, մարդ կրնայ մտածել, որ Արցախի մէջ ծագած հրդեհներն ալ այդ շղթային մաս կը կազմեն եւ որոշ վերապահութեամբ կը մօտենայ այն հաւաստիքներուն, որ ազերիական իշխանութիւնները հրձիգութիւն կատարած են: Բայց եթէ այս աղէտը դիտենք աւելի լայն շրջագիծի մէջ, աւելի ծանր կը կշռէ դիտաւորեալի հաւանականութիւնը, որովհետեւ հրդեհները մարելու եւ կացութեան տէրը դառնալու ճիգերը բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանան, թէ՝ արդեօք Ալիեւ եւ իր երկրպագուները դիտմա՞մբ շտապ եւ կտրուկ միջոցառումներ չեն որդեգրեր։
Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ հրդեհը կը թակէ Տիգրանակերտի պատմամշակութային արգելոցին դռները, կը սպառնայ Թալիշ համայնքի շրջակայքին եւ շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ գտնուող նշանակալի յուշարձաններու, որոնց կարգին է շրջանի ամենահին գիւղը, իր հինգերորդ դարու վանքով եւ ապարանքով, Նոր Շէն համայնքը՝ աւելի քան 200 տարուան պատմութիւն ունեցող թթենիներու այգիներով, եւ յատկապէս պատմական Ամարաս վանքը, հիմնուած չորրորդ դարուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ։
Կրակի գօտիին մէջ են Հատրութը, Մարտունին, Մարտակերտը, Ասկերանը, այսինքն՝ Արցախի արեւելեան գօտին: Աւելին, Պաքուի տարածած նկարներուն մէջ, յստակ կ’երեւի, որ հրդեհը հասած է Նախիջեւանիկ գիւղ, Վարդաձոր, Նորագիւղ, Մարտունի, եւ այլն։
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ 13-րդ դարուն, մոնկոլ-թաթարական եւ յատկապէս Լենկթիմուրի արշաւանքներուն հետեւանքով, հայկական շէներ ահաւոր վնասներ կրած են: Կարծէք թէ այսօր ալ ամէն բան կրակի տուող Լենկթիմուր մը «արշաւած» է Արցախ, կրնայ ծանր վնասներ պատճառել եւ միեւնոյն ժամանակ դիւրացնել հայկական ժառանգութիւններու՝ ազերիներու կողմէ սրբապղծման «առաքելութիւնը»: Չմոռնանք, որ անոնք վերջին տարիներուն, այլ պլըֆիզմով մը կը կրկնեն, թէ Ամարասը կառուցուած է Կովկասի ալպանացիներուն կողմէ։ Արդեօք պիտի գա՞յ այն օրը, երբ Գրիգոր Լուսաւորիչն ալ ազերի կամ այլ ազգի պիտի հռչակեն…
23 Յուլիսին ծայր առած հրդեհները կը շարունակուին։ Ըստ Պաքուի, ցամաքի ճամբով հասած հրշէջներու կողքին, գործի լծուած է օդուժը, որ իր տրամադրութեան տակ ունի յատուկ սարքաւորուած ուղղաթիռներ: Թրքօ-ազերիական ուղեղը բնականաբար չի մտածեր անօդաչու «Պայրաքտար»-ին հրշէջ տարբերակներուն մասին…
Երեւանի իշխանութիւնը դժբախտաբար այս աղէտով ո՛չ միայն հետաքրքրքուած չէ, այլ կարծէք թէ տեղեակ ալ չէ։ «Կտրիճ» ՔՊ-ականներուն կիզակէտը այս օրերուն Էջմիածինը «հրդեհել»-ն է, ելետկրականութեան ցանցն ալ «հրկիզել»-ը, այսինքն՝ «ՔՊ-ականացնել»՝ պետականացնել անուան տակ։ Հոս ալ զարմանալի բան չկայ, որովհետեւ անոնք մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր Արցախը պաշտօնապէս եւ ճակատաբաց ճանչցան իբրեւ Ատրպէյճանի պատկանող հողամաս, ուրեմն, հոն պատահող որեւէ դէպք կը նկատեն Ատրպէյճանի «ներքին հարցը»: Տակաւին, անոնք շատ աւելի փութաջան են ցաւակցելու Թուրքիոյ՝ երբ բնական աղէտներ հարուածեն անոր այս կամ այն շրջանը (մարդկային երեսը չենք արհամարհեր), բայց ո՛չ մէկ շարժում՝ երբ հարցը կը վերաբերի հայկական կէտի մը՝ բնական աղէտ կամ անտեղի կերպով բանտարկուածներ եւ դատուողներ…
Քանի մը ընդդիմադիր թերթեր ու դէմքեր կը փորձեն ահազանգել։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար, Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան պետական խորհուրդի քարտուղար Սերգէյ Շահվերտեանի յայտարարութիւնը. ան շեշտեց այն հաւանականութիւնը, թէ ազերիները դիտմամբ դանդաղ կը շարժին եւ կը թերանան իրենց պարտականութեան մէջ, այսպէսով վնասելով Արցախի յուշարձաններուն, եկեղեցիներուն ու բնական գեղեցկութեան, դիւրացնելով անոնց քանդումն ու քարտէսէն ջնջումը։
19 Բաղրամեանի նստարաններուն վրայ բազմածներուն մեծամասնութեան աչքին՝ ոչ մէկ կարեւութիւն կը ներկայացնեն այս հրդեհները, որոնք կրնան հասնիլ սահմանամերձ շրջաններ. սակայն, որո՞ւ հոգը, այնքան ատեն, որ Հիւսիսային Պողոտան եւ մօտակայ
սրճարանները խճողուած են զբօսաշրջիկներով եւ ծոյլ ու բթացեալ տեղացիներով․․․: Օտարալեզու մը պիտի ըսէր. «Գործերը սովորական ընթացքի մէջ են» (Business as usual!):
Կրկին ու կրկին պէտք է շեշտել, թէ բնութեան ստեղծած չարիքին դէմ լիարժէք չպայքարելու կամքին պակասն է, որ կը յանգեցնէ այն եզրակացութեան՝ թէ Ատրպէյճան դիտմամբ կը ձգձգէ հրդեհները շիջելու գործը, պարզապէս դիւրացնելով հայկականութիւնը բնաջնջելու աշխատանքը։
․․․Արցախցին տարագրեցին, անոր հողը խլեցին, սրբապղծեցին եւ հիմա կը հրկիզեն։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական