26 ԼԵՄ-ականներ Տուին Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
01 Օգոստոս 2025
Շաբաթ, 26 յուլիս 2025-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 15 ԼԵՄ-ականներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին:
Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ռուստամեան լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ այս կուսակցութիւնը ընդհանրապէս եւ դաշնակցական մարդը յատկապէս լուռ չեն կրնար մնալ ազգային արժէքները, գաղափարները եւ համազգային տեսլականները հարուածող երեւոյթներուն դիմաց: Ան աւելցուց, որ իրաւ դաշնակցականը չ՛ընկրկիր եւ չի յանձնուիր` տեւաբար զինուելով աննկուն կամքով եւ հայրենիքի հանդէպ անսահման հաւատարմութեամբ:
Ընդունելով նորագիրներուն երդումը` Ռուստամեան Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործող սերունդը անուանեց «Քրիստափոր Միքայէլեան» սերունդ, ՀՅԴ հիմնադիր ռահվիրային նահատակութեան 120-ամեակին առիթով: Յայտնենք, որ 11 ԼԵՄ-ականներ ՀՅԴ Համաերիտասարդական 12-րդ բանակումին ընթացքին կատարեցին դաշնակցականի իրենց երդումը եւ մուտք գործեցին ՀՅԴ շարքեր` մաս կազմելով նոյնպէս «Քրիստափոր Միքայէլեան» սերունդին: