Քաղաքացիական Իրաւանց Ոտնակոխումի Բողոքներ Ներկայացուեցան Օզի Հայատեաց Պնդումներուն Դէմ
03 Փետրվար 2026 ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԻ ԱԼԻՔԸ Կ՛ԱՃԻԻնչպէս անցեալ շաբաթ հաղորդեցինք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց «Մետիքեր»ի եւ «Մետիքէյտ»ի սպասարկութիւններու կեդրոններու (CMS) վարիչ տոքթ. Մեհմետ Օզի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ Լոս Անճելըսի առողջապահական սպասարկութիւններու ոլորտէն ներս ենթադրեալ զեղծարարութիւնները կը կապուին «օտար ազդեցութիւններ»ու հետ, ներառեալ՝ «ռուսահայ հրոսակախումբեր»ու, ինչպէս նաեւ հայ ինքնութիւնը, հայերէնը եւ համայնքային ներկայութիւնը կը ներկայացուին իբրեւ յանցագործութեան ցուցանիշ:
Օզի հայատեաց այս յայտարարութիւններուն դէմ բողոքի ալիքը շարունակուեցաւ աճիլ եւ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, դատապարտելէ ետք Օզի անպատասխանատու քայլը եւ շեշտելէ ետք, թէ զեղծարարութեան դէմ պայքարը պէտք է անհերքելի փաստերու վրայ հիման վրայ կատարուի, քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուց անոր դէմ, շեշտելով, թէ նման յայտարարութիւններ Լոս Անճելըսի հայութեան դէմ խտրականութիւն կը հրահրեն։ «Ատելութեան բոլոր տեսակի արարքները տեղի չունին Քալիֆորնիոյ մէջ։ Նկատի ունենալով պատմական զգայնութիւնները, մենք լրջութեամբ կը մօտենանք այս հարցին», յայտարարեց Նիւսըմ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ Օզի խտրական քայլը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով անմիջապէս կապ հաստատած էր Նիւսըմի եւ դաշնակցային շարք մը ղեկավարներու գրասենեակներուն հետ, իր կարգին քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուց Օզի դէմ։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան անընդունելի համարեց ամբողջ համայնքին վարկը ոտնակոխելու Օզի փորձը, շեշտելով, որ համայնքը դիւրութեամբ տեղի պիտի չտայ նման հալածանքներու եւ անպատասխանատու արշաւներու դէմ։
Ծերակուտական Էտըմ Շիֆ ազգայնամոլ քայլ մը համարեց Օզի ամբաստանութիւնը, շեշտելով, թէ հիմնաւորուած ամբաստանութիւնները պէտք է իրաւական միջոցներով հետապնդուին եւ չէ թէ ամբողջ համայնքը թիրախ դարձնելով։
Քոնկրեսականներ Լօրա Ֆրիտմըն, Պրետ Շըրմըն, Լուզ Ռիվազ, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ թեկնածու Իըն Քալտերոն եւ խումբ մը Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիրներ, առաջնորդութեամբ Ճան Հայրապետեանի, նմանապէս դատապարտեցին Օզի յայտարարութիւնները։
Նշենք, որ Օզ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտերիմ թուրք քաղաքական գործիչ մըն է, որ բացայայտ կերպով կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շրջան մը նոյնիսկ թրքական բանակին մէջ ծառայած է:
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 2022ին տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւններուն ընթացքին, իր գլխաւորած համախմբումին ջանքերով, կրցած էր Օզը դուրս պահել Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտէն: Նշեալ համախմբումին մաս կը կազմէին յունական, հրէական, քրտական եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններ։ Հայ Դատը բացայայտեց Անգարայի հետ Օզի սերտ եւ կասկածելի կապերը, քաղաքական ծագումը եւ անհամապատասխանութիւնը՝ ամերիկեան քաղաքական մշակոյթին: Հայ Դատը նաեւ Օզի դէմ շարք մը բողոքի ցոյցեր իրականացուց:
