ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները
31 Հուլիս 2025
ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ հինգշաբթի, 24 յուլիս 2025-ին եւ աւարտեց 30 յուլիսին։ Վեց օրերու ընթացքին ժողովը քննարկեց Լիբանանի Դաշնակցական ընտանիքի անցնող 21 ամսուան գործունէութիւնը, ներլիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, որոնց լոյսին տակ որդեգրեց երկամեայ գործունէութեան ուղեցոյց:
Ժողովը հաստատեց, որ անցնող 21 ամիսներուն ընթացքին աշխատանքը ծաւալած է ճգնաժամային արտակարգ պայմաններու մէջ:
Սեպտեմբեր 2024-ին Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան պատերազմը, ապա զինադադարի հաստատումով, նոր նախագահի ընտրութեամբ, նոր կառավարութեան կազմութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններով երկիրը մուտք գործած է նոր փուլ։
Այս ժամանակաշրջանը համընկնած է հայութեան եւ Հայաստանի համար ծանրակշիռ զարգացումներով յղի հանգրուանի մը, ուր ազգային արժէքներու դէմ հայրենի իշխանութիւններուն մղած պայքարը՝ հայ եկեղեցւոյ, ընդդիմադիր շրջանակներու եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան թիրախաւորումով, լուրջ հարուած հասցուցած է ազգային մեր նպատակներու հետապնդման ճիգերուն։
Աւելի’ն, Արցախեան թղթածրարի փակման փորձերը եւ մեր հայրենիքին սպառնացող գոյութենական վտանգները ստեղծած են բարոյահոգեբանական ծանր կացութիւն մը, որ հրամայական կը դարձնէ հայ ժողովուրդին միասնականութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի հանրապետութեան ու հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Հայ դատի հետապնդման համար գերլարուած աշխատանքը։
Անցնող փուլը առկայ տագնապներուն դէմ յանդիման նաեւ լիբանանահայութեան համար եղած է ծանր հանգրուան մը, ուր ազգային կառոյցներու եւ ուղեկից միութիւններու պահպանումն ու գաղութային աշխուժ կեանքի շարունակումը դարձած են գլխաւոր մարտահրաւէրներ:
Ժողովը այս բոլորին լոյսին տակ որդեգրեց համապատասխան որոշումներ:
Ժողովի աւարտին յառաջիկայ երկու տարուան համար ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի կազմ՝ բաղկացած հետեւեալներէն՝
Ալպեր Պալապանեան
Ճորճ Գրիգորեան
Ռեմոն Այվազեան
Աւետիս Կիտանեան
Կարօ Յարութիւնեան
Արամ Սոմունճեան
Արծիւ Տէր Խաչատուրեան
Յովհաննէս Խօշեան
Եղիա Թաշճեան
Կեդրոնական կոմիտէն իր առաջին նիստին ներկայացուցիչ ընտրեց
Ալպեր Պալապանեանը։