ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան այցելեց «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն
30 Հունվար 2026
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, որ գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴի հիմնադրութեան 135ամեակի տօնակատարութեան, «Ասպարէզ»ի խմբագրատունը այցելեց եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ։
Գալստեանին կ՛ընկերանար ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան։
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ՀՅԴի առաջնահերթութիւնները եւ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Գալստեան շեշտեց, թէ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը գոյութենական տագնապի մը առջեւ դրած է երկիրը՝ շեշտելով, որ գալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները լաւ առիթ մըն են պէտք եղած բարեփոխումները իրականացնելու համար։
Գալստեան նաեւ յայտնեց, թէ Սփիւռքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ ապահովելու Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը։
Ան նաեւ արտայայտուեցաւ շրջանիս մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին, տպաւորիչ համարելով յատկապէս Փիլիպոս եւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանները իր այցելութիւնները եւ տեղւոյն աշակերտներուն հետ ունեցած իր հետաքրքրական զրոյցները։
