Հալէպի մեջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135ամեակի տօնակատարութիւնը
04 Փետրվար 2026 ՊԱՅՔԱՐ, ՆՈՒԻՐՈՒՄ, ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՇաբաթ, 31 Յունուարին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութեան 135ամեակի տօնակատարութիւնը։
Տօնակատարութեան ներկայ էին` Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեսն, Պատկան Մարմինի. Ազգ. Վարչութեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մարզական, բարեսիրական, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ ու երիտասարդներ։
Օրուան բեմավարը ձեռնարկը բաց յայտարարեց Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բիւրաւոր նահատակներուն։
Բացման խօսքով Մարինա Ասատուրեան ըսաւ. «135-ամեայ կազմակերպութիւնը պայքարի եւ նուիրումի ուղիով կերտուած կամքի ու հայրենիքի վերակերտման մարմնացումն է»։ Ան նկատել տուաւ, որ ժողովուրդի ծառայութեան առաքելութիւնը կը շարունակուի տարաբնոյթ պայմաններու մէջ։
Տօնակատարութեան գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու ելոյթով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի։ Երգչախումբի երգացանկի վերջին ստեղծագործութեան՝ «Արարատից Արագած»-ին երգչախմբային մշակումը կատարած էր խմբավարուհին։
Օրուան բեմավարներ` Աննա Պարսամեան եւ Համազասպ Շաքարեան, անդրադարձան ՀՅԴ.ի գաղափարաբանութեան եւ առաքելութեան։ Ապա, ներկաները վայելեցին Հայաստանէն ժամանած ազգային-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Սուրէն Աճեմեանի կատարումը։
Արինա Պօշկէզէնեան եւ Արփի Գրտանեան ասմունքեցին Յովհաննէս Շիրազի եւ Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւններէն համադրում մը։
Ասմունքին յաջորդեց Համազգայինի լարային քառեակի ելոյթը, որ կ՚ընդգրկէր յեղափոխական երգերու համադրում մը, երաժշտական մշակումով՝ Ժիրայր Րէիսեանի։
Օրուան բանախօս Զեփիւռ Է. Րէիսեան անդրադարձաւ Զարթօնքի շրջանին յաջորդող տարիներուն Դաշնակցութեան ծնունդ տուող պատճառներուն, հայ կեանքէն ներս անոր դերակատարութեան ու 135 տարիներու գաղափարական հիմքով պսակուած երթին՝ հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի։
Անդրադառնալով Հայաստանի քաղաքական կեանքի վերիվայրումներուն, ան ըսաւ. «Արցախի յանձնումէն ետք, վտանգուած է Հայաատանի գոյութիւնը՝ ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը։ Սասանուած են մեր անվտանգութիւնը, ազգային արժէքները եւ Հայաատան-Սփիւռք միասնութիւնը։ Տարածուած են հիասթափութիւնն ու պառակտումը հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ։ Ողջ հայութեան կը փորձեն պարտադրել անձնատուութիւն, շարունակական զիջումներ եւ ինքնութեան մաշում, թիրախաւորելով մեր ինքնութեան սիւները՝ հայ եկեղեցին, պատմութիւնը, ազգային խորհրդանիշերը, հայրենասիրութիւնն ու հաւաքական լինելիութեան գիտակցութիւնը, մոռացութեան կը տրուին Պաքուի մէջ կալանաւորուած հերոսները»: Այնուհետեւ յոյս յայտնեց, որ ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած հայութիւնը տէրը կը մնայ իր իրաւունքնեդուն ու կը կասեցնէ թաւալգլոր անկումը մեր հայրենիքին։
Անդրադառնալով սուրիահայութեան մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանի բարդ կացութեան, Րէիսեան ըսաւ. «Սուրիական համայնքը պատահական գոյութիւն մը չէ։ Ան պատմական փորձառութեան, կազմակերպուած կեանքի եւ համազգային նուիրումի արդիւնք է։ Տասնամեակներու բարդուած ջանքերով ու ծով զոհողութիւններով ստեղծուած են դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, մամուլ եւ միութենական ու կազմակերպական կառոյցներ։ Եկեղեցին, դպրոցը եւ ազգային կառոյցները ոչ միայն ծառայութիւններու դաշտ են, այլեւ՝ գոյութեան երաշխիք։
«Համայնքի նօսրացումով հանդերձ հրամայական է սուրիահայութեան կազմակերուածութիւնն ու գոյերթի պահպանումը։
Այս իսկ պատճառով իր հոգեւոր եւ աշխարհիկ թեւերով համայն հայութեան շարունակական հոգատարութեան առարկան դարձած է ան»։
Ընթերցուեցան այս առիթով ուղղուած շնորհաւորագրերը։
Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամով Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան ըսաւ. «Առաւել քան մէկ եւ քառորդ դար ծառայութեան կեանք մը, պայքարի կեանք մը, նուիրումի կեանք մըն է որ կը յիշատակուի այսօր։ Կեանք մը, որ ամբողջութեամբ ընծայուած է հայուն ու անոր արժէքներուն։ Պայքարի կեանք մը ընդդէմ անարդարութեան, իրաւազրկումի եւ բռնատիրութեան, ընդդէմ ընդհանրապէս անհոգութեան եւ կրաւորականութեան։ Պայքարի կեանք մը, որ ինքնին կու գայ պաշտպանելու այն բոլոր սրբութիւնները, որոնք հայու իրաւունքն են՝ հայրենիք, հող եւ ժառանգութիւն»։
«Այսօր մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք բոլոր մտաւորականներուն, տիտաններուն, նուիեալներուն, որոնք Դաշնակցութեան իտէալին հաւատարիմ մնալով նուիրեցին, աշխատանք տարին, ծառայեցին ու հայրենիք կերտեցին։ 135ամեակը հրաւէր մըն է բոլորիս միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած, համայնական գիտակցութեամբ նոյն նպատակին ծառայելու, տագնապելու, երկնելու եւ նպատակասլաց հայեացքով աշխատելու, որպէսզի հասնինք ՀՅԴ-ի ուրուագծած ժողովուրդի բարեկեցութեան, ազատութեան ու ամբողջական ու խաղաղ հայրենիքի կերտման գաղափարին»:
Ապա Մակար սրբազան շնորհաւորեց ՀՅԴ 135ամեակը եւ հանդիսութիւնը կազմակերպողներն ու յայտագրին մասնակիցները։
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։
Արփի Արապանեան
Եսթեր Կիւլտալեան
Գ









