Դէպի Միջազգային Ամբողջատիրութիւն
28 Հունվար 2026
Նախորդ դարու իննսունական թուականներուն Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, արեւմտեան աշխարհի այն պետութիւնները, որոնք մշտական անդամներ էին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, դատեցին, որ յաղթանակ արձանագրած են համայնավարական աշխարհակալութեան դէմ եւ թէ ժամանակը եկած է աշխարհը ղեկավարելու միաբեւեռ եղանակով: Խորհրդային Միութեան փլուզումով գոյացած նորանկախ երկիրներ եւ այդ միութեան համակրող կամ անոր կողմէ հովանաւորուող երկիրներ յայտնուեցան իրենց համար նոր վարչաձեւեր որդեգրելու կացութեան մէջ: Տիպար օրինակը արեւմտեան Եւրոպայի մէջ կիրարկուածն էր, իր երկու տարբերակներով` նախագահական կամ թագաւորական կառավարում եւ խորհրդարանական կառավարում: Երկու տարբերակներն ալ, երկրէ երկիր որոշակի նրբերանգներով, կը նկատուէին ժողովրդավարական վարչաձեւեր, ուր իշխանութեան աղբիւրը ընտրող հասարակութիւնն էր` ժողովուրդը: Գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ կային աջ եւ ձախ նկատուող մեծ կուսակցութիւններ, իրենց կողքին` լուսանցքային ծայրայեղ աջեր եւ ծայրայեղ ձախեր:
Այս ձեւական վարչակարգերը ընդունողները պատրաստ չէին զայն կիրարկելու: Արեւմուտքի մէջ քաղաքացիական դաստիարակութեան երկարատեւ հոլովոյթ մը ստեղծած էր գաղափարաբանական ընտրանքներու վրայ հիմնուած երկբեւեռ համոզումներու միջավայր մը: Նորանկախ երկիրներուն մէջ, վարժուած միակուսակցական դրութեան, այդ դաստիարակութիւնը նոր պէտք է սկսէր: Գրեթէ ամէն տեղ, բազմակուսակցական դրութեան հովանիին տակ ականատես եղանք կուսակցութիւններու մեծաթիւ փաղանգներու կազմութեան, յաճախ գաղափարական ոգիէ զուրկ, համախմբուած յաւակնոտ անհատի մը շուրջ: Ժողովրդավարութեան անունով ականատես եղանք սակաւապետական դրութեամբ կառավարուող երկիրներու գոյացման:
Այն երկիրներուն մէջ, ուր ամբողջատիրական դրութիւններ հաստատուած էին, թագաւորութիւններ, իշխանապետութիւններ եւ նոյնիսկ` հանրապետութիւններ, վարչաձեւը շարունակեց պահպանել իր գոյութիւնը: Անոնք, որ Արեւմուտքին կը յարէին, մտահոգուելու պատճառ չունէին. Արեւմուտքը գիտէր բռնատէրերու հետ բարեկամական գործակցութիւն ստեղծելու հնարքը. տնտեսական շահագործումը թոյլ կու տար աչք փակելու ազատութիւններու բացակայութեան, մարդու իրաւունքներու կաշկանդումներուն եւ ժողովրդավարութեան չգոյութեան վրայ: Իսկ անոնք, որոնք գերիշխանութեան պատրուակով կը մերժէին ենթարկուիլ արեւմտեան հրահանգներուն, յայտնուեցան սեւ ցուցակներու վրայ:
Սկսաւ գունաւոր յեղափոխութիւններու արշաւը: Ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններ բազմաթիւ երկիրներու մէջ լծուեցան ժողովրդավարութիւն եւ մարդու իրաւունքներու յարգում քարոզելու յաճախ գործնապաշտ արշաւներու, դուրսէն ներածուած գումարներու առատ բաշխումով: Եթէ խաղաղ միջոցներով ցոյց, հաւաք, գործադուլ, եւ այլն, կարելի չեղաւ ակնկալուած բարեշրջումը իրականացնել, դիմուեցաւ կտրուկ միջոցներու. խռովութիւններ եւ արտաքին զինեալ միջամտութիւն:
Շատ վարչաձեւեր փոխուեցան, բարեկարգուեցան: Բարեկարգուած վարչաձեւերը նախապէս վատ էին, նորերը աւելի լաւը չեղան: Հասարակութիւնները երկփեղկուեցան, ժողովուրդները կորսնցուցին իրենց ազգային միասնականութիւնը: Գրեթէ ամէն տեղ խաղաղութիւնը հեռացաւ ու պետական հաստատութիւնները անկառավարելի դարձան: Կռիւներ, վէճեր, մեծ ու փոքր պատերազմներ լրատուական հոսքերու մնայուն նիւթի վերածուեցան: Հողային կորուստներ, գաղթականութիւն, աղքատութիւն ու զրկանք նոր աշխարհի յատկանիշներ դարձան:
Տարի մը առաջ Տոնալտ Թրամփ վերստանձնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահութիւնը: Նախագահ Թրամփ կը պարծենայ, որ ինք վերջ տուած է ութ պատերազմներու: Ութ տարբեր վայրերու մէջ յաջողեր է համոզել պարտուող կողմը, որ համակերպի կորուստին եւ խաղաղութիւն կնքէ յաղթողին հետ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յաջողեր է ութ տարբեր անարդարութիւններ ընդունելի դարձնել, այսինքն` ժամանակաւորապէս յետաձգել իսկական արդարութեան եւ ճշմարիտ խաղաղութեան հաստատումը: Ով կը նկրտի մերժել հրամցուող խաղաղութիւնը, խաղաղասէր նախագահը կը սպառնայ ուժով, պատժամիջոցներով, մաքսատուրքերու բարձրացումով կարգի բերել իր տնտեսական շահերէն առաջնորդուած խաղաղութիւնը մերժողը:
Աշխարհը գէթ ձեւականօրէն հաւասարակշռութիւն մը հաստատած էր ՄԱԿ-ի միջոցով: Անիրաւուած երկիրներ կրնային յղում կատարել միջազգային իրաւունքին, կրնային պահանջել միջազգային օրէնքներու գործադրութիւնը: Այժմ այդ կարելիութիւնը եւս չքանալու ընթացքի մէջ է: Նախագահ Թրամփ իր ստեղծած Խաղաղութեան խորհուրդով կը ձգտի, իր առաջնորդութեամբ, տնօրինել միջազգային քաղաքական կեանքը: Միջազգային ամբողջատիրութեամբ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
