Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
03 Փետրվար 2026
Միացեալ Նահանգներ-Իրան լարուածութեան համապատկերին վրայ փոխսպառնալիքներն ու հռետորաբանութիւնը կը խօսին պատերազմի նախաշեմին գտնուելու մասին: Ամերիկեան ռազմանաւեր կը մօտենային Իրանի մերձակայ ջուրեր, մինչ Թեհրանի ներկայացուցիչները կը խոստանային ամբողջ տարածաշրջանը բռնկեցնել, եթէ Ուաշինկթըն սկսէր հարուածել Իրանը:
Յայտարարողական մակարդակի այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ սակայն, մերթ ընդ մերթ բանակցութիւններու վերսկսման ակնարկներ կ՛ըլլային երկու կողմէն: Իրանի պարագային կար երկու ուղղութիւն: Հանրապետութեան նախագահին անձամբ եւ անոր շրջանակին կը պատկանէր համեմատաբար մեղմ յայտարարութիւններ կատարելն ու բանակցութիւններու վերագործարկման ակնարկներ ընելը, մինչ հոգեւոր պետին շրջանակի խօսոյթը աւելի սպառնական էր:
Կար անշուշտ քաղաքագիտական տեսութիւնը, որ բանակցութիւններու նախօրեակին կողմերը կը բարձրացնեն սպառնալիքներու առաստաղը` ամուր դիրքերէ ներկայանալու համար բանակցութիւններուն:
Միացեալ նահանգներու նախագահը քանի մը առիթով կը խօսէր Թեհրանի ներկայացուցիչներու կողմէ իրենց յղուած դիմումներուն մասին` բանակցելու առաջարկով: Սպառնալիքները կը շարունակուէին սակայն: Շարունակական բնոյթ ունէին նաեւ գետնի վրայ պատերազմի նախապատրաստութիւն յիշեցնող քայլեր եւ անոնց մասին լրատուութիւններ: Ուաշինկթըն տարածաշրջան կ՛ուղարկէր «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիր ռազմանաւը, իսկ Իրանը կը սկսէր ռազմածովային ռազմափորձեր Հորմուզի նեղուցին մէջ: Նեղուցի ամէնէն նեղ հատուածին մէջ (Իրանի եւ Օմանի միջեւ) լայնութիւնը կը կազմէ մօտ 33 քմ: Այդ հատուածով կ՛անցնի աշխարհի քարիւղի առեւտուրին մօտաւորապէս մէկ հինգերորդը: Ռազմափորձին ուղերձը նեղուցի փակումին սպառնալիքը ներառած էր:
Իրանեան լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը հրամայած է սկսիլ հիւլէական թղթածրարին շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւներու: Պարզ էր, որ այս որոշումը ոչ թէ համաձայնեցուած էր հոգեւոր իշխանութեան հետ, այլ անոր մղումով էր, որ կը յայտարարուէր:
Յատկանշական է, որ իրանեան աղբիւրները յայտնած էին, որ բանակցութիւնները բացառապէս պիտի վերաբերէին հիւլէական խնդիրին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը բանակցութիւններու վերսկսումին նախօրեակին կը յայտարարէր, որ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի հետ: Այս երեքէն պէտք է առանձնացնել Թուրքիան երկու հանգամանք նկատի ունենալով: Նախ այն, որ Իրանի կառավարական աղբիւրներ հրապարակած էին, որ բանակցութիւնները շուտով կը սկսին, եւ նշած էին վայրը` Թուրքիա:
Երկրորդ. անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնելէ ետք իր պատրաստակամութիւնը միջնորդելու Միացեալ Նահանգներ-Իրան հարցի լուծման համար, ներկայացուցած էր առաջարկ բանակցային գործընթացը փուլային ձեւաչափի սկզբունքով գործարկելու: Մանրամասնելով, որ այս փուլին կեդրոնանան միայն հիւլէական թղթածրարին վրայ. լուծել զայն եւ ապա անցնիլ յաջորդ փուլին եւ օրակարգին:
Եթէ այս հանգամանքները նկատի ունենանք, կարելի է արձանագրել, որ բանակցութիւնները պիտի վերագործարկուին Անգարայի միջնորդութեամբ: Կանխահաս է եզրակացնելը անոնց արդիւնաւորման մասին: Կը թուի սակայն, որ նոր շրջափուլ կը թեւակոխեն Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւնները: Իսկ շրջափուլը կը ներառէ նաեւ տարածաշրջանը մինչեւ Սուրիա, Կազա եւ Լիբանան, որոնց ուղղութեամբ յայտնապէս յաւակնոտ ծրագիրներ ունի միջնորդ պետութիւնը:
«Ա.»
«Ազդակ»
