Խմբագրական. Շրջանցումներ Եւ Հիմնական Օրախնդիրներ
29 Հունվար 2026
Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի օրը անշուշտ առիթ է մեր զինեալ ուժերէն սահմանները պահպանող միաւորին դերակատարութիւնը արժանապէս գնահատելու եւ անոր անփոխարինելի ու հայրենիքի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովող գործառոյթի նշանակութիւնը հերթական անգամ լոյսին բերելու։
Բանակի օրուան առիթով վարչապետին հրապարակած ուղերձի հետեւեալ բաժինը լուսարձակի տակ պէտք է բերել եւ հետագայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարել։
Եւ այսպէս․ «Բանակի զարգացումը շարունակաբար ընթանալու է, որովհետեւ բանակը պետութեան կարեւորագոյն հաստատութիւններէն է, եւ չափազանց կարեւոր է ունենալ ուժեղ, պաշտպանունակ բանակ՝ ապագայի պայմանական սպառնալիքները դիմակայելու համար, այն դէպքերում, երբ դիւանագիտութիւնը ի վիճակի չի լինի դա անել»։
Այսօրուան իրականութեան պայմանները եթէ նկատի չունենանք, ապա այս հատատումը իբրեւ օրինաչափ տեսութիւն կարելի էր տրամաբանականօրէն ընկալել։ Սակայն կայ իրականութիւն՝ ներխուժուած տարածք Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ։ Կայ գրաւեալ տարածք Ազրպէյճանի կողմէ։
Այս իրականութեան մասին ուղերձին մէջ կայ ակնարկ։ «Ինչ վերաբերում է ՀՀ գրաւուած տարածքներին, այդ հարցի լուծման բանաձեւը, որն արձանագրուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան կանոնակարգին մէջ, արդէն իրաւական բարձրագոյն ուժ ունի երկու երկրներում եւ խնդիրը կը լուծուի սահմանազատման գործընթացում»։
Նախ, խնդրի լուծման մասին այսպիսի հաստատում կատարելը հեռու է համոզիչ ըլլալէ, մանաւանդ որ գործ ունինք ներխուժուած տարածքներէն բացի, այլ հայաստանապատկան տարածքներու նկատմամբ նկրտումներ ունեցող պետութեան հետ։
Երկրորդ, օրուան պայմաններուն մէջ առիթաւորուելու եւ ռազմագիտական առումով յատուկ նշանակութիւն ունեցող նոր դիրքեր գրաւելու նպատակը սահմանազատման գործընթացին ենթադրեալ զիջումներ տրամադրելու դիմաց այլ տարածքներ պահանջելն է։
Եւ երբ այս բոլորը տակաւին չեն վճռուած, անվերջ յղում ընելը Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ ատով իսկ տարածքային ամբողջականութեան թուանշաններ ճշդելը խիստ տարակուսելի կը դարձնէ ամբողջականութեան հասկացողութիւնը։
Աւելի սուր խնդիրը սակայն այն է, որ խաղաղութեան պայմանագիրի փաստաթուղթը նախաստորագրուած է։ Այնտեղ արձանագրուած է՝ Յօդուած Ա․ «Հաստատելով, որ նախկին ԽՍՀՄ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների միջեւ սահմանները դարձել են համապատասխան անկախ պետութիւնների միջազգային սահմանները եւ որպէս այդպիսին ճանաչուել են միջազգային հանրութեան կողմից՝ կողմերը ճանաչում են եւ կը յարգեն միմեանց ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմանների անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը»։
Արձանագրութիւնն ու իրականութիւնը հակասական են։ Ազրպէյճան կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը՝ խախտելով զայն կամ ներխուժելով ինքնիշխան տարածքներ։
Այս փաստն է, որ վարչապետը պիտի մղէր խօսիլ բանակի ոչ թէ ապագայի տեսական գործառոյթին, այլ այս առիթով տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու առաջնային խնդիրին մասին։ Ընդգծելու, որ խաղաղութեան պայմանագիր կարելի չէ ստորագրել առանց ինքնիշխան տարածքներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու։ Այլապէս ոչինչ կը խանգարէ, որ նախաստորագրուած տարբերակին նման ստորագրուի պայմանագիրը, ներխուժուած տարածքներով՝ յուսալով, որ սահմանազատման անժամկէտ գործընթացը օրին մէկը հեռացնէ ազրպէյճանական ուժերը հայաստանապատկան տարածքներէ։
Ո՛չ ուղերձներու մէջ՝ այս հիմնական խնդիրի շրջանցումով, ո՛չ ալ ամէն առիթի Ալմա Աթան վկայակոչելով այս հիմնահարցին լուծում կարելի է բերել։ Չեն կրնար նաեւ բերել իրողական խաղաղութիւն, որուն գլխաւոր երաշխաւորը կը շարունակէ մնալ հայոց բանակը։
«Ազդակ»
