Ակնարկ. Սպառնալ Եւ Բանակցիլ
29 Հունվար 2026
Ամերիկեան նաւատորմերու տարածաշրջան ժամանումը առաջին հայեացքով պատերազմի նախաշեմին մասին կը խօսի: Յայտարարութիւններու յաջորդականութիւնը սակայն դիւանագիտական լուծումներու ճամբան բաց կը պահէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը խօսեցաւ Թեհրանի կողմէ Ուաշինկթընին փոխանցուած բազմաթիւ ուղերձներու մասին` ընդգծելով, որ Իրան կ՛առաջարկէ համաձայնիլ Ուաշինկթընի հետ: Ապա նոյն առաջարկը ինք կատարեց` թելադրելով Իրանին երթալ գործարքի: Գործարքի փակագիծերը չեն բացուած տակաւին, սակայն պարզ է, որ խօսքը առկախուած բանակցութիւններու վերսկսման մասին է: Հիմնական օրակարգը` հիւլէական թղթածրարը:
Կը թուի սակայն, որ հիւլէական թղթածրարին ներառուած են այլ ռազմավարական հանգամանքներ, որոնք Իրանի դերը պիտի վերասահմանեն տարածաշրջանին մէջ: Սպառնալիքներու ընդհանուր համապատկերին մէջ, պահ մը երեւցաւ չհերքուած լրատուութիւն այն մասին, որ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կայացած է համաձայնութիւն Թել Աւիւ-Թեհրան գիծին վրայ իրար չհարուածելու:
Այս բոլորով հանդերձ փոխսպառնալիքները շարունակուեցան: Հռետորաբանութիւնը հասաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ֆիզիքական չէզոքութեան, որուն դիմաց Իրանը աշխարհի քարտէսէն ջնջելու սպառնալիքին:
Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ հակամարտութիւններու այս աստիճան մագլցողականութեան եւ սպառնալիքներու նման «վերելք» գրանցելու շղթային յաջորդող օղակները անպայման կը վերաբերին բանակցութիւններու: Մինչ այդ, սակայն, կը սաստկանան հարուածները, կը թէժանայ հռետորաբանութիւնը, սպառնալիքները կը գլեն կ՛անցնին բոլոր օրինաչափութիւնները եւ ապա կը սկսին կամ կը վերսկսին բանակցութիւնները:
Կան որոշ տուեալներ մտածելու, որ նոյն բեմագրութիւնն է, որ կը կրկնուի: Այս բեմագրութեան հատուածներէն կարելի է նկատել նախ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին եւ Իրանի նախագահին միջեւ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Թագաժառանգը ընդգծած է, որ իր երկիրը անընդունելի կը նկատէ Իրանի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն, սպառնալիք կամ լարուածութիւնը սրելու փորձ: Յայտնած է նաեւ Ռիատի պատրաստակամութիւնը` համագործակցելու Իրանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներուն հետ` երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայուն անվտանգութիւն հաստատելու համար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած էր, որ տարածաշրջանային երկիրները լաւ կը գիտակցին, որ որեւէ անկայունացում ուղղուած չէ միայն Իրանին. անկայունութիւնը վարակիչ է: Ան կոչ ուղղած է դրացի երկիրներուն յստակ դիրքորոշում որդեգրելու արտաքին սպառնալիքներու դէմ:
Անգարայի դիրքորոշումը կարելի է արձագանգ նկատել այս կոչին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի սխալ նկատած է Իրանի վրայ յարձակումը եւ աւելցուցած, որ Թեհրանը պատրաստ է վերստին բանակցելու: Ուշագրաւ է այս առիթով անոր հրապարակած խորհուրդը Ուաշինկթընին ուղղուած: Թեհրանի հետ աշխատիլ փուլային եղանակով: Նախ փակել հիւլէական խնդիրը, ապա կէտ առ կէտ անցնիլ յաջորդներուն:
Այս յայտարարութենէն կը հետեւցուի, որ Անգարան կը միջնորդէ հարցի հանգուցալուծման համար: Փաստօրէն հաստատելու համար, որ Թեհրանը պատրաստ է բանակցութիւններուն, պէտք է համապատասխան երաշխիքը ստացած ըլլայ Թեհրանէն: Աւելի՛ն. կ՛առաջարկէ բանակցային ձեւաչափ` փուլային: Այս եւս կը նշանակէ, որ առաջարկուող ձեւաչափը համաձայնեցուած է Թեհրանի հետ, կամ ալ Թեհրանի առաջարկն է, որ կը յղէ Ուաշինկթընին:
Հիմա կը ստանանք այն, որ Մոսկուան միջնորդած է Իսրայէլ-Թեհրան գիծին վրայ, մինչ Անգարան կ՛աշխատի Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերագործարկումին համար:
Այս հանգամանքները անպայման պէտք է նկատի ունենալ նաւատորմերու ժամանումին, սպառնալիքի աստիճանաչափի բարձրացման եւ գործարքային մթնոլորտի ձեւաւորման իրականութիւնները փորձել գնահատելու համար:
«Ա.»
«Ազդակ»
