Սփիւռքը պէտք է վերածուի ազգային նախաձեռնութեան կեդրոնի
04 Փետրվար 2026 ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի խօսքը ՀՅԴ 135ամեակի հանդիսութեան.Գերաշնո՛րհ Սրբազան Հայր, Սիրելի՛ հարենակիցներ, սիրելի՛ ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Հ․Յ․Դաշնակցութեան 135-ամեակը կը համախմբէ մեզ այսօր մեր պատմութեան վերջին ժամանակահատուածի ամենածանր պայմաններուն մէջ:
Համաշխարհային առումով, ներկայ իրավիճակը կը յատկանշուի գերտէրութիւններու՝ միջեւ աճող լարուածութեամբ եւ թշնամական յարաբերութիւններով : Այս իրավիճակը կը դրսեւորուի առեւտրային հակամարտութիւններով եւ ռազմական գործողութիւններով: Միջազգային իրաւունքը կը ոտնակոխուի իւրաքանչիւր օր: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, միջազգային դատարանները հեղինակազրկուած են եւ անկարող են պարտադրելու իրենց որոշումներն ու վճիռները: Տկար ազգերը դատապարտուած են պարտութեան եւ իրենց իրաւունքներու յափշտակման:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութեան մը մէջ, եւ միջազգային ուժերու հակադրութեան կիզակէտին է: Իշխող վարչախումբի արտաքին քաղաքականութեան ձեռնարկած արկածախնդրութիւնը կործանանար հետեւանքներու մատնած է երկիրը։
Այս համապատկերին մէջ հայ ժողովուրդը կ՚արձանագրէ իր պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջերը.
Արցախի յանձնումէն ետք՝ ՀՀ Վարչապետ Փաշինեան կը շարունակէ իր ապազգային, յանձնուողական քաղաքականութիւնը, սպասարկելով թուրք-ազրպէյճանական շահերը։
2025-թուականը յատկանշուեցաւ՝ TRIPP-ի ծրագրի որպէս հետեւանք Հայաստանի ինքնիշխանութեան նուազումով, Հայ Եկեղեցւոյ դէմ Փաշինեանի ծաւալած հալածանքով եւ մեր ինքնութեան, պատմութեան եւ արժէքներու դէմ բուռն յարձակումներով:
Գործող իշխանութիւնները չվարանեցան հարցականի ենթարկելու Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը: Դարձեալ կեղծ հակասութիւններով հայոց պատմութիւնը վերածեցին Հայաստանի պատմութեան։
Հակադրեցին պետութիւնը՝ ազգ եւ ժողովուրդ հասկացողութիւններուն։ Ներկայացան որպէս Հայաստանի միայն այսօրուան սահմաններուն մէջ ապրող հայութեան կառավարութիւն՝ անջատելով ամէն կապ հայկական կազմակերպուած սփիւռքին հետ։ իշխանութիւնները քարոզչական եւ քաղաքական այս բոլոր քայլերով կը պատրաստուին ենթարկուիլ Ազրպէյճանական ճնշումներուն, փոխել սահմանադրութիւնը եւ Անկախութեան հռչակագիրի հետ սահմանադրական կապը վերացնել։
Իբրեւ այս մութ պատկերի ամբողջացում՝ կարելի չէ շրջանցել նաեւ այն աւերը, որ այս վարչախումբը այս 7,5 տարիներու ընթացքին կատարեց՝ ժողովրդավարութեան, իրաւական պետութեան կայացման եւ ընդհանրապէս սահմանադրական կարգի հիմքերը քանդելու առումով: Այսօր Հայաստանի մէջ կան տասնեակ քաղբանտարկեալներ եւ համատարած են ապօրինի գաղտնալսումները, քաղաքական բնոյթի հալածանքներն ու հետապնդումները:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է անձիշխանութիւն եւ զայն սպասարկող ոստիկանապետութիւն:
Բոլորին ծանօթ են սկզբունքային այն հակադիր համոզումները, որոնք կը բնորոշեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Հայաստանի Իշխանութիւնը։ Այստեղ անոնք մէկ առ մէկ մանրամասնելը ժամանակի կորուստ եւ միեւնոյն ժամանակ շռայլութիւն պիտի ըլլար Իշխանութեան հասցէին։
Այնուամենայնիւ արձանագրենք որ՝ Հ․Յ․Դ․-ի համար ՀՀ իշխանութիւններու քարոզած Խաղաղութիւնը գերեզմանային խաղաղութիւն է: Այո, խաղաղութեան այլընտրանք չկայ, բայց խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ խաղաղութիւն։ Չկայ ուժեղ բանակ եւ հզօր պետութիւն չկայ խաղաղութիւն:
Սիրելի՛ ներկաներ,
Արձանագրենք որ հայ ժողովուրդը կանգնած է խնդիրներու առջեւ, որոնց զգալի մասը ենթակայ է լուծումի՝առաւելապէս պետական եւ ռազմական միջոցներու ու պաշտօնական դիւանագիտութեան շնորհիւ:
Հրաշք լուծումներ չկան. հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ հզօր ազգային պետութեան կերտումն է միակ գրաւականը:
Այս ամբողջ ընթացքը կասեցնելու առիթը յառաջիկայ Յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններն են։ Ընդդիմադիր ազգային ուժերու յաղթանակը կրնայ կասեցնել այս գահավէժ ընթացքը։ Խորհրդարանական ընտրութիւնները առիթ են պետութիւնը վերստին ազգային ուժերուն յանձնելու եւ անկէ ետք սկսելու ազգային, զարգացած, հզօր պետութեան կառուցումը։
Քաղաքական եւ ընկերատնտեսական առումով ո՞րն է մեր առաջարկած այլընտրանքը՝
1. Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ վերականգնել մեր ժողովուրդի ներազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը:
2. Վերականգնել զինուած ուժերու մարտունակութիւնն ու անվտանգութեան համակարգերու արդիւնաւէտութիւնը։
3. Որպէս ինքնիշխան պետութիւն բոլոր կողմերուն հետ հաստատել փոխշահաւէտ ու բարի դրացիական յարաբերութիւններ, բացառել Հայաստանի վերածումը արտաքին ուժերու բախման թատերաբեմի եւ վարել հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն։
4. Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը իրականացնել կողմերու օրինական շահերու յարգմամբ։ Իբրեւ նախապայման առաջադրել ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրս բերումը, բոլոր ռազմագերիներու վերադարձը եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։ Մինչեւ Արցախի հարցի վերջնական կարգաւորումը, արցախահայերու իրաւունքներու հարցը պահել միջազգային օրակարգի վրայ:
5. Հետապնդել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործը։
6. Հայաստանի մէջ հաստատել ժողովուրդի իրական իշխանութիւնը եւ վերականգնել երկրի սահմանադրական կարգը։
7. Երկրին մէջ աղքատութիւնը կրճատել: Ներդնել նուազագոյն աշխատավարձի եւ կենսաթոշակի յարաչափական (indexing) համակարգ, որուն պայմաններով նուազագոյն աշխատավարձն ու թոշակը պիտի բարձրանան առնուազն սղաճի եւ դրամի արժեզրկման համաչափութեամբ։ Նուազագոյն աշխատավարձն ու թոշակները չեն կրնար աւելի ցած ըլլալ, քան նուազագոյն ընկերային զամբիւղը։
8. Խթանել տեղական արտադրութիւնը, պաշտպանել ներդրումները, ստեղծել հարկային արդար դաշտ, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու հարկային բեռը թեթեւացնել եւ զարգացնել բարձր արհեստագիտական տնտեսութիւնը։
9. Արդիականացնել կրթական համակարգը, սերտացնել դպրոցներու ու համալսարաններու կապը արդի աշխատաշուկային հետ։ Հասնիլ բարձրագոյն կրթութեան ամբողջական պետական ֆինանսաւորման:
10. Ներդնել համապարփակ ապահովագրութիւն, վերազինել մարզերու բժշկական կեդրոնները եւ պետականօրէն երաշխաւորել բժշկութիւնը եւ դեղորայքի մատչելիութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն համար։
Սիրելի՛ բարեկամներ՝
Այս համապատկերին մէջ, հայկական աշխարհի արմատական ցնցումներուն դիմաց, ազգի իւրաքանչիւր հատուած կը գտնուի իր պատմական պատասխանատուութեան առջեւ։ Ոչ ոք իրաւունք ունի լռելու։ Ոչ ոք իրաւունք ունի ընկրկելու։ Դիմադրելը կը դառնայ բացարձակ ազգային պատասխանատուութիւն։
Հայ քաղաքական, եկեղեցական, միութենական, հաւաքական կամ անհատ ուժերը, մէկդի ձգելով հատուածական շահերը եւ վնասակար զգուշաւորութիւնը, պէտք է միանան եւ համարձակութեամբ գործեն, յանուն հայկական արժէքներու, հայ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան եւ հայ տեսակի պահպանման:
Եւ ճիշդ այս օրհասական պահուն է, որ Սփիւռքի դերը կը ստանայ իր ամբողջական ռազմավարական տարողութիւնը։ Որովհետեւ այսօր հայկական Սփիւռքը հանդիսատես պէտք չէ ըլլայ։ Սփիւռքը ազգի էական բաղադրիչն է, ռազմավարական այն ուժը, որ կոչուած է լիովին ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը հայկական շահերու պաշտպանութեան եւ մեր հաւաքական ապագայի փրկութեան գործին մէջ։
Սփիւռքը անքակտելիօրէն կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագրին։ Հայկական պետութեան եւ Սփիւռքի ճակատագիրը մէկ է։ Զանոնք կարելի չէ անջատել։ Այդ իսկ պատճառով Սփիւռքի առաքելութիւնը կը մնայ յստակ. հզօրացնել Սփիւռքը, բայց նաեւ՝ փրկել հայկական պետութիւնը, ամրապնդել անոր անվտանգութիւնը, պաշտպանել անոր կենսական շահերը։ Սատարել անոր քաղաքական, տնտեսական եւ բարոյական դիմադրողականութեան։ Որովհետեւ տկարացած կամ ապազգային պետութիւնը վտանգի տակ կը դնէ ամբողջ ազգը, ներառեալ՝ Սփիւռքը։
Հայաստանի կառավարութեան նահանջներուն դիմաց, Սփիւռքը չի կրնար լուռ մնալ։ Ան պէտք է վերածուի ազգային նախաձեռնութեան կեդրոնի։
Երբ Ն. Փաշինեանի իշխանութիւնը կը նսեմացնէ Ցեղասպանութեան նշանակութիւնը, Սփիւռքը պէտք է ոտքի կանգնի եւ մղէ արդարութեան պայքարը։ Երբ հայկական պետութիւնը կը լռէ գերիներու հարցով, Սփիւռքը պէտք է խօսի եւ պահանջէ անոնց ազատ արձակումը։ Երբ ներկայ իշխանութիւնը կը հրաժարի Արցախէն, Սփիւռքը պէտք է պնդէ վերադարձի իրաւունքը։ Երբ Ն. Փաշինեանը կը յարձակի մեր խորհրդանիշերուն վրայ, երբ կը համարձակի ձեռք տալ Արարատին՝ Սփիւռքը պէտք է կանգնի եւ պաշտպանէ հայկական ինքնութիւնը։ Երբ Ն. Փաշինեանը կը փորձէ քանդել հայ եկեղեցին՝ բոլորս պատնէշ կազմած պէտք է համախմբուինք մեր եկեղեցւոյ շուրջ եւ մեր ամբողջ կարողութիւններով պաշտպանենք զայն:
Հակառակ խոր յուսախաբութիւններուն, հակառակ կուտակուած դառնութեան, որ ստեղծուած է Հայաստանի իշխանութեան կողմէ, եւ երբեմն Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդի մէկ հատուածի ընկրկած կեցուածքին պատճառաւ, Սփիւռքի պատասխանը չի կրնար ըլլալ մեկուսացումը կամ անտարբերութիւնը, որովհետեւ Սփիւռքի Հայաստանէն հեռացումը յաղթանակ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար, յաղթանակ՝ Ն. Փաշինեանի համար։
Մեր պատասխանը պէտք է ըլլայ հակառակը։ Հզօրացնել մեր կապերը Հայաստանի ազգային ուժերուն հետ։ Օժանդակել այն ուժերուն, որոնք դէմ են զիջումներու եւ յանձնուողականութեան քաղաքականութեան։
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այս բոլորը իրագործելու համար հայութեան առջեւ կը ծառանան բացմաթիւ հարցեր: Որպէս ժողովուրդի ծոցէն ծնած կուսակցութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ալ դէմ յանդիման կը գտնուի զանազան մարտահրաւէրներու, որոնք պէտք է անյապաղ դառնան մեր աշխատանքներու խնդրոյ առարկան։
Վերջին տարիներուն դժուար օրեր ապրեցաւ մեր կուսակցութիւնը, կորսնցուցինք մեր հայրենիքին մէկ մասը, կորսնցուցինք մեր ընկերները։ Այսօր ընկերներ ունինք Ազրպէյճանի ու ամենացաւալին Հայաստանի բանտերուն մէջ:
Աւելին, որպէս հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող քաղաքական հիմնական ուժ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ կը տարուի մոլեգին պայքար: Նպատակը մէկ է՝ տկարացնել կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածմութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ, հեռացնել համակիրները կուսակցութենէն, խախտել մեր ինքնավստահութիւնը:
Իր պատմութեան ընթացքին՝ Օսմանեան կայսրութենէն ցարական Ռուսիա եւ պոլշեւիկեան վարչակարգ, տեւաբար հալածուած այս կուսակցութիւնը, սփիւռքի մէջ գաղտնի սպասարկութիւններու եւ գործակալներու դաւադրութեանց ենթակայ Դաշնակցութիւնը՝ ապրած է, անվհատ կերպով գործած է եւ պայքարը շարունակած:
Կը յայտարարենք, որ շնորհիւ մեր կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, այսօր նաեւ այդ փորձերը դատապարտուած են կատարեալ ձախողութեան:
Դաշնակցութիւնը մէկ ամբողջութիւն է: Չկայ Հայաստանի Դաշնակցութիւն եւ սփիւռքի Դաշնակցութիւն: Կայ միայն մէկ Դաշնակցութիւն:
Քաղաքական առումով՝ հակառակ Հաստանի իշխանութիւններու ստեղծած խոչընդոտներուն, սփիւռքի մէջ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով եւ արհեստավարժ մօտեցումով:
Պիտի սատարենք սփիւռքի տարածքին մեր ինքնութեան պահպանման, մեր դպրոցներու հզօրացման, մեր մշակութային, բարեսիրական ու մարզական ուղեկից միութիւններու ամրապնդման:
Մեր աշխատելաոճին մէջ յաւելեալ թափ պիտի տանք արդիականացման:
Պիտի աշխատինք հզօրացնելու մեր կազմակերպական ցանցը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի տարածքին: Պիտի պատրաստենք մարտունակ երիտասարդութիւն եւ նորարական ծրագիրներով պիտի համախմբենք զանոնք մեր նպատակներուն շուրջ:
Սիրելի՛ Աւստրալիահայեր՝
Քանի մը օր առաջ, հպարտութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ, այցելեցի Աւստրալիոյ Համազգայինի «Արշակ եւ ՍոՖի Գօլստըն» Ճեմարանը, ուր ականատես եղայ հայեցի կրթութեան նուիրական աշխատանքին: Այս հաստատութիւնը պարզապէս դպրոց չէ, այլ ազգային ոգիի դարբնոց, ուր կը թրծուի մեր նոր սերունդին հայկական ինքնութիւնը: Համայնքի ներդրումը այս կրթօճախին մէջ իսկական ռազմավարական ձեռքբերում է՝ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ հայ լեզուն եւ մշակոյթը վառ պահելու համար: Կը հեռանամ այստեղէն լաւատեսութեամբ, համոզուած ըլլալով, որ նման կառոյցներն են մեր հաւաքական գոյութեան ամուր կռուանները:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր նուիրեալներուն, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի անփոխարինելի դերին:
Այս առիթով կ՚ուզեմ նաեւ յատուկ ողջունել Աւստրալիոյ հայ գաղութի օրինակելի միասնականութիւնը։ Ձեր համախմբուածութիւնը եւ միակամ գործելու ոգին՝ ազգային բոլոր բնագաւառներէն ներս, մեր յաջողութեան գլխաւոր գրաւականն է։
Սիրելի՛ ներկաներ՝
Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, որ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար իւրաքանչիւրէս կը սպասուի հաւատք, գիտելիք եւ հետեւողական աշխատանք։
Երկարաժամկէտ առումով՝ Հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնն է, որ պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական հնարաւորութիւններ, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու:
Վճռական այս պահուն կարելի չէ լռել, կարելի չէ անտարբեր մնալ, կարելի չէ ձեռնածալ մնալ, կարելի չէ համակերպիլ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 135-ամեայ իր փորձառութեամբ, իր առաւելագոյնը ի սպաս պիտի դնէ համահայկական վերելքի նախապայմաններու ստեղծումին եւ իրագործման։
Օ՛ն յառաջ աշխատանքի։
Օ՛ն յառաջ պայքարի:
Կեցցէ՛ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը:
Կեցցէ՛ Աւստրալիոյ Հայ Համայնքը:
Կեցցէ՛ համայն հայութիւնն ու յաւերժական Հայաստանը:
Փետրուար 1 2026, Սիտնեյ
