Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 135ամեակին
30 Հունվար 2026
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ՊԷԼՃԻՔԱ – Շաբաթ 24 Յունուարին, Պրիւքսէլի «Հայ Տան» մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135ամեակին:
Միջոցառումը համախմբեց տեղւոյն հայութիւնը՝ վերանորոգելու իրենց ուխտը ազգային-ազատագրական պայքարի եւ հայրենաշինութեան վեհ գործին:
Ձեռնարկի հանդիսավար Քարոլ Արիսեան, բանալով յայտագիրը, դիպուկ կերպով բնութագրեց կուսակցութեան էութիւնը. «135ամեայ, բայց մշտապէս երիտասարդ. այս կուսակցութիւնը ամրապինդ հաւատքով կը խտացնէ իրշարքերը երդուեալներու փաղանգով։ Այսօր 3 ընկերներ միացան Հ.Յ.Դ. շարքերուն՝ պատրաստ դիմագրաւելու հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած ազգային, ընկերային ու քաղաքական ամենաբարդ մարտահրաւէրները։ Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական կուսակցութիւն, այլ համահայկական շարժում, որ միաժամանակ գործեց որպէս ազատագրական պայքարի առաջամարտիկ, սփիւռքի երթի ճարտարապետ եւ Հայ Դատի պաշտպան»։
Նորագիրներու Երդման արարողութիւն տօնակատարութեան պաշտօնական բացումէն առաջ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր պահ մը. երեք նորագիր երիտասարդներ, կնքահայրութեամբ Գասպար Կարապետեանի, կատարեցին կուսակցական երդման արարողութիւնը՝ միանալով Հ.Յ.Դ. շարքերուն եւ խոստանալով անսակարկ ծառայել Հայ դատին ու հայութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան ազգային եւ կուսակցական գործիչներ, որոնք անդրադարձան Դաշնակցութեան անցած ուղիին եւ այսօրուան մարտահրաւէրներուն:
Հոգեշնորհ Հայր Զատիկ Վարդապետ Աւետիքեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ նշեց. «Մենք քիչ առաջ լսեցինք Հայաստանի քայլերգը, ուր կ՚ըսուի՝ «Մեր Հայրենիք ազատ, անկախ»: Այս գաղափարներու ոգիով է, որ 135 տարի առաջ հիմքը դրուեցաւ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական յեղափոխական կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Կ՚ուզեմ շնորհաւորել ձեզ բոլորդ այս գեղեցիկ տարեդարձին առիթով եւ մաղթել բարի շարունակութիւն ձեր ազնիւ ու ազգային առաքելութեան մէջ»:
Պէլճիքայի Հայերու Կոմիտէի նախագահ Ռոպեր Ունուսեան շեշտեց հայկական կառոյցներու դիմացկունութիւնը. «Պատիւ ունիմ ներկայացնելու Կոմիտէ մը, որ 2022 թուականին տօնեց իր 100-ամեակը:
Ասիկա ապացոյց է, որ մենք՝ հայերս, եթէ ցանկութիւն ունենք, կրնանք ստեղծել կառոյցներ, որոնք կը գոյատեւեն եւ, հակառակ համաշխարհային քաղաքական իրադարձութիւններուն, կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով իրենց սկզբունքներուն: Կ’ուզեմ ողջունել Պելճիքայի մէջ գտնուող կուսակցութեան բոլոր անդամները, որոնք միշտ կը յարգեն գործող կառոյցները եւ պատրաստակամ են կարգերուն համաձայն գործելու… նաեւ կը տեսնենք Հայաստանի մէջ պետականութիւնը յարգելու նոյն այդ նախանձախնդրութիւնը, նոյնիսկ երբ համաձայն չեն իշխող կառավարութեան որոշ կամ բոլոր արարքներուն։»

Օրուան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, որ խստօրէն քննադատեց Հայաստանի ներկայ կացութիւնը. «Մեր ազգն ու հայրենիքը կ՚ապրին աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու մէջ, իսկ ղեկին յայտնուածները ոչ միայն չեն նպաստեր իրավիճակի բարելաւման, այլեւ օրէ օր երկիրը կը տանին դէպի անդունդ:Ինչպէս դուք, մենք ալ խոր մտահոգութեամբ եւ ընդվզումով կը հետեւինք այս բոլորին, բայց ոչ թէ ձեռնածալ: Չեմ ընդուներ այն քննադատութիւնները, թէ բան չենք ըներ: Մեր տղաքը փողոցները չարչարուեցան ու կալանաւորուեցան ոստիկանութեան կողմէ. մինչեւ այսօր մեր ընկերները բանտերու մէջ են իրենց ճիգերուն համար: Իշխանափոխութիւնը միակ փրկութիւնն է, որ հրատապ է ու անվիճելի»:
Հրաչ Վարժապետեան նաեւ բարձր գնահատեց Պէլճիքայի շրջանի դերը.«Շնորհակալութիւն ձեզի բոլորիդ, որ կը մնաք մեր կողքին՝ ամուր ուհաւատարիմ: Առանց համակիրներու իր լայն զանգուածին՝ Դաշնակցութիւնը կը մնայ թերի: Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ այսօր իր հաստատուած տեղը ունի Պէլճիքայի մեր շրջանը: Այս շրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունի Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքին մէջ՝ հայապահպանման, հայեցի դիմագիծի պահպանման, հայակերտման ու Հայ Դատի գործունէութեան մէջ»:
Յոբելենական ձեռնարկը իր ներկայութեամբ եւ հզօր ձայնով զարդարեց սիրուած երգիչ Տաւիթ Յակոբեան, որուն կատարած յեղափոխական եւ ազգային երգերը բարձրացուցին ներկաներու մարտական ոգին ուհպարտութիւնը:
Միջոցառումը աւարտուեցաւ միասնականութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ՝վերահաստատելով, որ 135-ամեայ Դաշնակցութիւնը կը մնայ հայ ժողովուրդի անսասան յենարանը:




